Դարերու բեռը շալկած
Բառերն ալ կը մաշին
Յոգնաբեկ թել թել կը թափին
Ժամանակի ապերախտ յորձանքին հետ
Կը կորսնցնեն իրենց իմաստն ու փայլը անհետ
Սերունդներու ժառանգն են բառերը
Բիւրաւորներու բերրի բերքն է բառերու բեռը
Բառերն ալ յաճախ կը յոգնին - կը մաշին
Կþառանձնանան - կը մոռցուին
Բառարաններու էջերուն կþապաստանին
Հոն կը հանգչին - կը ննջեն
Մինչեւ որ օր մը գրիչ մը զանոնք
Վերստին կեանքի կոչէ
Բառերն ալ կը յոգնին - կը մաշին
Միայն երկու բառ ժամանակին կը դիմադրեն
Միշտ նոր - միշտ ամրապինդ
Մին «յոյս»ն է - միւսը «սէր»ը
3.11.2025 «Մարմարա»
No comments:
Post a Comment