ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՖԱՏՕ
Վերջին ցոլքերուն հետ մայրամուտին
Ման կուգանք
Ալֆամա թաղամասին մէջ Լիզպոնի
Ֆատոյի չափ թախծոտ
Ֆատոյի չափ ոգեւոր փողոցներուն մէջ
Ամբողջ գիշեր մը ֆատօ կ՛ունկնդրենք
Խանձած ձայներուն մէջ կը միաձուլուին
Կարօտն ու յոյսը
Վիշտն ու հրճուանքը
Կը միաձուլուին կեանքն ու մահը
Ֆատօն
Բաժակ մը Փորթոյի գինիի նման
Կը մխրճուի - կը խարսխէ մեր երակներում մէջ
Շրթներու վրայ - աչքերու մէջ
Մերթ ամպ մը կը մթագնի - կ անձրեւէ
Մերթ կայծ մը կը ժայթքի - կը լուսաւորէ
Կամ արեւ մը կը շողայ - կը ջերմացնէ
Երգերն ու երգիչները իրարու կը յաջորդեն
Ժամերը կը սահին - կը սպառին
Ալֆամայի հնաբոյր փողոցներում վրայ
Նոր օր մը - նոր արեւ մը կը ծագի
Հրաժեշտի պահն է որ կը հնչէ
Մենք կը մեկնինք - կը հեռանանք ակամայ
Ֆատօները կը մնան
Անոնք
Յաւերժական առասպելի մը նման
Կը ծածանին
Կը ծածանին յիշատակներու լապտերներուն կառչած
Նոր օրուան կոյս գեղեցկութեան մէջ
Թուրինջի ծառերուն վրայ Ալֆամայի
Զոյգ մը տատրակ - զոյգ մը տատրակ կը թառի
17.12.2019