Showing posts with label Manoug Manougian. Show all posts
Showing posts with label Manoug Manougian. Show all posts

Sunday, May 04, 2008

Մանուկ Մանուկեան։ Զեղում

Ամէն անգամ երբ պատուհանիդ առջեւէն,
որբի հոգիս կը լեցուի ու կը լայննայ, կը յորդի
երանութեամբ մը ոսկի, հպարտութեամբ մը բարի,
ու փոխուելով ան կ՛ըլլայ շքեղ դղեակ մը նորէն։


Մանուկ Ա. Մանուկեան
«Ճամբուս վրայ», անտիպ

Thursday, May 01, 2008

Մանուկ Մանուկեան։ Յայտնատեսութիւն

Գիտեմ, շատերը պիտի ըսեն հեգնանքով,
«ահա՛ մեռաւ երազուն
բանաստեղծ մ՛ալ» եւ յիշատակս շուտով
պիտի խամրի անանուն։

Մանուկ Ա. Մանուկեան
«Ճամբուս վրայ», անտիպ

Monday, April 28, 2008

Մանուկ Մանուկեան: Դառնութիւն

Ահա նորէն, ես ինծի, կը հարցնեմ տրտմագին,
Թէ մինչեւ ե՞րբ ցաւին հետ պիտի քալեմ միասին։
Թէ մինչեւ ե՞րբ կեանքը զիս, խորթ զաւակի մը նման,
պիտի յանձնէ իր վայրի քմայքներուն այլազան։


Մանուկ Ա. Մանուկեան
«Ճամբուս վրայ», անտիպ

Monday, April 21, 2008

Մանուկ Մանուկեան: Կը մտածեմ

Կը մտածեմ թէ պիտի գայ օր մ՛ուր ես ակամայ,
պիտի տանիմ սեւ հողին յանձնել իղձերս բոլոր,
ալ աչքերս չունենան պիտի իրենց առաջուայ
կեանքոտ բոցերն ու թաքուն խորհուրդները սիրածոր։

Մանուկ Ա. Մանուկեան
«Ճամբուս վրայ», անտիպ

Monday, April 07, 2008

Մանուկ Մանուկեան։ Մտալլկում

Կը մըտածեմ շատ անգամ - Ե՞րբ է վախճանը կեանքիս.
Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը հանգի տառապակոծ կեանքըս իմ …
Հոգիս ինչպէ՜ս պիտ՛ լըքէ խեղճուկ անօթը մարմնիս,
Ո՞ր տեսիլքէն, անմուրազ, պիտի փակուին աչքերս իմ։

Յանկարծօրէ՞ն պիտ՛ դադրի հիւանդկախ սիրտըս արդեօք.
Արնախուժո՜ւմ մը գուցէ՝ ուղեղիս մէջ փոթորկոտ.
Եւ կամ՝ մահ մը, փորը կուշտ, խաղաղօրէ՜ն եւ անհոգ,
Պայքարով մը թերեւըս, ճանկ ճանկի դէմ մոլեգնոտ։

Այսպէ՜ս յաճախ կը խորհիմ՝ օրէ օր քիչ մ՛աւելի,
Թէ ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ե՞րբ արդեօք պիտի դադրի կեանքըս իմ,
Որ եղաւ խիստ ալեկոծ, իտէալական եւ արի…

Գիտե՛մ, շատե՜ր ինծի պէս կը տառապին նոյն մըտքով,
Օ՜, բայց ինգքա՜ն կ՛ուզէի գիտնալ վախճանը կեանքիս.
Պատրաստուելու համար սոսկ այդ գալոցին հոգեխռով՝

Եւ քաջութեամբ դիմելու՝ դէպի հուտկ բանքը կեանքիս։


Մանուկ Ա. Մանուկեան
1944 սեպտեմբեր, Աթէնք
«Դար մը գրականութիւն», 1956