Friday, December 21, 2007

Փանոս Ճերանեան: Անդրադարձ...

Երբ դուն լսես
Անապատի տաք շրթներուն քու անունդ աւազէ,
Երբ իմանաս,
Թէ արձանին մէջ տրոփող ժամանակը քու սիրտդ է,
Գուցէ յանկարծ անդրադառնաս,
Թէ անքթիթ աչքերուդ մէջ՝
Տուներ կային դուռ-դրացի,
Թէ քարացած շրթունքներուդ լռութեան մէջ՝
Սրտեր կային,
Բամբասանքն իր կիներն ունէր՝
խօսքերու տաք թոնիրին շուրջ բոլորուած.
Ու ձմեռը,
Իր դողացող մատներուն մէջ սեղմած քամին,
Պատուհանէ պատուհան՝
Կուգար երգեր յօրինելու,
Եւ յուզումի յորդ կաթիլներ անձրեւելէն
Կը հեռանար։

Ու փողոցի դուռ-դրացի տուներն ի վեր
կը վազէր,
Միջօրէին արեգակը բերելու...

Այն ատեն մենք
Փոքր էինք՝ մեր անսահման ստուերներուն
յանձնուած.
Կեանքն իր երգը կը գրէր ափերուն մէջ փոքրերուն
Ու տարագիրն իր ճանապարհը չունէր...

Օ՜, իմ անցեալ,
Ըսէ՛,
Ինչպէ՞ս վերադառնամ ես հիմա,
Այն փողոցին մտերմութեան եռուն,
Երբ աչքերէս ապակիներ փշուր-փշուր կը թափին
Քաղաքի մը չվերջացող մայթերուն...


Copyright Panos Jeranian
Փանոս Ճերանեան, Ի Լուր... (բանաստեղծութիւններ), Տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս-Լիբանան, 1999

No comments: