Showing posts with label Dzovig Garabedian. Show all posts
Showing posts with label Dzovig Garabedian. Show all posts

Sunday, February 28, 2016

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ։ Հոլանտա

Բացի սիրտս ու տեսայ, հոն կար ցաւ, մորմոք, կարօտ, արցունք… կամաց-կամաց հրելով տեղ պատրաստեցի նորերուն, հոն տեղաւորեցի՝ ափ մը ժպիտ, պտղունց մը յոյս, կաթիլ մը սէր ու երկու տող երաժշտութիւն:

Պիտի երգեմ կեանքը,

Պիտի պարեմ սէրը,

Պիտի խմեմ յոյսը,


Մինչեւ որ ցաւը ամչնալով կամքէն՝ երես դարձնելով հեռանայ ինձմէ:

Monday, January 11, 2016

Ծովիկ Կարապետեան։ ՈՐԲԱՑԱԾ ՑԱՒ

Պարապ սարապ, աննպատակ կը թափառէր Արմէնը անծանօթ, խորթ, անհարազատ փողոցի մը մէջ:

Տարբեր բնութիւն, այդքան ուրիշ որ քամին չէր փսփսար ականջին, թռչունները նոյնիսկ օտար վարդապետութիւն կը քարոզէին կարծես:

Արմէնը չէր ուզեր վերադառնալ արցունքի խոնաւ հոտով սենեակը, որ ունէր չորս վրան յարձակող պատեր, առաւել հինգերորդ պատը, որ իր եւ իր մէջ՝ որբացած ցաւերուն պատն էր:
Շարունակեց քալել. մոխրագոյն ճամբաները կամաց-կամաց կը սահէին ոտքին տակէն. յանկարծ տարածուեցաւ էութեան մէջ քթին եկած մեղրածաղիկի բուրմունքը, յափշտակելով զինք տարաւ ծիածանի գոյներու ճանապարհէն:

Քայլերը արագացան, ծանօթ, շատ ծանօթ էր այս թաղը, նեղ ու երկար:

Աջին նստած էր դերձակ Անդրանիկը, իր խանութին առջեւ, աչքին սեւ ակնոց, ձեռքը ասեղ ու թել, ձախին վարպետ Վարդանը նարտի կը խաղար Սերոբին հետ, ու մէկ կողմէն կ’ըմպէին սուրճերնին: Արմէնին ոտքերը աւելի արագացան… քիթին կու գար Պարղուտին համեղ կարկանդակներուն հոտը:

Արմէնը Հոգետունէն անցնելով հասաւ հօրենական բակը:

Աչքերը խոշոր-խոշոր կը փայլէին, ձեռքերը քրտնած, իսկ սիրտը կարծես ցատկելով դուրս գար ու մագլցէր մեծ հօրը ցանած թութի ծառին վրայ:

Արեգակի նման յայտնուեցաւ բամպակէ, կլոր դէմքով, խնձորիկ այտերով, մխիթարական ժպիտով՝ մայրը… մէջքին կապած գոգնոցով ու ձեռքերուն վրայ՝ խմորի մնացորդներ:

Հոս թռչունները հայերէն կ’երգէին:

Արմէն անմիջապէս գոցեց աչքերը, պահելու համար դրախտային վայրկեանները յաւիտեան. երբ բացաւ զանոնք… ցնդած էին կախարդական աստղերը:


Կրկին մոխրագոյն էին ճամբաները ու ինք հասած էր իր հինգ պատնոց, արեւուն տակ նեխած սենեակը. հետը բերած էր մօրը պատրաստած նարինջի պաղ օշարակը։

«Հայրէնիք», 10 յունուար 2016


Friday, December 18, 2015

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ։ Պարը

Կեանքի պարը պարեցի,
ձեռքերս էին հայկական նազանքով,
հայեացքս հպարտ ուղղուած դէպի վեր,
ժպիտ մը գծուած՝ զեղչուած, իսկ աչքերս արցունքով խեղդուած.
ոտքերս մերթ արեւելեան, մերթ արեւմտեան, շուարած.
հոգիս օտար էր այս պարին,
գաղթականին ճանկռտուած պարն էր պարեցի:


Տեն Հաակ

Լոյս տեսած Հայրէնիք շաբաթաթերթին մէջ 9 Դեկտ 2015 
Պոստոն ԱՄՆ

Thursday, December 17, 2015

ԾՈՎՒԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ: ԾԱՌՍ

Աշխարհը ծառերը զարդարեց։
Ծառս ու ես զիրար կը փնտռենք.

Տէն Հաակի շուկաներուն մէջ,
շուարած ոտքերով, խելառ, մոլոր աչքերով, ծառս կը փնտռեմ։

Ահա՛ այս է… գտայ…, մօտենալով դպայ իրեն, 
գլուխը վեր առնելով, հեգնանքով չափչփեց զիս. 
սխալաձ եմ, այս չէ, հեռացայ.
հեռուէն տեսայ աւելի համեստ ծառ մը, որ զիս կը կանչէր. նիհար, պզտիկ, խեղճ.
մօտեցայ, ակնարկ մը նետելով հեռացայ, ներէ ինծի, երբեք յարմար չես հայու նկարագրին։ 

Սկսայ երեւակայել ձառս։ 
Հաստարմատ, բարձրացօղուն, բազմաճիւղ, հպարտ, արի, մեղմ նայուածքով,
հոտաւէտ, դարերէ ի վեր չսասանող, հուժկու, խիզախ ծառս ո՞ւր ես։
Օտար հողի վրայ, անարմատ, անտէր, լացող, գաղթական, հօրենական, հայրենի ծառս կը փնտռեմ։
Տէն-Հաակ
Լոյս տեսած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ, 17 Դեկտ , 2015