Հայ Բանաստեղծութեան Համացանցը։ Projet de Poésie Arménienne
Sunday, May 04, 2008
Մանուկ Մանուկեան։ Զեղում
Ամէն անգամ երբ պատուհանիդ առջեւէն, որբի հոգիս կը լեցուի ու կը լայննայ, կը յորդի երանութեամբ մը ոսկի, հպարտութեամբ մը բարի, ու փոխուելով ան կ՛ըլլայ շքեղ դղեակ մը նորէն։
No comments:
Post a Comment