Thursday, April 23, 2015

Դանիէլ Վարուժան։ Հերկեր


Հօ՛, հռօ´ հռօ´ հռօ՛.- հողին տակ հըռընդիւնն է արօրին`
Լուրթ մշուշին մեջ առտուան, կողին վրայ բըլուրին
Կ՛երթան եզները հուժկու` զանգակներով դաշնաւոր,
Ու մսուրին վերջին յարդը կ՛որոճան գլխիկոր:

Սարին ուսէն ծըլացող արևն ահա կը ծագի
Ու մշակին ճակտին վրայ կը դնէ համբոյրը ոսկի:
Մարդը կ՛երթայ երգելով` մաճն ափին մեջ պընդաջիղ,
Ու իր ճամբան կը գըծէ իր հոգիին պէս ուղիղ:

Հօ՛, հռօ´ հռօ´ հռօ.- Ակօսները կը բացուին մըխալով,
Եւ կը դիզուին արգաւանդ հողակոշտերն իրար քով:
Մէկ ծագէն միւսն յուլորէն կը սողայ խոփը պողպատ,
Կը հեղեղէ հերկերուն մէջ իր լոյսերը արծաթ:

Իր տակ ճըմլըւած, կարեվէր, կը գալարուի յոյր ճըճին,
Կ՛ահաբեկին խըլուրդներ իրենց խուղին մէջ մթին:
Բունծերն ահա կ՛ոռոգուին մերթ օձերու արիւնով,
Զոր ըսպաննած է արօրն անոնց գլուխէն անցնելով:

Արևն արդէն կը հոսէ իր երակներն հրածորան
Ակօսներուն նորաբաց արգանդի մեջ հոտևան:
Հօ՛, հռօ´ հռօ´ հռօ.- Անդաստանն է կորդացած այս տարի,
Բայց հերկերուն շարքն արդէն անհունօրէն կ՛երկարի:

Եզները յաղթ թափ կուտան, դողացնելով մերթ ընդ մերթ`
Սուր խըթանէն` ըստևներն իրենց փորին լուսաշերտ:
Ի´նչ փույթ թէ ճղուղն արօրին խութին դէմ յա´նկարծ կուլայ,
Եւ կը ծորի մըշակին քիրտը ամէն գուղձի վրայ:

Դեռ սուրբ կոչնակը գիւղին՝ սարին ետև չըհընչած`
Բըլուրին կողը ամբողջ պիտի ըլլայ թխացած,
Եւ պիտի լայն ակօսները շար ի շար աւարտին`
Օծուած շաղովն իրիկուան, շողիքներովն հարկիքին…

Այն ատեն, երբ արտին ծայրն հասած, ճիգով մը դողդոջ,
Տղմուտ արօրն հողին մէջ յանկարծ կասի, - Մշակը խոնջ
Պիտի խորհի անկասկած – յանու՛ն վաղուան հունձքերուն,
Թէ կարասի´ մ’ոսկելից կառչեր է խոփը իսկոյն:

«Հացին երգը»

No comments: