Friday, April 29, 2016

Ինտրա։ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

5, 7.

Նորէն սեւ նոճեաց մօտ է սենեակս ու զեղուն՝
Մարգն ի վեր կանգնած մութ ամբոխին սըլացքով,
Ու ստուերովն ոմանց որ կ’ամբառնան որմիս քով,
Ու’ անոնց անպատում սօսաւիւնով ողողուն:
Նախկի՜ն հայեցմանցս ոլո՛րտն յաւէտ երկնագով,
Ուր ապրեր էր ստէպ հայրն երբեմնի այս տըղուն,
Եւ զոր կ’ընտրեմ վայր պաշտամունքի մը ղօղուն,
Հին խանդովն հիացիկ ու’ այժմու խոհուն խըռովքով.
Ո՜ բնավայրս, եկա՛յ, ծոցիդ շատ մօտ այս անգամ,
Քու մելամաղձիկ ըստուերիդ մէջ մշտդալար
Տրտում վերացմանդ խունկը շնչել վերըստին.
Քանզի հսկայից սրտին ես ցաւը կ’զգամ,
Ցորչափ կը մտածեմ թէ վէս հոգի թրթռալար՝
Ի՛նչ անժառանգեալ մ’եմ հեռանշոյլ Ճշմարտին:

26 Նոյ. 1905

«Նոճաստան»


No comments: