Tuesday, October 23, 2007

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ: Սիրոյ Եղանակներ

Անձրեւներ եղան
որ կաթեցան
մեր ծարաւ բարձերուն
առանց ժամադրութեան։

Արցունքդ սեղմած այտիս
գրկեցինք ձմեռները մեր,
աղը լուծուած անձրեւին,
սէրը՝ պանդուխտ բաժանումին...

Համբուրեցի քեզ
գարնան կանաչ
բանաստեղծութեանց դողին,
բայց աշնան դեղին տերեւներու
նախանձէն ետք,
սպասեցի երկար կուրծքերուդ շոգ ամրան...

Վերջին անգամ քեզ գրկեցի
որ գէթ՝
թարթիչներուս հովանոցին տակ
մեզ անձրեւէն փրկեմ...


Copyright Vahakn Karakachian. Used here by kind permission of the author.

No comments: