Այն աստեղավառ Ծնունդին գիշեր
Ամպերէ ծաղիկ թափեր կը ձիւնէ,
Ինչպէս նշենին հովէն տարուբեր
Արփագոյն՝ լոյսէ աստղեր կը ձիւնէ:
Իմ մանուկ հոգիս, իմ հոգիս դեռ կոյս,
Ոհ, ի՜նչ ջերմեռանդ խանդով ըզմայլուն՝
Կաթոգին խնդրեց քեզմէ, ո՛վ Յիսուս,
Որ աստղ մ'ինձ ղրկես երկինքէդ փայլուն:
Այն խորհրդաւոր Ծնունդին գիշեր,
Ճաճանչի մը մէջ տեսայ ես Աստուած,
Սիրտը արիւնած, ճակատը փուշեր,
Թշուառ մարդկութեան երազին զոհուած,
Ծաղկատի հոգիս, հոգիս խանդավառ
Խնդրեց որ կեանքով օծես, ո՛վ Յիսուս,
Դուն որ մեր անհուն պատրանքը տեսար
Ոսկի սկիհը իմ երազներուս:
Հիմա ծնունդի գիշերն է խաւար
Ու Բեթղեհէմի աստղին տեղ արծաթ՝
Հորիզոնին մէջ կը շարժին երկար
Ծով անյուսութեան կուռ ամպեր երկաթ:
Բայց միշտ ջերմեռանդ՝ այլ հիւծուած հոգիս,
Կու գայ պաղատիլ քեզի, ո՛վ Յիսուս,
Զի շիջան աստղեր, երազներ կեանքիս,
Դուն ցօղէ ինծի նոր հաւատք, նոր յոյս: