Saturday, August 29, 2015

Գիրք մը, հեղինակ մը՝ Եդուարդ Պօյաճեան: Դուն

Սիրով կը ներկայացնենք ԹՈՒՂԹ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ
ԵՒ ՔՆՆԱԴԱՏԻՆ...որը առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսած է այս հատորին մէջ։

ԹՈՒՂԹ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ
ԵՒ ՔՆՆԱԴԱՏԻՆ...

Թիւ աոաջին ահըս ես դուն
Տգէտ, գիտուն,
Ո՜վ ընթերցող՝
Ընթերցուածը ընդմիշտ եղծո՛ղ։
Նստած տեղէս, հեոու տեղէս, իմ անկիւնէս՝
Կը տեսնեմ քեզ.
Մարդ ես դուն պաղ, մարդ ես անկէզ:
Աոջեւդ գիրք, աչքիդ ակնոց՝ դուն կը կարդաս։
Գորշ գոյն աոած,
Խելացութեամբ կարծես զինուած՝
Գրքին աոջեւ դուն իբրեւ թէ

Կը մտմտաս։

Յայտնի է թէ՝
Ընթերցումիդ կէսը կեղծ է։
Ցուցադրման փորձ է մտքի
Աոանց ճիգի։
Կը ժպտիս մերթ, մերթ կը տխրիս.
Անհասկացող՝
Անպէ՛տ տեղը կը դժգոհիս.
Անվերահաս՝
Անպէ՛տ տեղը կը բարկանաս։
Մտաբոպիկ, խղնաբոպիկ, խե՜ղճ ընթերցող,
Յայտնի չէ թէ
Այդ ընթերցմամբ գիրքըդ եթէ նոյնիսկ ցնցող՝
Քեզ արուեստի ճաշակին մէջ պիտի կրթէ՞։ 
Միթէմիթէ յայտնի՞ է թէ՝
Խորունկ գրքիդ անխոր երբոր տեղը հասած՝ 
Ինչո՛ւ իսկոյն դուն տարօրէն կը զմայլիս։

*   *   *
Գրքիդ աոջեւ նստած այդպէս՝ խելօ՜ք - խելօ՜ք,
Կ՚ուզես թուիլ դուն ինքզինքիդ եւ ուրիշին՝
Անձ լրջադէմ եւ մտահոգ։
Կ՚ուգես թուիլ
Բարձր կեանքով ու արուեստով դուն վարակուած։
Հապճեպօրէն քանի մը էջ հազիւ տեսած՝ 
Արդէ՜ն արդէ՜ն իմաստնացա՛ծ:
Թուիլ գէշ է, 
Թուիլ լուրջ չէ, 
Սեւ անուրջ է,
Իմացական աղքատ քու՛րջ է։ 
Հարկ չէ թուիլ,

Հարկ է ըլլալ։
Ճիգ ընել խոր, բազմապատիկ,
Մեծ բաներուն, աստուածներո՚ւն ըլլալ մօտիկ։
Գրքին առջեւ նա՛մանաւանդ ըլլալ լուրջ մարդ
Ագնիւ, հպարտ։

*   *   *

Ո՜վ ընթերցող,
Գրքին միայն բա՛ռը ծամող,
Իմաստը բայց մերժող, թքնող,
Դուն փոքրիկ անձ՝ լոկ ժամանցող՝
Պահ մը գիրքդ մէկդի հրէ,
Եւ խելօքիկ մտիկ ըրէ։

*   *   *

Չնչին անձերու իբրեւ շատ հին ծէս,
Ծոծրակ քերելով, յօնք պռստելով դուն կը մտածես։
«Ես՝ մարդ խելացի,
«Գիրք բերին ինծի եւ չմերժեցի,
«Գուցէ գէշ ըրի, բայց ա՛լ գնեցի,
«Ա՛լ վճարեցի.
«Բարի ըլլալուս եւ այնքա՜ն բարի՝
«Մէկդի չդրի,
« Նոյնիսկ կարդացի՛:
«Խեղճ մարդ մը անշուշտ գրեր է խեղն բան,
«Պէ՚տք է դրամ տալ, գթա՜լ իր վրան։
«Դրամ շահելու ու բարձրանալու անշուշտ անատակ
««Սեղանին աոջեւ, պարապ, անճարակ՝
«Մրոտեր է էջ կէս-սուտ, կէսշիտակ։

«Բայց զարմանալի, ով որ չի՛ կարդար,
«Անո՜ւս է կ՚ըսեն ու խելքով տկար:
«Արդ պէտք է կարդալ
«Կամ այդպէ՛ս ցոյց տալ։
«Եւ յետոյ արդէն քունս չի տանիր, կուշտ ու կո՛ւռ կերայ ,
«Սա գիրքը կարդամ մինչեւ որ պարոն քունը աչքիս գայ։

*   *   *

Ու երբ կը կարդաս,
Կէս-քուն, կէս-արթուն կարծիքներ կու տաս
Տիար ընթերցող,
Ամէն ճաշէ ետք մրա՜փ մուրացող։ -
«Հոս լա՛ւ է գրեր,
«Շատ կանոնաւոր ու խելքի մօտիկ բաներ է ըսեր,
«Թէեւ կրնար դեռ սա բանն ալ ըսել,
«Միւսը չըսե՛լ։
«Հոս վնաս չունի,
«Թէեւ խօսքեր են անպէտ, անճոռնի,
«Չօճուխի յայտնի,
«Յամենայնդէպս
«Ո՛չ վայել բերնի»։
«Ու տեղ մը տարբեր,  շինած դէմք խոհեմ - 
«Բայց թող չկարծեն զիս անխելք եւ էշ,
«Ուրեմն ըսեմ՝
«էջե՜ր ալ ամբողջ գրեր է շատ գէշ»։

*   *   *

Գրքէ հեռու երբոր ըլլաս,
Դուն աւելի լուրջ կը խորհիս քան երբ կարդաս։
Գո՞րծ մը ունիս շուկայի մէջ կամ խանութի,
 Միտքդ կ՚եռայ ու կը յորդի.

Կ՚օժանդակէ, ներս կը խուժէ.
Խելքդ յայնժամ հզօր ուժ է եւ կը բուժէ։
Իսկ գիրք ունիս երբ ընթերցման, ինչո՞ւ արդեօք
Մտքերդ ամբողջ կ՚ելլեն-կ՚երթան հանդերձ ընտանեօք։

*   *   *

Դուն ինչ եւ է , լա՞ւ չես կարդար , խո՞ր չես կարդար ,
Դուն ի՜նչ եւ է, պա՛րդ ընթերցող,
Արուեստի մեծ սահմանէն ներս անչափ, անշող։
Չարիքդ քու կը հարուածէ զքեզ միայն.
Սակա՜յ ն , սակա՜յ ն,
Չարիքն այդ յար ընդհանրացնող, գերազանցող՝
Գրիչ շարժող քննադատին չարիքը կայ,
- Չարիք հսկա՚յ։

Կը թուի, թէ բան գործ ձգած,
Քննադատը ահա նստած՝
Կը վերլուծէ հեղինակէն
Տպուած խօսքը, ոճն ու հոգին։
Նման բաներ, խե՞նթ է , չ՚ըներ.
Ինչո՛ւ ընէ,
Ինչո՞ւ գիրքը, յետոյ ինքզինք՝ հարցաքննէ,
Միտքը հանդարտ ինչո՞ւ տանջէ։
Քիչ մ՚ընթերցում գրքին մէջէն, ասկէ-անկէ։
Ա՛լ չի խորհիրխորհա՞ծ էր որ -
Ա՛լ կը ծխէչէ՞ր ծխած որ -:



*   *   *

Գի՜րք վերլուծել...
Սակայն ինչո՞ւ տանջանք կրել,
Կարելի չէ՞ չկարդալով իսկ բան գրել

Գրքի մասին աոատ-աոատ կարծիք տպել։
Գրել այսպէս, գրել այնպէս,
Գրել առանց բան ըսելու, ըլլալ աղուէ՛ս։
Շատ-շատ, շատշատ,
Տող անջատել ընդհանուրէն քանի մը հատ,
Տանիլ գրքի իմաստներէն հեոու-հեոու,
Բզկտելու։
Շրջել գրքին շուրջը օտար մարդու նման, 
Չարախորհուրդ գողի նման։

*   *   *

Քննադատին գործն արուեստի՞.-
Գրքին մէջէն հայրենազուրկ ընել խօսքեր
Տեղահանել,
Օ՜, տարագրել,
Յետոյ յուշիկ, յետոյ քսու՝
Որբահաւա՜ք կագմակերպել,
Ու գրքէն դուրս խեղճուկ-որբուկ եղած խօսքին՝ 
Գրչի դանակ զարնել կուրծքին։

*   *   *

Քննադատին գործն արուեստի՞ հայերուս լքէջ .-
Գրքին համար խորթ մօր վարմունք գծել անվերջ։

*   *   *

Քննադատել։ -
Ըսել՝ լաւ է, հիանալի, գլուխ-գործոց,
Գրքին առջեւ չկարդացուած, նոյնիսկ դեռ գոց։

Քննադատի ըստ քմայքի՝
Բանալ ծորակ պաղ խօսքերու եւ կամ տաքի:
Ու միշտ այսպէս փուճ բառերու բաղնիքին մէջ
Իր խեղճ գրքով խեղճ հեղինակը լոգցնել 
Հիւանդացնել։

*   *   *

Եւ կամ, եւ կամ՝
Յաւէտ դժգոհ , յաւէտ չկամ՝
Միտքը փակել, սիրտը փակել,
Հին հաշիւի, հին ոխերու դուոը բանալ,
Յետո՚յ կարդալ։
Եւ այդպէս ալ,
Հանրութեան քով հոչակաւոր քննադատ մը իսկոյն դաոնալ
Եւ յոխորտալ։

*   *   *

Մեր ագգին մէջ գիրքով անշէջ՝ 
Ես կը վախնամ.
Ի՜նչ տխուր բան,
Քննադատներ կէս-բան սորված,
Չլրջացած,
Պիտի գրեն այսօր յօդուած,
Վաղը յօդուած։
Ցմա՛հ յօդուած:
Իրենք իրենց քէնը սերտած ու շարադրած,
Քսան տարի, քառսուն տարի՝
Պիտի յանձնեն գրքեր անթիւ տպարանի:
Վկայուած չեն բարձր-րարձր դպրոցներէ,
Արուեստի վեհ ճգնարանէ.
Վկայուած են ու տիտղոսուած՝
Զուտ անձնական, խմբակցական
Հիւանդաշունչ նկատումէ։ 
Այդպէս յաւէտ պիաի տպուին, տպուի՜ն անոնք,
Ընդդէմ գրքին, արուեստին դէմ իբրեւ կախ յօնք։

*   *   *

Կայ եւ սակայն դեո աւելին,
Դեռ սոսկալին,
Կայ եւ սակայն աղէտալին։-
Քննադատներ բոլորը մէկ 
Կ՚ուզեն ընել քեզ սրտաբեկ։
Չար ու փութկոտ՝
Գրքիդ հանդէպ կ՚ընեն պոյքոթ։ 
Ըսէ՛ք, ըսէ՛ք, քննադատնե՛ր,
Հաշիւով լի եւ ոխով լի,
Գրքերու դէմ դուք չէ՞ք դիմած
Քար լռութեան հաւաքական գործադուլի։

*   *   *

Հարկ է խորհիլ, չընել սակայն այսքան գանգատ,
Ունի՞նք արդէն խորահմուտ ու խորախոհ
Մենք քննադատ:
Ունի՞նք անհատ,
Քիչ անգամ գէթ գեղեցկագէտ,
Որ գրքիդ մէջ ու գրքիդ հետ,
Լոյսի մը պէս քալէ, երթ՜այ,
Խոհով, յոյզով, վերացումով՝
Հեոուն սուզուի։
Որ արուեստին դէմ մեղանչող

Գեղեցկութեան ոչ թէ աջով,
Ձախո՛վ գրուած գիրքը այրէ։
Եւ բարձրացնէ, վե՜ր բարձրացնէ,
Գիրքը միւս՝
Հանճարահիւս,
Նման կեանքի նուիրական ջինջ սկիհի։
Կա՞յ քննադատ՝ վերափոխուող քրմապետի,
Պատարագիչ քահանայի,
Որ գրքերու իր խորանէն,
Աղօթահունչ ձայն բարձրացնէ 
Ըսէ՛, ըսէ՛.-
«Արբէ՜ք ահա ի սմանէ՛...»։

*   *   *

Ընթերցողնե՚ր, քննադատնե՚ր 
Յոգնած մարդեր ու գո՜րշ մարդեր,
Դուք ո՞ր չափով, ո՞ր աստիճան 
Գիտէք գրքին խորունկ ճամբան:
Այո՛ անշուշտ, գիրք կը գնէք,
Այո՛ անշուշտ,  կը յօրինէք
Գրքի մասին նաեւ կարծիք,
Ամփոփ կամ ձիգ.
Ունի՞ք լոյսեր բայց բաւական,
Դուք թափանցման, դուք ճանաչման.
Ունի՞ք լոյսեր՝
Ձեր աչքին մէջ,
Ձեր մտքին մէջ,
Ձեր սրտին մէջ։
Եւ ունի՞ք դեռ
Իմաստութեան ծովու յատուկ մաքի կարթեր
Եւ ուռկաններ՝
Մութ վայրերէքաոսներէ լոյս որսացող, 
Տգեղ վայրէ՝ գեղեցկութիւն, 
Գերեգմանէ՝ կենդանութիւն։

*   *   *

Ըսէ՛ք, ըսէ՛ք,
Աստուա՜ծ սիրէք,
Ունկնդրութեան խոր վարժութիւն իրաւ ունի՞ք
Վա՞րժ էք ապա
Դուք արուեստին մեծ լրջութեան
Բարձրաստիճան բարկ ալքոլին:

*   *   *

Գեղեցկութեան ու խոր խոհի թէ սիրող էք, 
Հրամմեցէ՚ք,
Կրնա՛ք կարդալ բարձր գրքեր, եւ կարդացէ՛ք
Իսկ եթէ չէք ՝
Գիրք մի՛ տանջէք,
Ելէք, կեցէք, պտտեցէք, 
Զուարճացէք
Պորտ մեծցուցէք։



No comments: