լուսեղէն մարմար
երկինքէն ծորող
կաթնագոյն արեւ
երկրէն բարձրացող
անուշ մեղեդի
պատեր չեն ասոնք
մրմունջ են սիրոյ
կարկաչուն սրտեր
եւ առընչութիւն
լռութեան հուրին
որ կը համբուրէ
անխօս ու հեզիկ
գրգիռն ականջիդ
ծառեր հեռազգայ
աննինջ ու աղու
ու յաւերժութեան
համընթաց քամի
առագաստն այս մեծ
որ լայն կը բացուի
տանելով հեռուն
տենչերն ամրայնի
շշնջող ուռի
գաղտնասաց ու մունջ
պտուկներ պչրոտ
գարնանամուտի
քայլեր չեն ասոնք
սահանք են ու թիռ
մարդեր չեն ասոնք
խուրձեր են լոյսի
ջուրեր չեն ասոնք
ցնորք են ու ջինջ
մարմիններ խօսուն
մարմիններ կոյսի
ոտնահետք սիրոյ
մատնահետք ու ցունց
խանդոտ ու առոյգ
մատաղ կուրծքերու
քաղցրահամ շրթունք
աւշառատ ու գիրգ
փողփողուն եթեր
սարալանջերու
բարձունքն այս յուռթի
թարմագեղ ու լուրթ
հեռաստանն այս պերճ
երկնակապոյտի
իրարմով շնչող
իրարմով բարի
ներդաշնակութեան
անըստգիւտ րոպէն
հաշտութեան խոստում
պոկուած զրկանքէն
ահեղ քաղաքին
աճապարանքէն
եւ տօթ երկնքէն
իր արատաւոր
զտուած իր կեանքին
կիրքէն մոլուցքէն
ինքնաշարժահոս
յորձանքէն վայրի
ելքն այս երկնաւոր
վերելքն այս գաղտնի
պտղունցն այս սիրոյ
փրցուած կեանքէն
որպէս գթութիւն
ու սպեղանի
որպէս հրահանգ
անբեկանելի
որպէս կենսական
ու վերջին դարման
ու վերջին պայման
ինքնահատուցման
Կարօ Արմենեան
Ապրիլ 6, 2011
Կլենտէյլ, Քալիֆոռնիա
No comments:
Post a Comment