Showing posts with label Khatchig Amirian. Show all posts
Showing posts with label Khatchig Amirian. Show all posts

Friday, June 19, 2009

ԽԱՉԻԿ ԱՄԻՐԵԱՆ: ԲԱԺԱԿԱՃԱՌ

Հարուստ չեմ ընկերներ
չըլլայ որ զիս հարուստ կարծէք
այսօրուան այս խնջոյքն առատ
հարուստի մը ցուցադրութիւնը չէ
իր մանկլաւիկներուն
անկեղծութեան մը արտայայտութիւնն է
իր սրտակիցներուն։
Չկրցայ հարուստ ըլլալ
ասիկա հպարտօրէն կ՚աղաղակեմ
չկրցայ գողնալ յափշտակել սօթթել
չկրցայ ափարթման տնկել
ապրեցայ նկուղներու մէջ։
Սա վարունգը որ այս սեղանը - կը զարդարէ
խոյանքներ ունի իմ ուժերէս
սեղանս կարմրցնող սա բողկին վրայ
կաթիլներ կան արիւնէս
սա ապուխտին սա սօսիսին
սա ճերմակին սա քաշէրին
սա սանտուիչին ձիթապտուղին - պիստակին
սա չեմ գիտեր ինչին մէջ
նոյնիսկ սա պարզ ջուրին մէջ
քրտինքէս կաթիլներ կան
ջերմաջերմ կաթիլներ։
Արդար է այս սեղանը ընկերներ
ողջ եղէք զուարթ եղէք շէն եղէք
ուրախութեամբ թող լեցուին - թոքերը մեր
լիահագագ թող պայթին - քահքահները մեր
ոեւէ մէկուն □ախ□ը չկայ
մեր աչքերուն ժպտող
սա խնձորին վրայ
ոեւէ մէկուն ցաւը չկայ
սա սեխին սա ձմերուկին մէջ
համը՝ սա տանձին սա խաղողին
հարիւրին հարիւր անխարդախ է
մեր շրթներուն վրայ։
Օ՜ն ընկերներ
անուշ ըլլայ
հրամմեցէք։

ԽԱՉԻԿ ԱՄԻՐԵԱՆ: ՕՐԸ ԿՈՒԳԱՅ

Կուգայ օրը
եւ հունձքերն հողմածածան
կը հասուննան կը պայթին
եւ կը լեցուին մառանները ամէն տան։
Ժպտէ ուրախ
եւ ժպիտդ թող ծաղկի
թող հրճուանքը աղաղակէ հոգւոյդ մէջ
լուսապայծառ գալիքի։
Օ՜ մի տխրիր
տխուր բախտդ օր մը օրանց կը փոխուի։
Արցունքներդ աչքերուդ ակօսին մէջ
կը վերածուին մարգարիտէ կայլակի
ցամքած աղբիւր չի մնար ալ ո՛չ մէկ տեղ
օճախները կը ծխան երդիքներէն։
Կուգայ օրը
եւ հունձքերն հողմածածան
կը հասուննան կը պայթին
եւ կը լեցուին մառանները ամէն տան։