Showing posts with label Vrej Klendjian. Show all posts
Showing posts with label Vrej Klendjian. Show all posts

Monday, December 24, 2007

Վրէժ Գլընճեան։ Խօսք Նոր Գրիչիս

Ցոյց տուր հնարքդ տեսնեմ հիմա այս թերթ մը թուղթին,
Որ փորձաքարդ է անշուշտ, պիտի կրնա՞ս քանդակել
Հոն Քերթուած մը դաշնաւոր, որ խոհերուս սա մթին
Հանդիսանայ ապաւէն յոյսի ճրագ մը վայել...

Վաճառորդդ մինչ երէկ կը հիւսէր գովքդ ինծի,
Ու կը թուէր դրական յատկանիշներով անթիւ,
Անշուշտ անի չէր գիտէր, որ ճոխ տեսքէդ աւելի,
Կ՛որոնէի քու կոչման գիտակցութիւնը ազնիւ։

Ի՞նչ գրիչ ես դուն եթէ չտարփողես յարաժամ,
Խաղաղութեան եւ սիրոյ Աստուածատուր մեղեդին,
Եւ չդառնաս գոռ բողոք էնդդէմ վատին ու չարին։

Երանի թէ աշխարհի ողջ գրիչներն ապաժամ
Զղջումով մը խոր, անդարձ եւ անխափան որպէս ուխտ,
Առաջադրեն չաղարտել իրենց գիրով ո՛չ մէկ թուղթ...։


Copyright Vrej Klendjian. This poem has appeared in Volume 1 of Yert, the Syrian-Armenian Writers Association's annual publication and is used here by kind permission of the author.