Սարգիս Վահագն: Դրախտ Կորուսեալ
Մա՛րդ,
Ընդմիշտ վտարուած դրախտէն եդեմական,
Ո՛չ թէ արգիլեալ պտուղն համտեսած ըլլալուդ համար,
Ո՛չ թէ սողունին եւ Եւային անսալուդ,
Ոչ իսկ անտեսելուդ՝ պատգամն աստուածութեան։
Ընդհակառակը՝ այդ բոլորը լա՛ւ ըրիր, ճի՛շդ ըրիր,
Ի հարկին կրկնէ՛, ապրէ՛ կեանքը լրիւ, վայելէ՛,
Եղիր մի՛շտ ըմբոստ, արկածախոյզ եւ տեսլապա՛շտ,
Եղիր պարզապէս մա՛րդ։
Դեռ գիտցի՛ր, մա՛րդ,
Յաւերժ վտարուած դրախտէն բնութեան՝
Ոչ թէ սիրելուդ կամ ապրելուդ համար,
Ոչ թէ համարձակած ըլլալուդ
Աստուածային շնորհք տալու դէմքիդ եւ էութեանդ ստեղծագործ,
Ո՛չ, մի՛ հաւատար այդ սնոտի առասպելին.
Գիտցի՛ր, միայն ու միայն անո՛ր համար՝
Որ դաւաճանեցիր քու մայր բնութեան,
Խախտեցիր կշռութիւնը տիեզերական,
Կողոպտեցիր, վատնեցիր մսխեցիր անհաշիւ
Գանձերն ու աւիշը ծոցւոր հողին։
Եւ դեռ անոր համար՝
Որ կեղտոտեցիր, շրջապատդ անգամ,
Եղծանեցիր նոյն իսկ կանա՛չը՝
Միա՛կ նեցուկդ ու պաշտպանդ,
Շունչդ ու թոքերդ,
Ծխահեղչ թունաւորեցիր նաեւ կապոյտը՝
Թռի՛չքը մտքիդ, սլա՛ցքը հոգիիդ,
Երա՛զդ։
Մա՛րդ,
Առմիշտ վտարուած դրախտէն բնութեան՝
Ալ ժա՛մն է որ զգաստանաս.
Եթէ ոչ՝
Ագահութեամբ, ընչագաղցութեան տենչութեամբ վարակուած,
Քու խօլարշաւիդ մէջ այսպէ՛ս, գուցէ ժպրհիս նաեւ օր մը,
Շպրտել Սեւ Կէտի երախին
Մոլորակ երկիրը մեր։
Բայց ինչո՞ւ,
Ի՞նչ իրաւունքով։