Showing posts with label Niver Silahli Daduryan. Show all posts
Showing posts with label Niver Silahli Daduryan. Show all posts

Sunday, February 20, 2011

Նուէր Սիլահլը Տատուրեան։ ՍԷՐԸ ՄԵՐ


Քով քովի եւ ուս ուսի
Պիտի երթանք ո՜վ գիտէ ուր
Բացի ծովու ուլականջներէն
Լուր պիտի չտանք ոչ ոքի—
Ու մեր սէրը շալկած
Պիտի հեռանանք
Բայց պիտի
Ուլականջները մամուռներուն
Մամուչները ձուկերուն
Ձուկերը ալիքներուն
Ալիքները ամպերուն
Ամպերը ձկնորսներուն
Ձկնորսները իրենց կիներուն
Մեր գաղտնիքը ‘ս’սան
Ու ամբողջ աշխարհ
Պիտի խօսի— սէրը մեր...

Նուէր Սիլահլը Տատուրեան, յունիս 1992. Նոր Սան Թիւ 11

Saturday, February 19, 2011

Նուէր Սիլահլը Տատուրեան։ ՀՈԳ Մ՚ԸՆԵՐ


Եթէ լսէր թէ
Ես պզտիկ աղջիկ մըն եմ դեռ—
Կը խնդար հաւանաբար.

Բայց հոգ մ՛ըներ—
Լուր պիտի չ՛ունենայ.
Քանի որ ինք
Դեռ չէ անդրադարձած թէ
Ականջներ ունի...


Նուէր Սիլահլը Տատուրեան, յուլիս 1992 [անտիպ]

Friday, February 18, 2011

Նուէր Սիլահլը Տատուրեան։ ԼՈՒԱՑՔ


Նոր լուացուած զգեստներ
Կախուած են չուանի վրայ
Կաթիլ կաթիլ ջուրեր
Նման շիթ շիթ արձունքներու
Կը վազեն այտերն ի վար գոյներուն...
Կանանչ պլուզը
Պզտիկ ճնճղուկ մը կը կանչէ իր քով
Ինքզինքը ծառ կարծելով.
Իսկ վարդի նման փէշը կարմիր
Շուրջը մեղուներ
Օճարի հրապուրիչ բոյր կ՚արձակէ
Կապոյտ տաբատը կը կորսուի
Երկինքին մէջ, անտեսանելի կը դառնայ.
Ու դեղին գուլպաներ
Իրենք զիրենք արեւի նմանցնելով
Կը ճառագայթեն, փափուկ տաքութեամբ.
Ատեն կ՚անցնի
Բոլորը կը չորնան, թաշկինակէն զատ
Ան մելամաղձոտ
Շիթ, շիթ արցունքներ այտերն ի վար...


Նուէր Սիլահլը Տատուրեան
ՆՈՐ ՍԱՆ, Թիւ 2, 1991