Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԷՐ… ԳՏՆՈՒԵՑԱ՞Ւ
Առաւօտ կանուխ
մեծ խանդավառութեամբ
laptopս back up ընելու
երկար ատեն ձգձգած պարտականութեանս լծուեցայ
Ուրախացայ որ երկու ժամուան լարուած ճիգէս ետք աւարտեցի
այս կենսական աշխատանքը
Իրիկունը երբ file մը կը փնտռէի
անդրադարձայ որ երկու folder upgrade ընելու փոխարէն ջնջած եմ
առաւել` recycle binն ալ դատարկած եմ
չար վայրկեանի մը մի քանի սխալ կոճակներ սեղմած եմ
ա՛յս է ամենը բայց ասոր հետեւա՞նքը
այս երկու folderը վերադարձնելու կարելիութիւն չկայ այլեւս
եղածը եղաւ պէտք է ծայրէն սկսիմ
technologyն կատարեալ չէ
Երկու կարեւոր ծրար աղբարկղ նետեցի
իւրաքանչիւրը ունէր մօտաւորապէս 300 file
մին կը կրէր «Հայ մամուլէն էջեր (կարդացուած)» պիտակը
միւսը` «Հայ մամուլէն էջեր (կարդացուելիք)» պիտակը
կարդացուածը ի պահ պիտի մնար
կարդացուելիքը կամաց-կամաց պիտի կարդայի
երկուքն ալ քորոնաժահրի մեկուսացումի արգասիքն էին
Հիմա կը մտածեմ`
ի՜նչ բախտաւորութիւն որ կորսուած նիւթերը առցանց կան
ինծի կը մնայ
վերայցելել
վերագտնել
վերընթերցել
վերավայելել
վերահաւաքել
վերապահել
եւ… չվերակորսնցնել
Անշուշտ շատ ժամանակ պէտք է տրամադրեմ այս բոլորին համար
սակայն ուրախ եմ որ անփոխարինելի կորուստ չէ
քանի՜ հազար fileեր կան laptopիս մէջ որոնք տարիներէ ի վեր չեն բացուած
- ժամանակ չկայ
վերջերս բարեկամ մը մարդկային մահը ափսոսալով կը հաստատէր` «երկվայրկեանի հարց է սրտի զարկիդ կենալն է գացիր»
համացանցը չի՛ յայտներ թէ իւրաքանչիւր վայրկեան քանի folder եւ file մեր սխալով կ՛ոչնչանայ
բայց կը հաշուարկէ թէ ամեն վայրկեան մօտաւորապէս 106 մարդ կը մահանայ եւ 250 մարդ կը ծնի
կը վերյիշեմ թէ «Հայ մամուլէն էջեր (կարդացուած)» fileիս մէջ ունէի Յառաջէն քաղուած Վահէ Օշականի «Բանաստեղծի ուրուագիծ
(Տպաւորութիւններ Եղիվարդէն)»ը
online կը վերաբանամ եւ կ՛ըմբոշխնեմ.-
«Առաջին հարցումը որ կը հարցնէ ինծի մահուան վախը ունի՞ս է, ու հարցումը ետ ինքն իր վրայ դարձուցած եւ առանց պատասխանի սպասելու կը յարէ` ես չունիմ»
մեզմէ ոմանք մահէն կը վախնան
իսկ ոմանք` կեանքէն
Ամեն պատահար դաս մը կը սորվեցնէ մեզի`
Որոշեցի laptopիս աղբարկղը միայն մէկ շաբաթ յետոյ պարպել
որպէսզի կորսուածը կարենամ գտնել… նախքան ուշ ըլլալը
Մոնթրէալ-Գանատա 13 Մարտ 2021 Նարեկ արք. Ալեէմէզեան