Monday, September 22, 2014

Կարօ Արմենեան։ կոպերուդ տակ տխրութիւնն է

կոպերուդ տակ տխրութիւնն է
չկրկնուող անուրջներուն
շշունչն անոր որ կը յառնէ
մահաքունէդ քու հնօրեայ
որ կը հպի ու նոյնհետայն
կը չքանայ ու կ՚անհետի
թողլով ետին համն այս աղու
մարմինէդ ներս այս անըզգայ

լերան ետին երկինք մը կայ
գետէն անդին երկիր մը նոր
կարօտի թևն այս կ՚երկարի
դէպի ոստանն իր նախահօր
նախահայրերդ անհետացան
մոռցնելով յետին սպին
եկան մարդեր հիմ փորեցին
քու հողերուդ պորտին վրայ
քու ջուրերդ փոխեցին հուն
ու լեցուցին ձորերդ ամէն
վերջին մատուռն ընկղմեցաւ
որպէս անյոյզ անյայտ եղեռն

քու մարմինդ հիմա կ՚ապրի
իր դժնդակ ու նոր կեանքով
կ՚ապրի առանց նախազգալու
առանց վճիտ գիտակցութեան
անարգաւանդ ապրումն ես դուն
քու բնոյթէդ ընդմիշտ խլուած
քու խորհուրդէդ լքուած ընդմիշտ
քու էութեամբ անընտանի
ափերուդ մէջ գիծեր կան դեռ
հետքեր կեանքի խորհրդաւոր
քեզ կը կանչեն ձայներ մեծղի
քեզ կը տանջեն վէրքեր բոսոր

եւ դուն կ՚ապրիս դուն միշտ կ՚ապրիս
առանց երբեք ընկրկելու
առանց երբեք յագենալու
առանց երբեք կամենալու
կ՚ապրիս գողուն ու զոյգ կեանքով
պարտաւորուած ամէն մէկուն
ու Պետրոսէն գողցած լումադ
վճար տալով քու Պօղոսիդ
յետոյ նորէն փոխ առնելով
տասնապատիկ հատուցելով
կ՚ապրիս յաւերժ անարգ կեանքով
գրաւ դրած քու ցնցոտիդ


կոպերուդ տակ յոգնութիւնն է
քու աներազ գոյակարգիդ
քու յուշերուդ ամուլ շղթան
քու յոյսերուդ մութ փակուղին
հեռուներէն կանցնի ճամբան
մեծահանդէս գինարբուքին
լսողութիւնն այս խժալուր
քեզ կը ձգէ ամէն անգամ
կը հաւատաս արշալոյսին
կը կախարդէ քեզ լուսընկան
յետոյ նորէն կը կծկուիս
կը յանձնուիս մահաքունիդ


Կարօ Արմենեան
Օգոստոս 25, 2013
Մըքլէյն







No comments: