Գարնան ջինջ շունչը լեցուն պարտէզ, ճամբայ ու անդեր,
Ու բողբոջները բոլոր պատռեցան ինչպէս վարդեր
Ու յորձանքով պայթեցան ծիլ, շաքիլ, ճիւղ ու ծղօտ:
Ահա քնքուշ ու դեղին հրանուկներն առաջին,
Ահա տերեւք ցօղաթուրմ հազիւ կճեպը խզած
Ու նորաբոյս խոտերուն, ճղիկներուն վրայ թաց՝
Ահա համբոյրը անուշ արփւոյն մոլոր ճաճանչին:
Երկիրն յղի էր անշուշտ,- որովայնին խորը սուրբ
Գարունն հանդարտ կը ննջէր՝ խմելով աւիշը յուռթի,
Որ այժմ ողջ գիւղին վրայ ալեկոծեալ կը յորդի:
Ողջո՜յն գարնան զարթօնքին,- որքա՜ն սարսուռն է իր նուրբ
Մեր արեան մէջ ու որքա՜ն բուրաւէտ են իր հովերն
Ու ի՜նչ սիրով կը հնչէ իր առաջին հրաւէրն:
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
(1902 - 1941)
No comments:
Post a Comment