Ձըմեռը ցուրտ մշուշով ներս կը սուզի մանտերէս
Ու հոգիիս կւ հըպի մեռելի ցուրտ մատին պէս,
Օրը հանդարտ կը հակի մայրամուտին ու իր հետ,
Իր մըշուշին պլլըւած, կ'ըլլայ տարին ալ անհետ:
Այսօր ուրախ ու գոհ եմ: Պզտիկներու ծիծաղէն
Ու նոր հարսի պէս պճնած կաղանդի սա՜ սուրբ ծառէն՝
-Որու ճիւղէն առկախուած մեզ կը ժպտին ընծաներ-
Խաղաղութի՜ւն մ'անսահման կը բարձրանայ սիրտս ի վեր:
Կը բարձրանայ սրտէս վեր ու կը հըպի՜ հոգիիս
Մանկութենէս յուշ մը հին, բայց չի յուզեր հիմա զիս.
Քանզի նոր կեանքն է ձըգած արմատներն իր սրտիս խոր:
Ամանորեան նո՛ր կամքով, նո՛ր իղձերով բեռնաւոր,
Հին տարիէն` նո՛ր տարի, խօ՜լ վերելքի ճիգով մենք
Կիսատ թողուած յոյսերու իրագործմա՛ն կը դիմենք...
ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941
No comments:
Post a Comment