Զահրատ։ Ծովէն վերջ
Ծովափը
Մենք ու մեր ժպիտները փոքրիկ
քով քովի էինք
- Սիրաբանելու յարմար օդ է -
ըսի՞ր թէ չըսիր -
Դուն չըսիր - աչքերդ ըսին -
Հայ Բանաստեղծութեան Համացանցը։ Projet de Poésie Arménienne
Ծովափը
Մենք ու մեր ժպիտները փոքրիկ
քով քովի էինք
- Սիրաբանելու յարմար օդ է -
ըսի՞ր թէ չըսիր -
Դուն չըսիր - աչքերդ ըսին -
Posted by Armenian Poetry Project at 7/23/2019 06:29:00 AM 0 comments
Posted by Armenian Poetry Project at 12/31/2018 05:43:00 AM 0 comments
Labels: Contemporary, Ikna Sariaslan, Turkey
Անկիւն մ'ունիմ սրտիս մէջ ուր՝
Կ'առանձնանամ ամէն ատեն,
Վերհիշումներ երբոր տըխուր
Երկրէն զիս պահ մը կ'անջատեն։
Հոն` կը կենամ ես ծնադիր
Ինչպէս առաջքը խորանին,
Եւ ուր միայն կը ծաղկի իր
Կէս սուգին մէջ եղրեւանին։
Հոդ շարուած են իրարու մօտ
Մութ փոսերը իմ իղձերուս,
Յիշատակներ` հիմա աղօտ,
Անուններ` զոր չըսէր լեզուս։
Խոլ տենչանքներ, թռիչք անհուն
Զոր ձեռքովըս տուի հողին,
Մեռելներ` զոր ուրիշներուն
Պէս հարութեան յոյսը չունին։
Գրիգոր Զօհրապ
Posted by Armenian Poetry Project at 4/01/2018 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Krikor Zohrab, Turkey
Կը գրէ մայրըս.- «Ո՜վ իմ որդեակս պանդուխտ,
Դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտ՛ անծանօթ լուսնի տակ
Օրերդ անցնին դեռ մինչեւ ե՞րբ հէգ գլուխդ
Ես չսեղմեմ լանջքիս տակ:
Հերի՛ք օտար սանդուղներէ ելլեն վեր
Ոտքերդ՝ որ օր մ՛ափերուս մէջ տաքցուցի,
Հերի՛ք ալ սիրտդ՝ ուր իմ ծիծերս եմ պարպեր,
Դատարկ սըրտէս դուրս հիւծի:
Ջահրակին տակ թերեւս աշխատ յոգներ են.
Կ՛հիւսեմ պատանքս ա՛լ ծամերովս ըսպիտակ.
Ա՜խ, քեզ տեսնեն անգամ մ՛աչքերս ու փակեն
Թող հոգիս ա՛լ իրենց տակ:
Դըրանս առջեւ կը նստիմ միշտ տխրալիր,
Լուր կ՛ուզեմ վրադ ամէն կռունկէ՝ որ կ՛անցնի,
Այն ճիւղըն ուռի՝ զոր քու ձեռքով տընկեցիր,
Վըրաս կ՛ընէ հովանի:
Իրիկուննե՛րը զո՛ւր դարձիդ կը սպասեմ.
Կու գան կ՛անցնին գիւղին քաջե՛րը համակ.
Մշակը կ՛անցնի, կ՛անցնի կովարծը վըսեմ.-
Կը մնամ լուսնին մինա՜կ:
Աւերակ տան մէջ անտերունչ եմ թողուած.
Մեր շիրիմիս, միշտ օճախիս ծարաւի.-
Կրիայի մը պէս՝ որուն աղիքն իր կոտրած
Պատեանին դեռ կը կըցուի:
Եկո՛ւր, որդեա՛կ, հայրենի տունըդ շէնցո՛ւր:-
Դուռն են կոտրեր, մառաններն ո՛ղջ դատարկեր:
Կը մտնեն ներս լուսամուտէն ջարդուփշուր
Գարնան ամբողջ ծիծառներ:
Այն բազմաթիւ հօտէն, գոմին մէջ, եղո՜ւկ,
Մընացեր է խոյ մը միայն քաջարի՝
Որուն մայրն օր մ՛ - յիշէ՛, որդեա՜կ - դեռ գառնուկ,
Կերաւ ափիդ մէջ գարի:
Թեփով բրընձի եւ առուոյտով պատուական
Սընունդ կու տամ արդ անոր պերճ դըմակին.
Տօսախ սանտրով կը սանտրեմ բուրդն աղուական.-
Ան զոհ մըն է թանկագին:
Դարձիդ՝ պճնած վարդերով գլուխն իր համակ՝
Պիտի մորթեմ կեանքիդ համար ծաղկատի.
Իր արեան մէջ պիտի լուամ, քա՜ղցր որդեակ,
Ոտքերդ յոգնած պանդուխտի։»-
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ, Ցեղին Սիրտը, 1910, Կոստանդնուպոլիս
Posted by Armenian Poetry Project at 3/13/2018 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Daniel Varoujan, Turkey
Որովհետեւ դեռ հեռո՜ւ է օրն այն
Երբ գայլն ու գառնուկ սիրո՜վ կ՛արածին...։
«ԶԱՆԳԱԿՆԵ՜Ր, ԶԱՆԳԱԿՆԵ՜Ր…»
Ռուբեն Սևակ
Posted by Armenian Poetry Project at 2/28/2018 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Quotes, Rouben Sevak, Turkey
Զանգակնե՜ր, բարի՜, բարի՜ զանգակներ,
Ի՞նչ բան կասեցուց ձեր գուժկան լեզուն,
Խօսք ելլել կ'ուզէ արիւնը վազուն...
Կը լռէ՜ք, բարի՜, բարի՜ զանգակներ։
Արդեօ՞ք, ձեր միսթիկ հագագն արոյրէ,
Ուր կեղե՜ւ կապեց աղօթքի փոշին,
Եւ ուր կ՛երազէ՜ր խունկի գոլորշին,
Յեղակարծ ցաւէն՝ անզօ՜ր կը լռէ՞։
Ո՛չ։ Ձեր դարաւոր հոգին պղնձի
-- Որ շա՜տ, շա՜տ յաճախ տեսեր է Բարին,
Յաղթուած Չարէն -- այժմ իր բարբառին
Ու իր Աստուծոյն վրայ կը կասկածի...։
Ա՜խ, որովհետեւ տեսա՜ք ձեր բարձրէն,
Հաւատաւորներ հազարով, բիւրով,
Ինկա՜ծ հեթանոս տապարով, բիւրով ...
Ձեր ոտքերուն տակ, երկիւղածօրէն...։
Ու ձեր գմբեթէն դիտեցէք անձա՜յն,
Թէ ինչպէ՜ս խնկոտ տաճարներու մէջ,
Ո՛րբ, կի՛ն, ծերունի՛, բոցերով անշէջ,
Իրենց Աստծոյն գահին զոհուեցան:
Բա՜յց... ։ Գիտէք նաեւ, թէ մեր դարաւոր
Դիակներու բուրգն ամպերէն անցա՜ւ.
Ու մեր արիւնի ժահրէն նեխեցաւ
Սրբութիւններու ծո՝յլ գունդն երկնաւոր...։
Արդ, ո՞ւր էք, չքնաղ խոստումներ խաչին.
Եղբայրութեան զո՜ւր բարբառներ, ո՞ւր էք։
Կրակ կը փսխէ հողն ամէնուրէք,
Գետերն արիւնո՜վ, դիակո՜վ կ՛ուռչին...։
Ու կ՛իյնայ այն որ կը ծնկէ վախով.
Զի թուրն աւելի արդար է խաչէն,
Զի կեանքն անո՛նց է միայն, որ քա՛ջ են,
Անո՛նց որ կ՛ապրին ուրիշի մահով...։
Որովհետեւ դեռ հեռո՜ւ է օրն այն
Երբ գայլն ու գառնուկ սիրո՜վ կ՛արածին...։
Թէ ապրիլ կ՛ուզէ գառնը նորածին՝
Պէտք է իր ակռան սրէ լռելեայն...։
Լու՞ռ էք, զանգակնե՜ր, Աստուած է մեռեր։
Գո՜յժ տուէք Վաղուան, իր հա՜սկը մեռաւ։
Գո՜յժ տուէք Հայուն, զի ազգը մեռաւ։
Զանգակնե՜ր, ծերո՜ւկ, բարի՜ զանգակներ...։
Ինչպէ՜ս կ՛ուզէի ձերին պարանին
Կախուիլ ու ցնցել երկա՜թ բազուկով.
Անոնք որ ինկան բիւրո՛վ, քովէ քով,
Ձեր ղօղանջին հետ՝ լալու պէտք ունին...։
Հոգիիս հազա՜ր խուլ զանգակներով
Գոռացէք, զանգե՜ր ու կատաղօրէ՛ն
Գահավիժեցէք ձեր երկաթ թառէն,
Ուրկէ միա՛յն լա՜լ գիտցաք դարերով...։
Օ՜, ղօղանջեցէ՜ք. Աստուա՜ծն է մեռեր…։
Ռուբեն Սևակ
Լօզան, 2 Յունիս 1909
Posted by Armenian Poetry Project at 1/28/2018 07:03:00 AM 0 comments
Labels: Rouben Sevak, Turkey
...
Սակայն այսօր, մէկդի դրած
Մեր հին ցաւերն ու նոր հարցերն անդարման
Եկէ՛ք պարզենք սրտցաւ ու վառ մաղթանքներ
վերտառութեան նմանակ.
Երանի՛ թէ զրկուածներն Այբուբենէ եւ գանձերէն հոն դիզուած
գոհ չըլլային լոկ «ծագում»ի կոչնականներ ըլլալէ
ամչնային անհաս անճար մնալէ
Կամք ընէին, մօտենային Հայ հանճարի սեղանին
Կշտանային հազար տեսակ գոհարներու վայելումով...
Երանի՜ թէ մեր լեզուն ալ քիչ մ՚աւելի դիւրին ըլլար, մատչելի
հասութաբեր ու գործնական, յանձնարարուած ի վերուստ
Աւելի ճիշդ` ըլլար լեզուն երկրի մը մեծ, բազմաբնակ եւ հարուստ ...
Երանի՛ թէ մէկ արմատէն բուսած չըլլար երկու ծառ
- ի՞նչն է պակաս միւս ծառերուն հաստաբուն ...
Քերականը ձգենք մէկդի, ամէն հնչիւն ամէն տառ
Լեզուի վրայ թէ տառադարձ օտար բառիª կը շփոթէ տեղ ու տուն...
Երանի՜ թէ Հայնրիխ Հիւպշման շարած չըլլար
բաղաձայններն ու միւսները ձայնական
զուգադրումով լատինական տառերու.
Գոնէ օտար տեղանուններն ու բառերը փոխառեալ
Կը գրէինք միօրինակ` ըստ հնչումին իսկութեան:
Երանի՛ թէ մեսրոպեան տուն ետ դառնային երկբարբառներն աքսորեալ,
Կամայօրէն պաշտօնազուրկ հռչակուած
կամ պարտադիր ծառայութեան ղրկուած
գիրերը մեր տարաբախտ.
Մահէս առաջ ես տեսնէի իմ դարաւոր մականունս ալ
ուղիղ գրուած` ՃԻՒՄՊԻՒՇԵԱՆ
Եւ ոչ այդպէս ճղակոտոր` ՋՅՈՒՄԲՅՈՒՇՅԱՆ ...
Երանի թէ նախագահ մը նախանձայոյզ, բանիմաց
Հանէր ոչ թէ հրովարտակ արքունի
- քանի չկայ միահեծան թագաւոր -
Այլ ընթացիկ հրամանագիր
ներման համայն ուղղագրական ու լեզուական մեղքերուն..
Այո՛, ներում` սուրբ ժառանգին դէմ Մեսրոպի
բոլոր կամաւ թէ ակամայ գործողներուն տարապարտ -
Ներառեալ զիս եւ յանցանքներս ենթադրեալª
Ա՛յսքան երկար քերթուած մը գրելուս
եւ խօսքերուսª կէս կատակ, կէս համարձակ ...
Ապա թէ ոչ` ի՞նչպէս կրնամ
«Երանի մ'ալ ինծի՛՚ ըսել,
Երբ ծանրացեալ այս տարիքիս
Հազիւ կրցայ Իրեն վայել տառապսակ մը հիւսել
Բարձրանալ վեր ու զայն դնել ծունկերուն:
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
27 Մարտ, 2005, Ս. Զատիկ
Posted by Armenian Poetry Project at 1/19/2018 01:08:00 PM 0 comments
Labels: Turkey, Zareh Khrakhouni
Posted by Armenian Poetry Project at 1/01/2018 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Contemporary, Ikna Sariaslan, Turkey
Posted by Armenian Poetry Project at 12/31/2017 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Contemporary, Ikna Sariaslan, Turkey
Դագաղի պէս նեղ օրեր,
Գերեզմանի փայտեայ խաչի պէս տխուր...
Դեռ երա՞զ, սէ՞ր -
Զո՜ւր է, զո՜ւր...
Գերեզմանի փայտեայ խաչի պէս տըխուր... ։
Ահա կ՚անցնին դիակի գոյն երկինքէն՝
Խուճապահար տարմերն անբախտ ագռաւի...
Ջարդէ փախչող մարդերու պէս կը հեծե՜ն.
Երկնքին մէջ ալ կը ջարդե՜ն՝ երեւի...
Ու փոթորկոտ իրիկունով,
Նախիրն ահա՝ լեռներուն մէջ ցանուցիր...
Ո՞վ գրեց, ո՞վ,
Կեանքի օրէնքը կարմիր... ։
*
Այս առտու,
Մարդ մը հուժկու
-Որ ունէր բիրտ ու արիւնոտ աչուըներ-
Մեծ կացինով մը ջարդեց
Լելակի ծառ մը տարէց։
Խորհեցայ թէ, երբ իյնար
Ծառն իր վըտիտ հասակով՝
Այն մարդն անշուշտ պիտի լար.
Ան հեռացաւ սուլելո՜վ...
Ո՞վ գրեց, ո՜վ... ։
*
Ահա կոչնակն Հայ ժամուն.
Հիմա հարկաւ մութ գըռիհններն են լեցուն,
Հայ մայրերով, մամերով,
Որ ժամ կ՚երթան իրկուն-առտու՝
Աւետարանն համբուրելու... ։
Անոնց տըժգոյն բերաններէն,
Հարկաւ, նորէն
Պիտի քակուի աղօթքն երկար՝
Մեռելներուն հոգւոյն համար... ։
Յետոյ անոնք, հարկաւ, նորէ՛ն
Իրենց տժգոյն բերաններով պիտի ներեն՝
Նոյնի՛սկ, նոյնի՛սկ թշնամիի՜ն...
Ու երբ մեկնին
Դողդողուն՝
Պիտի նորէ՛ն ունենան
Յիսուսի Ձեռքը շուշան՝
Ուսերնուն.. ։
*
Իրիկնամուտ, երկինքն ինչպէ՜ս կ բռընկի...
Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ,
Մարդիկ՝ ծունկի՝
Կարծես կ՚այրի՜ն,
Դիւային
Սա ամպերուն մէջ նետուած...
Ու կարծես թէ՝
Հեռուն,
Գլխատուած մարդ մ՚աստղերուն
Դե՜ռ կ՚աղօթէ
Բազկատարած. -
Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ... ։
*
Մա՜հ։
Ո՞վ է հըզօր իրեն պէս։
Մա՜հ, մա՜հ...
Պէտք է դընել, վերջապես,
Մեր հոգիները յըստակ՝
Իր երկարած սուրին տակ...
Ժըպտելո՜վ... ։
Ո՜վ գրեց, ո՜վ...
ՄԵԾ ԿՂԶԻ, ԱՊՐԻԼ 1923
Posted by Armenian Poetry Project at 3/22/2017 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Mateos Zarifian, Turkey
Ապրիլի հովն աղջիկ մ՚է՝
Վարդ-մանիշակ շըրթներով...
Ապրիլի հովը, սակայն,
Երբ ըլլայ մո՜ւթ-մո՜ւթ գիշեր,
Աստուածուհի՜ կը դառնայ՝
Խենթեցընող համբոյրով... ։
1923
Posted by Armenian Poetry Project at 3/21/2017 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Mateos Zarifian, Turkey
Եկէ՛ք նախ իրար հասկնանք...
Եկէ՛ք նախ իրարու ցաւերը յարգենք...
Եկէ՛ք նախ իրար ապրեցնենք:
Posted by Armenian Poetry Project at 1/19/2017 01:33:00 PM 0 comments
Labels: Hrant Dink, Turkey
Այն աստեղավառ Ծնունդին գիշեր
Ամպերէ ծաղիկ թափեր կը ձիւնէ,
Ինչպէս նշենին հովէն տարուբեր
Արփագոյն՝ լոյսէ աստղեր կը ձիւնէ:
Իմ մանուկ հոգիս, իմ հոգիս դեռ կոյս,
Ոհ, ի՜նչ ջերմեռանդ խանդով ըզմայլուն՝
Կաթոգին խնդրեց քեզմէ, ո՛վ Յիսուս,
Որ աստղ մ'ինձ ղրկես երկինքէդ փայլուն:
Այն խորհրդաւոր Ծնունդին գիշեր,
Ճաճանչի մը մէջ տեսայ ես Աստուած,
Սիրտը արիւնած, ճակատը փուշեր,
Թշուառ մարդկութեան երազին զոհուած,
Ծաղկատի հոգիս, հոգիս խանդավառ
Խնդրեց որ կեանքով օծես, ո՛վ Յիսուս,
Դուն որ մեր անհուն պատրանքը տեսար
Ոսկի սկիհը իմ երազներուս:
Հիմա ծնունդի գիշերն է խաւար
Ու Բեթղեհէմի աստղին տեղ արծաթ՝
Հորիզոնին մէջ կը շարժին երկար
Ծով անյուսութեան կուռ ամպեր երկաթ:
Բայց միշտ ջերմեռանդ՝ այլ հիւծուած հոգիս,
Կու գայ պաղատիլ քեզի, ո՛վ Յիսուս,
Զի շիջան աստղեր, երազներ կեանքիս,
Դուն ցօղէ ինծի նոր հաւատք, նոր յոյս:
Posted by Armenian Poetry Project at 1/05/2017 07:00:00 AM 1 comments
Labels: Turkey, Zabel Asadour
Posted by Armenian Poetry Project at 12/31/2016 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Contemporary, Ikna Sariaslan, Turkey
Ձախէն աջ՝
Posted by Armenian Poetry Project at 12/04/2016 07:41:00 AM 0 comments
Labels: Ikna Sariaslan, Turkey, Zahrad, Zareh Khrakhouni
Posted by Armenian Poetry Project at 7/19/2016 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Daniel Varoujan, Turkey
Posted by Armenian Poetry Project at 7/18/2016 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Bedros Tourian, Translated into English, Turkey
Դաշտի ճամբու մը վըրան,
Կամ ստորոտը լերան,
Ուղեւորին ժամանման
Ըսպասող հիւղն ըլլայի:
Ու գգուանքիս կանչէի
Ես ճամբորդներն անժաման,
Ու ճամբուն վրայ մենաւոր,
Ու ճամբուն վրայ ոսկեման,
Եկուորներուն դիմաւոր՝
Ծխանիս ծուխն ամպէի:
Ու գրգանքիս կանչէի
Ուղեւորներ պարտասուն,
Ու բարեւի մը փոխան՝
Հազար բարիք ես տայի:
Հազար բարիք ես տայի,
Գոլը կրակին ճարճատուն,
Կութքը բերրի դաշտերուն,
Բոլոր միրգերն աշունի
Ու մեղր, ու կաթ, ու գինի…
Ու լըսէի ես ցայգուն,
Քովը կրակին ճարճատուն,
Երգն իրիկուան եկուորին.
Ու ջամբէի ես ցայգուն
Երազներով պատարուն
Նինջ՝ իրիկուան եկուորին:
Ու լըսէի ես այգուն,
Սրտապատար ու տրոփուն
Գովքն իրիկուան եկուորին.
Ու ձըմեռներն ալ համբուն,
Հըրաւիրակ զըւարթուն,
Կանգնէի քովը ճամբուն
Ու ձիւնապատ հէք մարդուն
Ես հայրօրէն, լայնաբաց
Երկու թեւըս պարզէի.
Մի՜շտ քաղցրագին, նիւթացած
Հըրաւէ՜րն ես ըլլայի:
Ա՜հ, ըլլայի՜, ըլլայի՜,
Դաշտի ճամբու մը վըրան,
Կամ ըստորոտը լերան,
Ուղեւորին ժամանման
Ըսպասող հի՛ւղն ըլլայի:
Posted by Armenian Poetry Project at 7/07/2016 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Missak Medzarents, Turkey
Posted by Armenian Poetry Project at 4/30/2016 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Turkey, Yeghia Demirjibashian
Posted by Armenian Poetry Project at 4/29/2016 07:00:00 AM 0 comments
APP and its producer, Lola Koundakjian, retain the right to accept or reject any poetry submission(s) based on the criteria provided by the project description.
Send your comments to armenianpoetryproject[at]gmail[dot]comFollow us on Twitter: @armenianpoetry
Click here for our 15th anniversary clip on youtube.com
We would like to know more about you! Thank you for participating. ARMENIAN POETRY PROJECT QUICK SURVEY