Չորցած անուշ երազին անուշութիւնը գիտնայ...
Ո՞վ քու սրտիդ մէջ պահուած տաճարներուն լուսաշող
Պիտի ուխտի գայ հիմա…։
Պառաւ աղջիկ, երբ պզտիկ աղջիկ էիր տակաւին`
Ինչեր, ինչե՜ր յուսացիր. – այր ու զաւակ, լեցուն բոյն,
Քենէ սերած ցեղ մ'ամբողջ, որուն էիր տիրուհին՝
Արքայամօր մը հանգոյն...։
Եւ դուն հակեր ես հիմա ցածուկ հորի մը վերեւ,
Տունի մը մէջ անբընակ` սպասելով որ անցնի
Ջուրին մէջէն դէմքն անոր, որ անցեր է, արդարեւ,
Կեանքէդ՝ քայլով մը գաղտնի...։
Կ՛ուզես ճանչնա՜լ գոնէ զինք. – Ո՞վ էր, ինչպէ՜ս էր արդեօք։
Ետ չի՛ դառնար։ Բայց ինչո՞ւ... Եւ ահա հոն, պատին քով,
Ջուրին մէջէն կը տեսնես սահիլ-անցնիլն արտորնօք՝
Դագաղիդ վառ մոմերով...։
1941
Վահան Թէքէեան, Հատընտիր, Պէյրութ 1978
No comments:
Post a Comment