Saturday, July 25, 2026

Զաւէն Գ. Գրիգորեան: ՈՂԲԵՐԳ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԺՈԽԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

Կ’ողբամ Լիբանան՝ կ’ողբամ դառնագին
Մահդ ահաւոր սուգդ մոլեգին,
Պայծառ Ապրիլեան սեւ օրով խաւար,
Զէնքեր ու թանկեր՝ լաճեր կռուարար,
Քաղաք՝ դաշտ իջան որպէս փրկարար
Ու կեանքդ դարձաւ մութ դժոխք վթար:
Կ’ողբամ Լիբանան հոգիդ բարերար
Թէ քանդեցին քեզ մարդիկ խելագար,
Այրեցին սիրտըդ կտրիճներ յիմար,
Փլեցին տունըդ՝ պարտէզըդ դալար,
Լռեց մզկիթը՝ սրբազան տաճար
Եկեղեցիի աղօթքներն հազար,
Մարդը այլեւս ապրիլ չէր կրնար,
Ուր օրէնք չըկար,
Ուր աղօթք չըկար,
Ուր անձրեւի պէս ռումբեր կը տեղար:
Կ’ողբամ Լիբանան կեանքըդ բովանդակ
Ուր մարդը դարձաւ շատ աժան ապրանք,
Եւ դուն կամակար դիւր ծախուած դիակ,
Օտար ոյժերու վաճառուած մուրհակ:
Կ’ողբամ Լիբանան՝ գիրքերըդ հազար,
Լոյսի աղբիւրներ՝ գիրքեր գիւտարար,

Գիրքերըդ սիրոյ՝ կեանքի, գիտութեան,
Գիրքերըդ փարոս՝ վառ եղբայրութեան,
Որ ամբողջութեամբ աւազակներէ՝
Օր ու ցերեկով կողոպտըուեցան,
Մայթերու վրայ աժան ծախուեցան,
Անարգըուեցան ու պղծըուեցան,
Գիրքեր՝ յոյսի ու հաւատքի,
Գիրքեր՝ անգին ու սրբազան:
Կ’ողբամ Լիբանան երկիրդ մարմանդ,
Ուր մարդը կ’ապրէր ուրախ ու զուարթ,
Ուր ազատ խօսքը՝ պատիւ էր մարդուն՝
Իսկ մամուլը քաջ՝ լոկ ճշմարտութիւն:
Կ’ողբամ Լիբանան՝ հոգիդ մարդկային՝
Ժողովուրդըդ ջերմ՝ հողըդ թանկագին,
Հողըդ բարեբեր մայր Լիբանանի,
Հողէդ որ ծնան հանճարներ բարի՝
Բայց քանդեցին քեզ՝ մարդիկ նողկալի,
Հողըդ հերկուեցաւ ժահրոտ կապարով
Ու շաղախուեցաւ հէգ ժողովուրդի՝
Կարմիր արիւնով:

Կ’ողբամ Լիբանան մայրերդ բոլոր
Որոնք սեւ հագած կ՚ողբան քեզ այսօր,
Կ’ողբան զաւակներն որ կեանք չունեցան
Կեանքի պարտէզէն ծաղիկ քաղուեցան
Մատղաշ հասակի երազ չապրեցան:

1976

Զաւէն Գ. Գրիգորեան, Աթէնք, 2021