Showing posts with label Marie Atmadjian-Le Chevalier. Show all posts
Showing posts with label Marie Atmadjian-Le Chevalier. Show all posts

Tuesday, July 07, 2009

Մառի Աթմաճեան։ Մոռնա՞լ քեզ

Մոռնա՞լ քեզ… ինչպէս… ամէն ձայն ու շունչ,
Ամէն արահետ, շշուկ ու մրմունջ,
Գարնան մէջ ծաղկող վարդ ու քերթուած՝
Ձեռքերուս, սիրտիս, միտքիս են յենած…
Մոռնալ քեզ, անգին, մեռնելէս առաջ…։

Քեզ մոռնալ՝ թաղել է անցեալս անդարձ,
Խայտանքով, սիրով, տեսիլքով բռնկած…
Եւ ուրանալ է էակն՝ որ էր
Բարութեամբ, գութով, կարեկցութեամբ լի,
Որ անբշիռ էր միշտ աչքերուդ դիմաց
Եւ անմահութեան իղձով վերացած…

Եւ ինչպէ՜ս մոռնալ պահերն՝ որ երէկ
Դարձած էին խոհ, մեղեդի, սիրերգ,
Ձգտումն յաւերժին… օ՜, քաղցր յիշատակ…
Քեզ մոռնալ՝ թաղել է կեանքն իմ համակ…։


Առաջին անգամ լոյս տեսած է «Գեղարդ» ի մէջ, Ա. տարի
1975, Հալէպ Սուրիա