Wednesday, May 05, 2021

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ ԺԱՄԱՑՈՅՑ


«Քու աչքիդ` հազար տարին երէկուան պէս ակնթարթ մըն է» (Սաղմոս 90.4)



1973 յունիս 

նախակրթարանէն շրջանաւարտ

կեանքիս առաջին ժամացոյցը նուէր ստացայ ծնողքէս`

անբիծ սէր եւ արդար հպարտութիւն 

մասնավճարով գնուած 

100 լիբանանեան ոսկի արժող “Citizen”-ի մը մէջ


Ժամացոյցը գնաց 

ժամանակը մնաց


Ամեն բանի ժամանակին մէջ աքցանուած

ծնիլ մեռնիլ

լալ խնդալ սիրել ատել 

ցրուել հաւաքել քանդել կառուցել

ցանել հնձել վիրաւորել բուժել

պատռել կարել պահել բաշխել

կռուիլ հաշտուիլ լռել խօսիլ

փնտռել գտնել

կը քալենք յաւիտենութեան ճամբորդ

երջանիկ մեր կատարած գործերով

ժամանակին մէջ հետք ձգելու խաբկանքով`

անցեալը ներկային մէջ

ապագան անցեալին հետ

անցեալ ներկայ ապագայ յարդգող աստուծոյ պլլուած

բարին եւ չարը ահեղ դատաստանի կշիռքին յանձնած

նոյն շունչով նոյն հողին երթալու 

նոյն գործին չափիչէն ճշդուած



Մոնթրէալ-Գանատա 27 Մարտ 2021         

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան


 

No comments: