ՀՈ՜Ն, հեռաւոր ու լըքուած, ահե՛ղ ծովու մը ափին,
Ուր հովն իր երգն հընօրեայ դեռ կը նետէ ափերուն,
Կանաչներու մէջ կորած դեռ կայ գիւղակն իմ սիրուն,
Գամբռի մը պէս յանձնըւած տիւանդորրի մըրափին...:
Ես կը կարծեմ դեռ տեսնել հսկայ ծառերը խոհուն`
Պարտէզին մէջ օծանուտ բուրեան ցողովը ցայգին,
Որոնց վըրայ կը լայննար աղօթքի պէս սրբագին`
Զանգն հեռաւոր մատուռին այգուն շողովն ակաղձուն:
Վերադառնա՜լ, ա՛հ ի՛նչպէս, քու մայրական գգուանքին,
Մոռնալ, այլեւըս մոռնա՜լ պանդուխտի ցաւն ու նորէն
Եղբայրանա՜լ յիշատակ դարձած նախնի՜ մեր կեանքին...:
Գիտեմ, հիմա ա՛լ չըկան հին դէմքերն այն գուրգուրոտ,
Որոնք պիտի աչքերուս մէջ ծովանան ուղխօրէն...
Բայց այդ լալու՜ հաճոյքին հոգիս այնքա՛ն է կարօտ...:
ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941
No comments:
Post a Comment