Vahe Svadjian contributions to our Call for Poems on the topic of epidemics, illness, medicine, death and healing
Vahe Sivaciyan, Toronto, Ontario, Canada, has shared his original work. APP thanks him.
ՄԱՀԸ ու ՎԱԽԸ
Եթէ աշխարհի վրայ կայ միայն մի բան.
Որ անխախտելի իրողութիւն մըն է ան.
Մահն է անտարակոյս, օր մըն է ական
Այս աշխարհէն մեկնում մը վերջնական։
Ան նիւթ մըն է համայն մարդկութեան,
Ենթարկուած է ան միշտ անտեսութեան,
Պատճառ միշտ վախի ու անձկութեան,
Ինչպէս լացի ու կոծի եւ տխրութեան։
Արդեօք մարդ ինչո՞ւ կը վախնայ մահէն։
Ան, տարուած իր խաւարամտութենէն,
Կը տառապի, քան թէ փախչի ցաւէն,
Որով ան չ՝ուզեր բաժնուիլ աշխարհէն։
Մարդ հոգի մը ունի զատ մարմինէն։
Ինք մաս մըն է առնուած Քրիստոսէն,
Որով անմահ է, ինչո՞ւ վախնայ մահէն
Մարմինը հող կ՝ըլլայ, եկած էր ան հողէն։
Մարդն է Աստուծոյ մի արտայայտութիւնը,
Քանի Աստուած է միակ ճշմարտութիւնը։
Հետեւաբար, աշխարհ եւ մարդկութիւնը
Կը ներկայացնէ երազի մը գիտակցութիւնը։
Մահը, խորունկ քունով վերջ տալ է երազին։
Ուրիշ երազ մը երազել կարելի է անհատին,
Բայց եթէ անհատը կը ձգտի «Զարթօնք»ին,
Երազէն կ՝արթննայ, կը գիտակցի ստեղծիչին։
ԿԵԱՆՔԸ եւ ՄԱՀԸ
Ի՞նչ է նպատակը այս կեանքին։
Ապրիլն է եւ ըլլալ է միշտ երջանիկ։
Արդեօք չկա՞յ նպատակ մը վեհագին,
Որ արժանաւորէ կեանքը աշխարհիկ։
Մարդ ստեղծուած է կարողութեամբ
Տէր ըլլալու բարձր գիտակցութեան
Եւ զարթօքին տուած արթնութեամբ
Ծառայել է Աստուածայայտնութեան։
Ահա՜ աս է այն ճշմարիտ կեանքը,
Որ ամէն մարդ յաճախ կը փնտռէ։
Ան է յաւիտենականութեան փառքը
Եւ երանութիւնը որ գերազանց է։
Իսկ մարդ իր խաւարամտութեամբ
Կը զատէ կարճ կեանք մը հաճոյքի
Վերջը պսակաւորուած մահուամբ
Որ ընթացք մըն է տառապանքի։
Ինք, որ է դարձած իր «Ես»-ին գերի
Կը հպարտանայ իր կարողութեամբ
Եւ աշխարհիկ ցանկութիւններով լի
Կը հաւաքէ ինչքեր ագահութեամբ։
Ինք ցարդ չի գիտեր եւ չէ հասկցած,
Անոնք՝ պատճառը խաւարամտութեան
Են ճանապարհը մահուան՝ իր զատած։
Որուն վախն ալ կը հակասէ երջանկութեան։
ԿԵԱՆՔԸ
Աստուծոյ նուէրը մարդկութեան,
Որ է կորիզը մարդու Էութեան։
Այն մասնիկը Աստուածութեան,
Որ է Քրիստոս ի մէջ մարդկան։
Գիտակցութիւնն է ան ամէն մարդու,
Ան լոյսն է իրենց մարմիններու,
Ինչպէս նաեւ զգացումներու
Եւ կարողութեան տրամաբանելու։
Մարդ ինչպէս կ՝օգտագործէ
Այդ կեանքը, որ իրեն տրուած է,
Անտարակոյս այդ ալ իր նուէրն է
Որ Աստուծոյ ետ կը վերադարձնէ։
Պիտի ուզէի՞նք վատ նուէր մը տալ
Եթէ կ՝ուզենք Աստուծոյ հետ մնալ
Ու մեր տուած նուէրով արդարանալ
Երբ այս աշխարհի վրայ կայ մահանալ։
Լաւագոյն նուէրը Աստուածութեան
Կերտել է կենցաղ մը սրբութեան,
Որ ծառայէ Իր յայտնութեան,
Որ է գագաթը Աստուածպաշտութեան։
Վահէ Սվաճեան
ՄԱՀԸ
Մեր մարդկային տեսանկիւնէ,
Ամէն ծնունդ կը վերջանայ մահով։
Ուրեմն մէկը միւսին հակադիրն է.
Վախճան մը, որ կը սպասենք վախով։
Ամէն անձի ճշմարիտ էութիւնը
Իր Կեանքն է անխուսափելի,
Մահը չէ Կեանքի հակադիրը,
Կեանքն է ներկայութիւնը Քրիստոսի։
Երբ մարմինը ծերացած ու յոգնած
Չի ծառայեր Կեանքի նպատակին,
Կեանքը կը թողու մարմինը մեռած
Վերադառնալով Աստուածային ակին։
Վահէ Սվաճեան