Wednesday, December 09, 2009

Թորոս Ազատեան։ Լռող Դաշնակին

Ըստեղներուդ տակ, լուռ, կը քընանան
Խորհուրդներ, իղձեր, երգեր դիւթական,
Ներշնչումով լի, կարգի կը սպասեն
Հոգիներ վըսեմ…։ Լըռութեան խորէն

Ի՜նչ փոթորիկներ, ի՜նչ վառ երազներ,
Ի՜նչ ցանկութիւններ ու վիշտեր անհուն,
Երաժշտութեան մէջ հիւծող կեանքերու
Ցօ՛ղը կ՛աղերսեն, ցօղը կենսաբեր…։

Կ՛ուզես որ ըստէպ մատներ ըզգայուն
Ըստեղներէդ դուրս լուս-աշխարհ բերեն
Յոյզեր անկորուստ, անոնց կըրակէն
Վառեն հոգիներ, կե՛անք տան սըրտերուն…։

Սիրահար մ՛ինչպէս, կարօտն ունիս միշտ
Գըգւոտ մատներուն քնքուշ հըպումին,
Նոր ապրումներուն տենչով մոլեգին՝
Վանելու քեզմէ տառապանքն ու վիշտ…։

1934

ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941

No comments: