Showing posts with label Heranoush Arshagian. Show all posts
Showing posts with label Heranoush Arshagian. Show all posts

Monday, May 19, 2008

Հերանուշ Արշակեան: Ըղձանք

Դաշնակ մը լոկ կ՚ուզէի,
Եւ սրահ մը կէս մթին,
Մատներըս
Այդ դաշնակը խօսեցընել գիտնային,
Ի՜նչ կ՛ըլլար։
Թո՛ղ դաշնակը մատներուս տակ հեծկլտա՜ր․
Մթնշաղին մէջ մի քով,
Պչրանքով,
Բարակ շող մը արևի,
Թելիկ մը ոսկի,
Սըպըրդէր
Պատէն վեր։
Դաշնակիս հետ իմ հյուզերս ալ խօսէին․
Ու անիկա թո՛ղ հեծէր,
Դողդոջէին, կարկամէին իմ մատներ,
Թո՛ղ իմ ցավէս անիկա ալ ազդըուէր։


Հերանուշ Արշակեան (1887-1905)