Friday, February 08, 2008

Տիգրան Գաբոյեան: Տեսակ Թափ

///////Տեսակ/////
,,,,,Թափ,,,,,
Եւ 
.

ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ







Արի պայուսակս
եւ ընտրեցի խմբակ մը

թեքերումի



Ինչքան տարբեր են մարդիկ

Ամբոխին մէջ
Տունէս անդին
օտար քաղաքներու ընթացքին հետ




Գտայ
անզէն բջիջներուս համով
շարժումներ
չկերտուած դէմքերու
Բնազդը ինքնակոչ
Սնուած է արդէն
Տեսակով մը
Անձայն դարի մը համար
Եւ
Ուտեստեղէնի





Հաստ ու կլոր ոտքերը
Նոյն գոյնը դէմքի
Հայկական
Թրքական
Տեսականիի միախառնութեամբ
Կը սառեցնեն առատը թափի
Եւ եւրոպացիի ընկերաբանութեամբ
Կը լուացուին







Արի պայուսակս
ու
քալեցի
փողոցի մը մէջ
Ուր պատերը մօտ են ամպերու պէս
յուսալով թէ
թախիծը պիտի մաղուի հիմա
ժխորի զարանցանքէն
Աստ
Կը ննջէ երազը
Ազգագրական խտացմամբ
Իբրեւ համատարած
Նոր տարուայ ծառ ու հոգի


Զրոյցը
ընկերութեան շերտացող
Ու երաժըշտութեան սիրտը
Տեսակի կշռոյթը կրծող

Զմրսած են եւ իմ ապագան





Հեռացայ հաստ ոտնաթաթէն
Ու
Մազի գոյնէն սիրելի





Առի պայուսակս
բեղուն նկարներով
Տեսակաւորման


Եւ քիչ ետք շպրտեցի զայն
Մայթի երեսին

No comments: