Showing posts with label Ikna Sariaslan. Show all posts
Showing posts with label Ikna Sariaslan. Show all posts

Saturday, November 30, 2024

Quote for the month of November



Երկինքը ծնրադրեց

            Ծովուն հետ համբուրուեցաւ

                    Համբոյրը հորիզոն կոչեցին։



Իգնա Սարըասլան

Saturday, December 31, 2022

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ։ Տարի մըն ալ

 Տարի մըն ալ

Վախերով -- վատերով -- վէրքերով

Ջանացինք ապրիլ

Քանի հոգի էինք

Քանի հոգի մնացինք



ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

26.12.2022

Friday, February 12, 2021

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: Ա՜Խ ԳԱՏԸԳԻՒՂ

56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ մանկութեանս փողոցները
Մէկ առ մէկ պտտէի

Մանկութեանս չափ անբիծ
Մանկութեանս չափ անգին
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի
Եւ պատանութեանս թաղերը շրջէի

Ահա սա եռյարկանի քարաշէն շէնքը
Նախակրթարանս Արամեանը
Իր լայնանիստ սանդուխներով
Իր բարձր ձեղուններով
Փայտի վառարանով տաքցող դասարաններով
Եւ իր մաշած տախտակամածներով

Մուտքի ձախակողմեան դռնէն
Դէպի վեր բացուող նրբանցքին վրայ
Պոկուած պաստառ մը
Պաստառին վրայ շարժանկարի սեւ-ճերմակ ժապաւէն մը
«Թիթանիք»ը
Մենք փայտէ նստարաններու վրայ քով քովի նստած
Հետաքրքրութեամբ կը դիտէինք

Մանկապարտէզին մէջ Օր. Հնազանդը
Առաջին ոտանաւորը սորվեցուց ինծի


Առաջին դասարանին մէջ Տիկին Սիրվարդը
Մեզի ասեղ-դերձան-մկրատը ծանօթացուց
Մկրատը-ասեղը ինչպէս կը գործածուի
Սորվեցուց
Ես ալ ապրուստս
Մկրատով-ասեղով-դերձանով հոգացի
Վիրաբոյժ եղայ

Յիշատակներով օծուած
Եռյարկանի դարաւոր քարաշէն շէնքը
Պատմութեան յանձնուեցաւ
Այսօր հոն կը բարձրանայ
Դպրոցի նոր շէնքը

Եւ ահա ամբողջ թաղամաս մը գրաւող լիսէն
Սէն-Ժոզէֆը
Մուտքի աւազանին ճիշդ կեդրոնը
Ժայռի մը վրայ բարձրացող
Սուրբ Յովսէփի արձանին ետին կանգնած
Այդ փառաւոր դպրոցը
Ուր հայրս եւ ես
33 տարի տարբերութեամբ աշակերտեցինք

Մանկութեանս չափ արագընթաց
Մանկութեանս չափ անմոռաց
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ պատանութեանս փողոցները պտտէի

Ահա «Սիւրէյյա» շարժանկարի սրահը
Որուն առջեւ պոչի մտանք
«Ավարէ»ն դիտելու համար
Կամ ամառուան տաքին
Բացօթեայ
«Սիւրէյյա»յի պարտէզին մէջ
«Թարզան»ին արկածախնդրութիւններով
Տարուեցանք

Եւ սա «Օփէրա»յի շարժանկարի սրահը
Ուր Ալէն Տըլոնի - Ռոմի Շնայտէրի
Սիրային ժապաւէնները դիտեցինք

Սեղանաւոր Ժան Լօրանտոյի անունը կրող
Լօրանտօ փողոցին սկիզբը
Սա անկիւնի ապարանքն ուր այսօր
Նախակրթարան մը կը բարձրանայ
Ահա հոն կը բնակէր Գալուստ Կիւլպէնկեան
Որ 1875ին կ՛աշակերտէր Արամեան Վարժարանի

Նախկին Լօրանտօ փողոցը ներկայիս
Կը կոչուի Շաիր Նէֆի

Մանկութեանս չափ անմոռանալի
Մանկութեանս չափ անջնջելի
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ մանկութեանս փողոցները պտտէի

Միւհիւրտար թաղամասին
Նախկին Պիւլպիւլ փողոցին մէջ
Որ այսօր Կիւնտօղտու կը կոչուի
Լոյսերու մէջ կը շողար
Ճարտարապետական ոսկեզօծ գոհար մը
Հոյակապ ապարանքը Մաթուս Էֆէնտի Ունճեանի
Եւ իր կրտսեր եղբօր Աբիկ Էֆէնտի Ունճեանի

Շէնքին ձեղնայարկին մէջ
Մեկուսացած կ՛ապրէր
Իրենց ամուրի քոյրը Նեկտարինէն

Արդէն իսկ վեց տարի առաջ սպաննուած էր
Աբիկ Էֆէնտի Ունճեան
Երբ 1911ին մահացաւ Նեկտարինէն
Եւ տարաբախտ քրոջ յիշատակը յետ մահու
Կցուեցաւ Արամեան Վարժարանի անունին

Թէ ինչպէս

Մաթուս Ունճեան ի յիշատակ իր հանգուցեալ քրոջ
1912ին ազգին նուիրեց
Ունճեան աղջկանց վարժարանի շէնքը
Այս առթիւ վարժարանը Արամեան անունին կողքին
Ստացաւ նաեւ Ունճեան անունը

Ահա Օսմանեան Պետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար
Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեանի ապարանքը
Ուր երբեմն ճաշի կը հրաւիրուէր
Անուանի վիպագիր Փիէռ Լօթին
Որ այդ օրերուն
Ֆրանսական դեսպանատան «նաւային կցորդ»ն էր
Սեղանին շուրջ ճիշդ իր քով
Կը նստէր Նորատունկեանի քենին
Գրագիտուհի Անայիսը՝ Եւփիմէ Աւետիսեանը

Իսկ Գաբրիէլ Նորատունկեան
1869ի շրջանաւարտ Սէն-Ժոզէֆ Քոլէժի
Իր անթերի ֆրանսերէնով
Կը մասնակցէր զրոյցին
Եւ յաճախ ան էր որ կը վարէր զրոյցը

Մօտայի բարձունքին վրայ հիասքանչ
Տեղ կը գրաւէր
Մխիթարեան գիշերօթիկ վարժարանը
Որուն 1900ին կ՛աշակերտէր Դանիէլ Վարուժան

Դասարանի պատուհանէն կը դիտէր ան
Գալամըշը - Ֆէնէրպահչէն - Կղզիները
Եւ հեռուն իր ձիւնածածկ կատարով
Պրուսայի Ողիմպոսը
Տարի մը վերջ նոյնքան գեղեցիկ քաղաք մը
Վենետիկ պիտի մեկնէր ան

Հիմա հոն ոչ շէնքը կայ Մխիթարեաններուն
Ոչ ալ ճռուողիւնը աշակերտներուն
Այդ օրերէն յամեցող միակ յիշատակն որ կը մնայ
Անունն է փողոցին՝ Մէքթէպ փողոց

Ահա Հարենցներու տունը
Մաթուս եւ Աբիկ Ունճեան հարազատներու քեռորդին
Աստուածատուր Հարենցի ապարանքը
Ուր յաճախ կ՛այցելէր - կը հիւրասիրուէր
Կը գիշերէր Կոմիտաս Վարդապետ
Հարենցի կողակիցը դաշնակահարուհի Արուսեակին հետ
Երկար ժամեր
Կ՛աշխատէր իր հեղինակութիւններուն վրայ

Եւ Ներսէս Օհանեանի տունը
Այդ ասպնջական տունը
Սագըզկիւլիւ փողոցին մէջ
Նախկին Ափոլլոն թատրոնի փողոցը
Ուր 20 Նոյեմբեր 1918ին
Վախճանեցաւ Օրմանեան Պատրիարք
Որբերուն նեցուկն էին Ներսէս Օհանեան
Եւ իր բարեսիրտ կողակիցը Ֆիլօմէն

56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ յիշատակներու փապուղիին մէջ շրջէի
Անկիւնադարձին շուարած - շլմորած
Աչքերս շլացած
Ապշահար դէմ առ դէմ գայի
Բոլոր այն գրական հին դէմքերուն հետ
Որոնք Գատըգիւղ ծնան
Կամ Գատըգիւղ ապրեցան
Բոլոր այն պատմական դէմքերուն հետ
Զորս չեմ ճանչցած
Բայց միշտ յարգանքով մօտեցած եմ անոնց յիշատակին

Վահան Մալէզեան - Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆ
Զարուհի Գալէմքեարեան
Եւ իր զարմիկը Եղիա Տէմիրճիպաշեան
Եւփիմէ Աւետիսեան՝ Անայիս
Տիգրան Կամսարական
Եւ իր մօրաքոյրը Էլպիս Կեսարացեան
Քլարա Եազըճեան
Եւ իր խօսեցեալը Գրիգոր Զօհրապ
Որոնք 1 Փետրուար 1888 Կիրակի
Պիտի ամուսնանային Գատըգիւղի մէջ

Եւ հին ուսուցիչներն Արամեան Վարժարանի
Որոնք համաստեղութիւն մըն էին անգտանելի
Ռուբէն Որբերեան - Արշակ Չօպանեան
Պետրոս Կարապետեան - Նշան Թորոսեան
Յակոբ Գուրգէն - Հրաչեայ Աճառեան
Վռամշապուհ Քհնյ. Քիպարեան - Եղիշէ Արք. Դուրեան

Մոռացումի ամենակուլ փոշին թօթափած
Երանի
Երանի թէ
Անկիւնադարձին դէմս գտնէի զանոնք

Յիշատակները փշրուած հայելիի մը կը նմանին
Չէք կրնար դպչիլ - չէք կրնար մէկտեղել
Ձեր ձեռքերը - ձեր սիրտը կ՛արիւնեն

Գատըգիւղի փողոցներուն
Եւ պատմութեան մշուշապատ էջերուն մէջ հիմա
Վիրաւոր լռութեան մը արձագանգը կը լսուի


7.12.2020

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ                     






Սոյն բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՄԱՐՄԱՐԱ թերթին մէջ, 31 դեկտեմբեր 2020

Thursday, December 31, 2020

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՄԱՂԹԱՆՔ ՄԵԾԱՍՔԱՆՉ




Այս գիշեր
     գաղտագողի պիտի մտնեմ ձեր դռնէն ներս
     կաղանդի ծառին վրայ
     մոմի նման պլպլացող լոյսը պիտի ըլլամ

Այս գիշեր
     յամրօրէն պիտի թափանցեմ ձեր երակներէն ներս
     ձեր տառապած սրտերուն մէջ
     ճառագայթող երջանկութիւնը պիտի ըլլամ

Այս գիշեր
     հեշտօրէն պիտի սուզուիմ ձեր կոպերէն ներս
     ձեր հեւ ի հեւ կեանքին – ձեր ցիրուցան ապրումին
     երազը պիտի ըլլամ ովկիաններու փրփուրին պէս ձիւնափայլ

Այս գիշեր
     մեղմօրէն պիտի թառիմ ձեր շրթներուն վրայ
     եւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ արձագանգող իմ լեզուով
     խաղաղութեան մաղթանք մը պիտի ըլլամ համասփիւռ



28.12.1980

Monday, August 24, 2020

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ:Ա՜խ Կէտիկփաշա

1940ական թուականներն էին
Կէտիկփաշայի նոր սերունդը
Ամէն առտու
Չարշըգաբուի կայանէն
Հանրակառք կը նստէր ու դպրոց կ՝երթար
Մանչերը Կեդրոնական կամ Մխիթարեան
Աղջիկները էսաեան

Հանրակառքին մէջ
Նոր մտերմութիւններ կր հաստատուէին

Մանչերը աղջիկներուն աչք կը քթթէին --  կր ժպտէին 
Ընկերութիւն կ՝առաջարկէին 
Եւ հետեւեալ երկու բառերով հարց կուտային 
«Դրակա՞ն թէ՞ ժխտական»
Աղջիկները ապշահար կր ջանային լուծել  հանելուկը 
Չենք գիտեր թէ քանիներ դրական պատասխանեցին 
Քանիներ ընկերութիւններ մշակեցին 
Միասնութիւններ կազմեցին

Այսօր երբ
Պէյազըտի հրապարակէն յառաջանալով
Եէնիչէրիլէր պողոտայէն մուտք կր գործեմ
Դէպի Կէտիկփաշա պողոտայ
Այդ աղմկալից - այդ երփներանգ ճամբան
Բաղնիքի փողոցին անկիւնը պահ մը կր կանգնիմ
Կը կանգնիմ վարանած
Ո՞ւր է Պօնմարշէն

Ո՞ր փողոցէն դէպի վար– դէպի Գումգաբու քալեմ
Կէտիկփաշա պողոտա՞ն շարունակեմ
Թէ ոչ Պալի Փաշայի զառիվարը ընտրեմ
Կամ թէ Բաղնիքի փողոցէն քիչ մր յառաջանամ
Եւ աջին Նէվիյէ փողոցէն ղէպի վար
Փողոցներու խառնարանէն անցնելով
Յիշատակներու ծովերուն մէջ լողալով
Հին Կէտիկփաշան– Հին կէտիկփաշացիները փնտռեմ
Հակառակ որ գիտեմ - գիտեմ թէ 
Եթէ չկան հին կէտիկփաշացիները 
Չկայ նաեւ հին Կէտիկփաշան

Կը քալեմ
Կը քալեմ ու մէկ առ մէկ կը դիտեմ հին տուները
Այսօր այլափոխուած կամ այլասերած այդ շէնքերը
Եւ ի զուր կը փնտռեմ զաւակներն ու թոռները
Այն մայրերուն որոնք օր մը
Առաւօտեան հանրակառքի մը մէջ
Դէպի դպրոց ուղեւորութեան ընթացքին
Հարցումի մը «դրական» պատասխան տուին։




21.7.2020

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՄԱՐՄԱՐԱ թերթին մէջ։






Saturday, March 21, 2020

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: Ոչ դուն գիտցար - ոչ ալ ես

Օր եղաւ շուքդ եղայ
Օր եղաւ շուքս եղար
Միշտ իրարու յենարան
Միշտ իրարմէ անբաժան

Օր եղաւ լոյսդ դարձայ
Օր եղաւ լոյսս դարձար
Միշտ իրարու սրտակից

Միշտ իրարու աջակից

Սէրը լոյս դառնալ էր արդեօք
Թէ ոչ շուք մը ըլլալ անբաժան
Ոչ դուն գիտցար - ոչ ալ ես
Պատասխանը միշտ շուքին մէջ մնաց


3-2-2020



Saturday, January 25, 2020

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՖԱՏՕ

Վերջին ցոլքերուն հետ մայրամուտին
Ման կուգանք
Ալֆամա թաղամասին մէջ Լիզպոնի

Ֆատոյի չափ թախծոտ
Ֆատոյի չափ ոգեւոր փողոցներուն մէջ
Ամբողջ գիշեր մը ֆատօ կ՛ունկնդրենք

Խանձած ձայներուն մէջ կը միաձուլուին
Կարօտն ու յոյսը
Վիշտն ու հրճուանքը
Կը միաձուլուին կեանքն ու մահը

Ֆատօն
Բաժակ մը Փորթոյի գինիի նման
Կը մխրճուի - կը խարսխէ մեր երակներում մէջ

Շրթներու վրայ - աչքերու մէջ
Մերթ ամպ մը կը մթագնի - կ անձրեւէ
Մերթ կայծ մը կը ժայթքի - կը լուսաւորէ
Կամ արեւ մը կը շողայ - կը ջերմացնէ

Երգերն ու երգիչները իրարու կը յաջորդեն
Ժամերը կը սահին - կը սպառին
Ալֆամայի հնաբոյր փողոցներում վրայ
Նոր օր մը - նոր արեւ մը կը ծագի

Հրաժեշտի պահն է որ կը հնչէ
Մենք կը մեկնինք - կը հեռանանք ակամայ
Ֆատօները կը մնան

Անոնք
Յաւերժական առասպելի մը նման
Կը ծածանին
Կը ծածանին յիշատակներու լապտերներուն կառչած

Նոր օրուան կոյս գեղեցկութեան մէջ
Թուրինջի ծառերուն վրայ Ալֆամայի
Զոյգ մը տատրակ - զոյգ մը տատրակ կը թառի


17.12.2019



Tuesday, December 31, 2019

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: Կիսատ Կաղանդ

Որքան ալ յոգնիս
Որքան ալ տքնիս
Բան մը
Միշտ բան մը պակաս պիտի մնայ

Որքան ալ գրես
Որքան ալ խօսիս
Բան մը
Միշտ բան մը կիսատ պիտի մնայ

Որքան ալ դիմադրես
Որքան ալ պայքարիս
Բան մը
Միշտ բան մը անաւարտ պիտի մնայ

Կաղանդը
Բոլոր կիսատ յոյսերուն
Անաւարտ պայքարներուն
Բոլոր «պակաս» ապրումներուն -- կեանքերուն
«Անպակաս» տօնախմբութիւնն է։

18.12.2019




Tuesday, August 06, 2019

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ։ ՀԵՏՔ

Բոլոր այն անխնայ պայքարներէն
          ապարդիւն ձեռնարկներէն
          ծափերէն - ծիծաղներէն - արցունքներէն

Բոլոր այն քրտնաթոր գիշերներէն
          անքուն հերթերէն
          յաջողութիւն կամ յուսախաբութիւններէն

Բոլոր այն յաղթանակ կամ անտեսումներէն
          առանց վարձատրութիւն սպասելու կատարուած
          անհատնում զոհողութիւններէն

Այսօր ոչ մէկ բան մնաց ափերուս մէջ
Ամէն ինչ սահեցաւ - հալեցաւ - շոգիացաւ
Ամէն ինչ մոռցուեցաւ
          կամ դիտմամբ մոռացութեան տրուեցաւ

Ոչ մէկ բան մնաց այսօր - ոչ մէկ բան
Միայն քու շրթներուդ հետքը մնաց շրթներուս վրայ

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Monday, August 05, 2019

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ։ ԴՈՒՆ ՍԷՐ


Մսեցայ
Տաքցուցիր զիս

     Ծարաւցայ
     Յագեցուցիր զիս

       Տառապեցայ
       Ամոքեցիր զիս

         Սայթաքեցայ
         Ուղղեցիր զիս

            Մթագնեցայ
            Լուսաւորեցիր զիս

Թօշնեցայ
Ծաղկեցուցիր զիս

     Հիւանդացայ
     Բժշկեցիր զիս

         Սխալեցայ
         Սրբագրեցիր զիս

           Անտեսուեցայ
           Գնահատեցիր զիս

             Կորսուեցայ
             Գտար զիս

Մեռայ
Ողջնցո՛ւր
Ողջնցո՛ւր զիս
Դուն ով սէր


ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Sunday, August 04, 2019

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ։ Կ՛ԱՆՑՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ՍԷՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ


Սեւ վարդ մըն է յիշատակը - կը թօշնի
Յաղթանակը հին աղբիւրի մը նման կը ցամքի
Ճակտի քրտինքը կը շոգիանայ
Վաստակը կը մոխրանայ
Անհանդարտ ճնճղուկ մըն է ժամանակը որ կը թռի կ՛երթայ
Կ՛անցնի կեանքը - սէրը կը մնայ

Նուաճումներն ու համբաւները տակաւ կը տժգունին
Թագերն ու շքանշանները կը ժանգոտին
Գահերն ու գահակալները կը մոռցուին
Սրընթաց գետ մըն է ժամանակը որ կը հոսի կ՛երթայ
Կ՛անցնի կեանքը - սէրը կը մնայ

Մարմինները կը հիւծին
Բառերը կը մաշին
Վրէժը - քէնը - նախանձը փսոր - փսոր կը փշրուին
Բազմութիւնները առանձնութեան անձրեւներուն տակ կը թրջին
Անզսպելի հով մըն է ժամանակը որ կը սուրայ կ՛երթայ
Կ՛անցնի կեանքը - սէրը կը մնայ

Կ՛անցնի կեանքը
           Կ՛անցնինք մենք
                        Սէրը կը մնայ


ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Saturday, August 03, 2019

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ։ ՎԱՌԷ՛ ԿՐԱԿ ՄԸՆ ԱԼ ԴՈ՛ՒՆ ՎԱՌԷ


Մարած կրակներու մոխիրներով մի՛ զբաղիր
Նոր կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ

Դեղնած տերեւներով մի՛ պարապիր
Թօշնած ծաղիկներով մի՛ տագնապիր
Նոր ծառ մը - նոր ծաղիկ մըն ալ դո՛ւն տնկէ

Հին առասպելներու հոսանքն ի վեր մի՛ նաւարկեր
Նոր դիւցազներգութիւն մըն ալ դո՛ւն կերտէ
Նոր հերոս մըն ալ դո՛ւն ստեղծէ

Լուռ հրաբուխներու գագաթին թառած
Լիճերուն մէջ մի՛ լողար
Հրաբուխ մըն ալ
Նոր հրաբուխ մըն ալ դո՛ւն եղիր
Եւ գաղափարի լաւաներով խաւարները փարատէ՛

Ժանգոտած կղպանքներով մի՛ մաքառիր
Փակ դռներով մի՛ պայքարիր
Լուսաւոր հորիզոններու վրայ բացուող
Նոր դուռ մըն ալ դո՛ւն եղիր

Մարած կրակներու մոխիրներով մի՛ զբաղիր
Մի՛ վարանիր - վառէ՛
Ճրագ մըն ալ
Կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Monday, December 31, 2018

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԵՒ ԲՈԼՈՐ ԱՆՈՆՑ



Եւ բոլոր անոնց համար
          որ կ՚աշխատին այս գիշեր
Անոնց
          որ պահ մը իսկ չեն զգար թէ կաղանդ է
Անոնց համար
          որ կաղանդ չունին
Անոնց
          որոնց համար կաղանդ չէ այս գիշեր

Բաժակս բոլոր անոնց գալիք կաղանդներուն
          ձիւնի նման հալող երազներուն համար կը բարձրացնեմ
Բաժակս բոլոր անոնց հուժկու մկաններուն
          հզօր ուղեղներուն կենաց կը պարպեմ
Բայց
          բայց բաժակս
                  հեծկլտուքի
                            հեծկլտուքի մը նման
                                      փշուր-փշուր
                                                 կը փշրուի


31.12.1975


Monday, January 01, 2018

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԱՅՍՕՐ



Մեր արիւնnղ վէրքերը մnռնալnւ
Ցնծnւթեան երգեր հիւսելnւ օրն է այսօր

Մեզի վիճակած դառնnւթիւնները մnռնալnվ
Նnր ծրագիրներ մշակելnւ օրն է այսօր

Պատառ մը հացի սիրnյն մեր մղած պայքարը մnռնալnւ
Երջանկnւթեան անnւշապnւրը համտեսելnւ օրն է այսօր

Ամէն ինչ մnռնալnւ-սրբելnւ-ջնջելnւ օրն է այսօր
Ամէն ինչ ներելnւ-հաշտnւելnւ օրն է այսօր

Ոխը-քէնը-սnւտը-կեղծիքը մէկ կnղմ հրելnվ
Սեղանին վրայ ''սէր''ը բազմեցնելnւ օրն է այսօր

Ամէն ինչ մեր ետին ձգելnվ
Վերստին սկսելnւ-վերստին կերտելnւ օրն է այսօր

Դարձեալ nւ դարձեալ յnւսադրnւելnւ
Բայց կրկին յnւսալքnւելnւ օրն է այսօր

Համաշխարհային խաբկանքի տօնն է այսօր


31.12.2017

Sunday, December 31, 2017

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԱՌԱՍՊԵԼ



Թել թել
Առասպելներ հիւսեցի յոյսերով
Ձեզի համար

Ճիւղ ճիւղ
Եղեւիններ զարդարեցի մոմերով
Ձեզի հետ

Թերթ թերթ
Օրացոյցներ թղթատեցի մատներով
Ձեզի պէս

Մինչ օրերու խօլ պարին մէջ
Առասպելները փշրուեցան
Եղեւինները թառամեցան
Օրացոյցները փճացան

Եւ հիմա
Ժամացոյցը երբ 12 անգամ լացաւ
Ան դարձեալ չեկաւ
Թէեւ խոստացած էր – պիտի գար

Ան իմ երջանկութիւնս էր – քու խաղաղութիւնդ
Ան մեր ազատութիւնն էր

Ան իմ – Ան քու – Ան մեր առասպելն էր խաբուսիկ


31.12.1974


Saturday, December 31, 2016

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ ԼԱՄՊԱՏԱ

Լօրային



Հայր – մայր ունեցանք
Ու հայրերու – մայրերու քաղցրութեամբ
Կաղանդներ ունեցանք
Անոնք ֆոքսթրոթ պարեցին
Մենք դիտեցինք
Կէտիկփաշացի Հայկոն – ականջը խօսի –
Կաղանդ Պապա եղաւ
Տուն տուն պտտեցաւ – խաղալիքներ բաժնեց
Մենք աչքերուն նայեցանք – վախցանք

Տարիներ անցան
Հայր – մայր եղանք
Հայրերու – մայրերու քաղցրութեամբ
Կաղանդներ չունեցանք
Միշտ ուրիշներու կաղանդներ պատրաստեցինք
Ուրիշներու Յարութեան համար Գողգոթաներ ապրեցանք
Պայքարեցանք ուրիշներու յաղթանակին համար
Տքնեցանք ուրիշներու երջանկութեան համար
Ուրիշներու ցնծութեան սիրոյն
կարօտներով – առանձնութիւններով տառապեցանք
Վարդեր քաղեցինք ուրիշներու համար
Մեր ձեռքերը արիւնեցան փուշերով
Մեր սիրտերը յուշերով

Բայց
Բայց այս գիշեր խոստում
Խոստում քեզի Լօրա
Այս գիշեր քեզի հետ
Քեզի եւ բոլոր մարդկութեան հետ
Ձեռք ձեռքի սիրտ սրտի
Լամպատա պիտի պարեմ


28.12.1989

Sunday, December 04, 2016

Պոլսոյ մէջ՝ պատմական նկար

Ձախէն աջ՝



Իգնա Սարըասլան, Օննիկ Ֆըչըճեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Վարդան Կոմիկեան եւ Յակոբ Մնձուրի (նստած)։։։ 1975-ին նկարուած Մարի Սարըասլանին կողմէ։

Thursday, December 31, 2015

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ



Թէ ինչպէս անցաւ տարի մըն ալ
Թէ ինչպէս
Սալաճագի նաւամատոյցէն
Մայրամուտ մը անգամ չկրցանք դիտել


28.12.1979


Tuesday, February 03, 2015

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ ԱՆԴԱՄ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ «ՓԷՆ»Ի ՊԱՏՈՒՈՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Գոհանակութեամբ կը տեղեկանանք որ Համաշխարհային Գրողներու Միութեան՝ ՓԷՆի Թուրքիոյ կեդրոնը կատարեց իր Ընդհանուր Ժողովը, ինչպէս նաեւ Պատուոյ Խորհուրդի եւ վարչութեան ընտրութիւնները։

Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլ, Մայա–Ճիւնէյթ Թիւրէլ թատրոնի հանդիսասրահին մէջ, որուն իրենց բազմահոծ մասնակցութիւնը բերին Թուրքիոյ գրական ու մամլոյ աշխարհին ներկայացուցիչները։

Ընտրութիւնները տուին հետեւեալ արդիւնքները։ Պատուոյ խորհուրդի որպէս անդամ ընտրուեցան թերթիս աշխատակից, բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, ինչպէս նաեւ թուրք գրականութեան եւ մամուլի երկու նշանաւոր անուններ՝ Ատնան Էօզեալչընէր եւ Տէնիզ Գավուքճուօղլու։

Յիշեցնենք թէ Իգնա Սարըասլան երրորդ անգամ ըլլալով կ՚ընտրուի այս պատուաբեր եւ հպարտացուցիչ պաշտօնին։ Իսկ Վարչութեան կազմը բաղկացաւ հետեւեալ անուններէ։ Նախագահ՝ Զէյնէպ Օրալ, անդամներ՝ Հալիլ Իպրահիմ Էօզճան, Թիւլին Տուրսուն, Թարըք Կիւնէրսէլ, Զէյնէպ Ալիյէ, Մարիօ Լէվի եւ Հայտար Էրկիւլէն։ Ընդհանուր Ժողովի աւարտին հրատարակուեցաւ գաղափարի եւ արտայայտութեան ազատութեան վերաբերեալ համապարփակ եւ խիզախ հաղորդագրութիւն մը։

Ընտրութեան արդիւնքները եւ Ընդհանուր Ժողովի հաղորդագրութիւնը լայնօրէն տեղ գտան թուրք եւ օտար մամուլի էջերուն, ինչպէս նաեւ համացանցային լրատուութեան միջոցներուն մէջ։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի աշխատակից ու հանրայայտ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանը։


Մարմարա օրաթերթ

Wednesday, December 31, 2014

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԿԷՍ ԳԻՇԵՐ ԷՐ

Դեկտեմբերի վերջին օրը - կէս գիշերին
Սեղանի մը շուրջ հաւաքուեցանք
Կաղանդը պիտի գայ ըսին
Սպասեցինք
Եւ չեկաւ


31.12.1976