Monday, December 23, 2024
Friday, January 01, 2021
Մուշեղ Իշխան։ Սեղանին շուրջ կաղանդի
Հին ընկեր մը մանկութեան
Նոր Աշխարհէն Աւետեաց
Իր թուղթին մէջ կարօտի
Այսպէս կ'ըսէ սրտաբաց.--
Այս տարի,
Սեղանին շուրջ Կաղանդի
Բոլորուեցանք ութ հոգի՝
Ես ու կինս լռակեաց,
Երկու բաժակ կիսով լի
Եւ չորս պատեր մերկացած
Ութը անձ...
Սպասեցինք ընդերկար,
Որ շնչաւոր մէկը գար,
Զարնէր մեր դուռը ամուր
Եւ սրտալի բարեւ տար:
Սպասեցինք մենք ի զուր
Մեր հիւրերուն,մեր զաւկին,
Ու երբ որ ձայնը զանգին
Մնաց երկար քարացած,
Կինս ըսաւ.«Խմենք, մա՛րդ,
Խմենք կենացը անգին
Մեր սիրելեաց բացակայ»:
Լռութեան մէջ անձկագին
Բաժակը լոկ զրնգաց,
Շրթները լուռ մնացին,
Պատերը՝ մերկ մեր դիմաց
Եւ չտուին արձագանգ:
Տօնածառը գլխահակ,
Իր լոյսերով ամօթխած,
Նայեցաւ մեզ ու գթաց...
Ժամերն յետին հին տարուան
Դանդաղօրէն, ծանրօրէն
Դարձան դիակ անկենդան,
Բայց Նոր Տարին տիրական
Ներս չմտաւ մեր սեմէն։
Կաղանդ պապան խելացի
Ինչու՞ մեզի գար այցի.
Երկու պանդուխտ ալեհեր,
Կինս ըսաւ. «Խմենք, մա՛րդ,
Խմենք կենացը նորէն
Մեր զաւակին ու թոռան»։
Բաժակը մեղմ զընգաց,
Նայեցայ ես փակ դրան.
Գինին կոկորդս մնաց…
Եւ լռութեան մէջ յանկարծ
Աւետաբեր հեռաձայն՝
«Հէլօ՜ պապա, հըլօ՜ մամ,
Շնորհաւոր Նոր Տարի,
Յուսամ որ լաւ անցուցիք
Ձեր երեկոն Կաղանդի…»
Այո՜, մենք հոս այս տարի,
Սեղանին շուրջ Կաղանդի
Բոլորուեցանք ութ հոգի --
Կինս ու ես լռակեաց,
Երկու բաժակ կիսով լի
Եւ չորս պատեր մերկացած՝
Ութը անձ…
25 Ապրիլ 1982
Մուշեղ Իշխան
Posted by Armenian Poetry Project at 1/01/2021 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Thursday, December 22, 2016
Մուշեղ Իշխան։ Նամակ Կաղանդ Պապային
Կաղանդ պապա,
Իմ այս նամակս առաջին
Քե՛զ կը գրեմ ես ահա
Եւ կարօտով կը յանձնեմ քու սուրբ աջին։
Ու՛ր ալ ըլլաս,
Պիտի անշուշտ զայն կարդաս
Եւ անհամբեր պիտի բռնես դուն կրկին
Մեր տան ծանօթ հին ուղին։
Քեզ չեմ մոռցած,
Ինչպէ՜ս կրնամ մոռնալ քեզ.
Ամէն գիշեր, երբ քնանամ, դուն յանկարծ
Մօտս կուգաս եւ կը սարքես մեծ հանդէս,
Իսկ ցերեկներն ալ թէեւ
Կը հեռանաս մեր քովէն,
Կ'ըլլաս երազ, կ'ըլլաս երկինք ու արեւ,
Բայց սրտաթունդ միշտ կը լսեմ ես նորէն
Քու ոտնաձայնդ հեռուէն...
Պէտք է դուն ալ մեծ կարօտով ի՛նձ յիշես.
Քանի՞ մանչուկ ինծի պէս
Կրնաս գտնել դուն այսօր
Քու փայփայած մանուկներուդ մէջ բոլոր...
Թռչուններու բերած այդ սուտ լուրերուն.
Ես եմ տիպարն ամենուն,
Հեզն ու բարին
Եւ ամենէն արժանին՝
Հրաշազան նուէրներուդ գոյնզգոյն...
Յանուն փառքիդ անսահման
Եւ փառաշուք մօրուքիդ՝
Որքան ուզեն՝ լաւ խոստումներ կուտամ միշտ
Ծնողներուս սիրական.
Լացող տղան
Ես չեմ , պապիկ ,այլ անպիտան սատանան,
Որ կը վանեմ մէջէս դուրս
Եւ կը դառնամ համակ ժպիտ, համակ լոյս։
Մայրս կ'ըսէ որ այս տարի
Քիչ մը հոգի եւ քիչ մը խելք ու շնորհ
Բերես ինծի,
Բայց չլսե՛ս դուն անոր.
Խելք ու շնորհ՝
Այնքա՜ն ունիմ որ կը բաշխեմ ես ձրի՜...
Կողովիդ մէջ խորհրդաւոր
Լեցուր շուտով ինձ համար
Շաքար ու միրգ ու խաղալիք անհամար։
Կաղանդ պապա,
Որքան կրնաս շուտ եկուր,
Ալ չեմ վախնար, ես կը սիրեմ քեզ հիմա.
Դուն մի նայիր իմ բառերուս կցկտուր,
Դէմքիս գոյնին ու քայլերուս դողահար։
Ձեռքըդ վստահ մօտեցուր
Իմ բոցավառ շրթներուն.
Որքան ատեն զայն երկարես լեփ-լեցուն՝
Կը համբուրեմ անպատճառ,
Նոյնիսկ կ'երգեմ քեզ համար
Ու չեմ դպիր քու մօրուքիդ թելերուն...
Երբ մեզի գաս եւ Կաղանդի բերես տօն,
Չըլլայ մոռնաս դուն նաեւ
Մեր դրացի Տիգօն, Մարօն եւ Կարօն,
Որոնք ունին շատ բարեւ
Եւ որոնց հետ ծեծ ու կռուի բարեկամ՝
Ես միասին կը խաղամ։
Հայրս կ'ըսէ՝ Մասիսն է լոկ մեծ ընծան,
Որ դուն օր մը կրնաս բերել հայ տղոց,
Որուն մէջ կայ ամէն բան -
Աստղ ու լուսին ոսկեզօծ,
Կրակ ու բոց,
Հսկայ շուներ պահապան,
Շղթայակապ հին քաջեր
Եւ հրեղէն նժոյգներ...
Կաղանդ պապիկ, ես այդ Մասիսը կ'ուզեմ,
Դիր անիւներ ոտքին տակ
Ու համարձակ քշէ՛ մեր տունը շիտակ,
Բե՛ր ինձ նուէրն այդ վսեմ:
Օ՜, մի՛ վախնար, չեմ կոտրեր,
Զայն կը պահեմ սրտիս դէմ՝
Իբրեւ բարի հրեշտակ
Եւ գահակալ իբրեւ հզօր բռնատէր։
Կ'ըսեն որ դուն ամէն տարի Մասիսէն
Կուգաս արդէն.
Մազերդ ամբողջ բամպակ ու ձիւն են դարձեր՝
Իր ձիւներուն մէջ անհուն։
Ափսո՜ս որ շա՛տ ես դուն ծեր,
Բեռներու տակ կորաքամակ, դողդոջուն.
Ափսո՜ս որ չես կրնար դուն
Քալել արագ գայլիկներու նման վէս
Եւ կ'ուշանաս միշտ այդպէս։
Ինչո՞ւ սակայն ոտքով կ'երթաս տունէ տուն
Ու չես առներ ի վերջոյ
Կամ օդանաւ, կամ օթօ։
Աստուած պապա, Կաղանդ պապա, Տէր պապա,
Մերթ բացակայ, մերթ ներկայ՝
Մեր քովն էք դուք եւ ամպերուն մէջ անհետ.
Ես դեռ յաճախ կը շփոթեմ իրար հետ
Ձեր կերպարանքը հսկայ.
Բայց մէջերնին դուն լաւագոյնն ես կարծեմ,
Առատաձեռն ու բարին,
Ահա ինչու՛ իմ այս նամակս առաջին
Սիրով քեզի՛ կը ղրկեմ...
Posted by Armenian Poetry Project at 12/22/2016 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Friday, November 27, 2015
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ։ Վաղուան տունը
Posted by Armenian Poetry Project at 11/27/2015 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Saturday, May 30, 2015
Մուշեղ Իշխան: Հրդեհը
Ես դեռ մանուկ` տեսայ հրդեհն հայ տուներուն,
Երբ գիւղն ամբողջ գնդակներուն տակ կը թնդար,
Երբ կը փախչէր խելագար մարդ, անասուն
Մինչև երկինք նետուող բոցեր օձագալար:
Մղձաւանջին մէջ հրկիզուող հայ տուներուն
Անկէ ի վեր կ՛ապրի հոգիս ﬕնչև այսօր
Խլեակներու ծխապատ հեծքը ու ճարճատիւն,
Ճիչն ամբոխին և բոցերու սարսափն հզօր:
Ոչինչ կրցաւ մարել հրդեհն այդ իմ կեանքէս.
Ոչ ովկիաններն ուրկէ անցայ գինովի պէս,
Ոչ փառքն` օտար նոր շէնքերուն գեղաքանդակ…
Եւ հիմա ﬕշտ կը տեսնեմ մութ կամ արեան գոյն
Աշխարհն ամբողջ լեռ, դաշտ, ծաղիկ, մարգեր, քաղաք.
Աչքերս լի ծուխ ու բոցոﬖ հայ տուներուն…
Մուշեղ Իշխան «Լուսեղէն Տրտմութիւն» Գիրքէն
Posted by Armenian Poetry Project at 5/30/2015 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Friday, May 29, 2015
Մուշեղ Իշխան: Որբերու Բանակ
Մուշեղ Իշխան «Լուսեղէն Տրտմութիւն» Գիրքէն
Posted by Armenian Poetry Project at 5/29/2015 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Thursday, May 28, 2015
Մուշեղ Իշխան: Նոյնն Է Ճամբան
Posted by Armenian Poetry Project at 5/28/2015 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Wednesday, May 27, 2015
Մուշեղ Իշխան: Լիբանան
Մուշեղ Իշխան «Լուսեղէն Տրտմութիւն» Գիրքէն
Posted by Armenian Poetry Project at 5/27/2015 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Tuesday, December 23, 2014
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ԳՆՉՈՒԻ ՎՐԱՆԸ
Այծի մազե վրանին տակ, թուխ և աղուոր գնչուհին
Շա՜տ գիշերներ երազեց լուռ, հոգին խռով, աչքը բաց`
Ապրիլ ինքն ալ հեքիաթային կեանքը ոսկի պալատին,
Կրել մանեակ, վառ ադամանդ, հագնիլ սնդուս և մետաքս:
Եկաւ իշխանն իր երազին` հրաշքի պէս դիւթական
Եւ հրեղէն ձիուն վրայ զինքը գրկեց ու թռցուց,
Դէպի սիրոյ, երանութեան աշխարհ մը նոր ու փարթամ:
Ան ունեցաւ ամէ՛ն պերճանք դղեակի ճոխ յարկին տակ.
Գտաւ հանդերձ ոսկեճամուկ, փետուրէ բարձ ու մահիճ,
Միշտ նաժիշտներ խօսքին հլու, միշտ խնկարկու մեծարանք,
Գտաւ սեղան վայելքներու և գորգապատ մեծ դահլիճ:
Բայց օրէ օր իջաւ թախիծ իր աչքերու գիշերին.
Սէրը շղթայ դարձավ իրեն, դղեակը` բանտ մը շատ նեղ,
Եւ իր աճող տաղտուկին մէջ՝ յանկարծ զգաց գնչուհին,
Որ իրենց պարզ վրանին պէս չկար ուրիշ անուշ տեղ:
Կեցած անշարժ իր մեծադիր հայելիին դէմ արծաթ,
Յիշեց տրտում` հին վրանին բարակ գմբէթն աստղավառ,
Խարոյկին շուրջ, իրենց ցեղի երգ ու պարերը զուարթ,
Յիշեց օրերն իր թափառիկ և արտասուեց դառնաբար:
Եւ մէկ գիշեր, լռութեան մեջ, երբ ամէն ինչ կը ննջէր,
Դղեակի մեծ դարպասէն դուրս անցաւ գաղտնի, առանձին
Եւ թողած գանձ, թողած վայելք, խենթի մը պէս անհամբեր`
Բռնեց ճամբան մութ ու մոլոր` այծի մազէ վրանին...
Posted by Armenian Poetry Project at 12/23/2014 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Wednesday, November 06, 2013
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ՀԱՅ ՄԱՄԻԿԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
Թշնամիս իսկ մեզ նման ուրիշի դուռ չձգես:
Անասունին կու տաս որջ եւ թռչունին՝ տաքուկ բոյն,
Իսկ մարդոց ալ մեղաւոր՝ տո՜ւր ապաւէն մէկ անկիւն:
Թող պալատներ վայելեն մեծահարուստն ու արքան,
Մեզ արժանի ըրէ, Տէ՛ր, մեր խրճիթին աննշան:
Ո'չ հանգիստ կայ, ո՛չ ալ քուն ցուրտ յարկին տակ օտարին,
Ա՜խ, եօթն օրէն աւելի հիւր չպահես ո՛չ ոքին:
Քու օրհնութիւնդ իջնէ, Տէ՜ր, ամբարներուն մեր նորէն,
Եւ օտարներ կշտանան մեր լիառատ սեղանէն:
Մեր սրտերուն հետ կարօտ, հին աղօթքներն ալ չորցան,
Առանց տոհմիկ այն խունկին, որ կը ծխար քու անուան:
Ծիծաղն է լաց, երբ մարդուն չի տար իր տունն արձագանգ,
Եւ արցունքն ալ՝ դառն հեգնանք, երբ չկան երդ ու փականք:
Տո՜ւր որ, Աստուա՛ծ, ամէն սիրտ վառի իր սուրբ օճախէն,
Որ չմարի մոմի պէս կեանքի դաժան հովուն դէմ:
Տո՜ւր որ ամէն ուռճացող մատղաշ հասակ իր կարգին
Զգայ յանկարծ ուսերուն բեռն իր նուշ երդիքին:
Ծնող մանուկն առջի հեղ տեսնէ տնակն հայրական
Եւ ծերունին իր տան մէջ փակէ աչքերն յաւիտեան:
Posted by Armenian Poetry Project at 11/06/2013 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Wednesday, May 22, 2013
Մուշեղ ԻՇԽԱՆ։ Օրհնութիւն
Կ՛ընծայեն մեզ իբրեւ լուսէ պատարագ`
Այսօր կ՛օրհնեմ քեզ աղօթքով հնաւանդ:
Ո՛չ ալ, աւա՜ղ, կ՛ըլլայ վրադ հովանի
Հայրենի տան մեր հին կաղնին վիթխարի,
Սակայն իմ մէջ` պապերուդ շո՛ւնչն է հզօր:
Որոնք կեանքէն աչքերնին բաց մեկնեցան,
Որոնց հոգին օրհնէքի տեղ հայրական`
Դարձաւ անէծք աշխարհի չար բախտին դէմ:
Տանին կարկաչ, տանին ճաճանչ երկնային
Ծարաւահիւծ սրտերու մութ սափորին
Եւ ծաղիկներ սփռեն բոլո՜ր ափերուն:
Եւ ոսկին պաղ` բուռ մը արեւ կենսատու,
Երբ դուն հպիս ատելութեան ժայռերուն`
Սիրոյ ակեր բխին մատնէդ քու անվերջ:
Թող ուրիշներ քամեն գինին խնդութեան
Եւ արցունքիդ շիթերն անգամ որ կ՛իյնան`
Գիշերն անյոյս թող աստղերով զարդարեն…
Մեծ ամբոխներ շարժին խիզախ երթիդ հետ
Եւ ամէնուր քեզ սպասեն ակնդէտ,
Ինչպէս գարնան աւետաբեր ծիծեռնակ…
Posted by Armenian Poetry Project at 5/22/2013 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Saturday, November 26, 2011
Մուշեղ Իշխան։ Նոյն ամուրին
Նոյն թաղը խեղճ, նոյն բանալին, նոյն խուցը մթին,
Նոյն պատը գորշ եւ հնամաշ միշտ նոյն կարասին…
Կեանքի միակ ժպիտն է հոն կէս բաժակ գինի
Եւ սեղանին՝ բաց թերթին քով՝ երկու շերտ հացի։
Նոյն հայելին եւ ծերացող նոյն երեսը կախ,
Նոյն բարձը հին եւ միշտ պարապ նոյն մահիճը պաղ։
Փեղկերէն ներս՝ ո՛չ մէկ տաքուկ սիրոյ ճառագայթ,
Ոչ մէկ մանուկ եւ հոգեբուխ ո՛չ մէկ տաղ զուարթ։
Նոյն ամուրին որ նոյն ժամուն կու գայ գողէ գող
Եւ կը շնչէ նոյն հին փոշին, նոյն հոտը վանող։
Հին յուշերու շատոնց թոռմած նիհար ծաղկեփունջ,
Ո՛չ մէկ գալիք, ո՛չ մէկ գարնան կենսանորոգ շունչ…
Նոյն առօրեան, նոյն ծուխը մեղկ՝ իր լուռ շրթներուն,
Նոյն երթը ծոյլ, նոյն դարձը խոնջ ամէն իրիկուն…
1964 Սեպտեմբեր
Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968
Posted by Armenian Poetry Project at 11/26/2011 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Friday, November 25, 2011
Մուշեղ Իշխան։ Այս հացը ճերմակ
Այս հացը ճերմակ, իմ ձեռքէրուս մէջ,
Մերժուած կեանքի կարօտ է անշէջ.
Աչքերուն առջեւ անհամար մարդոց՝
Երազ է անհաս, ճանապարհն անվերջ…
Պատառը հացին, կակուղ ու ճերմակ,
Արեան համ ունի ակռաներուս տակ,
Անօթի մարող, անօթի մեռնող
Աշխատաւորին արիւնով կրակ…
Որքա՜ն մարմիններ՝ մոմի պէս հալած,
Իւղասպառ լոյսով աչքեր կիսաբաց,
Որքա՜ն սովատանջ մանուկներ կմախք,
Որոնք կ՛աղերսեն կտոր մը չոր հաց…
Օ՜, ինչպէ՜ս ծամել վայելքով հեշտին
Այս հանապազորդ պատառը հացին,
Աշխարհէ աշխարհ քաղցը ցաւագին…
Երբ թոյն ու ոճիր կը դիզէ հիմա
Իմ ձեռքերուս մէջ այս հացը ճերմակ
Կը դառնայ սեւ քար ու սեւ տառապանք,
Անօթի մարող, անօթի մեռնող
Անհամար մարդոց անէծքով կրակ…
1964 Օգոստոս
Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968
Posted by Armenian Poetry Project at 11/25/2011 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Wednesday, November 23, 2011
Մուշեղ Իշխան։ Մարդ մը կը ծեծեն
Ամառնամուտի խաղա՜ղ իրիկուն.
Ծառերուն վրայ՝ թռչուններ զուարթ…
Ո՞վ գիտէ որ արդ,
այս անուշ պահուն,
Մարդկային ձայնի լարերով բոլոր,
Տառապանքն անհուն, ցաւը մեծազօր
Գայլի պէս կ՛ոռնայ…
Հիմա, օ՜ հիմա,
Երբ դուրսը պայծառ արեւէ է փռուեր,
Բանտի մը մթին նկուղին մէջ խոր,
Բիրերով զինուած մարդկային ձեռքեր
Հեշտանքով վայրագ եւ մոլեգնօրէն
Մարդ մը կը ծեծեն։
Ամառնամուտի խաղա՜ղ իրիկուն,
Անցորդներ ուրախ կ՛երթան դէպի տուն…
Ո՞վ կը կասկածի,
թէ ճիշտ ա՛յս պահուն,
Խոնաւ յատակին մութ բանտախուցի,
Մարդու մը մէջքին, գլխուն, ուսերուն
Հաստ կաղնեփայտի եւ խարազանի
Հարուածներ կ՛իջնեն։
Լպրծուն ու տաք արիւն կը ժայթքի
Կոկորդէն, քիթէն…
Թռչող պարանի սոյլեր ահաւոր
Ակօս առ ակօս իր մերկ կռնակին
Դաշտը կը հերկեն…
Ամէն մէկ զարկին՝
Ոսկորներ ճաթած եւ ճղակտոր
Կը դառնան ցաւի մեծագոռ շեփոր…
Ամառնամուտի խաղա՜ղ իրիկուն,
1968 Ապրիլ
Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968
Posted by Armenian Poetry Project at 11/23/2011 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Sunday, November 20, 2011
Մուշեղ Իշխան։ Ես դեռ կը քալեմ
Ես դեռ կը դիտեմ երկինքը կապոյտ,
Մութ է քու վերեւ.
Ես դեռ կը տեսնեմ շողքն աչուըներուդ,
Դուն չունիս արեւ։
Ես դեռ կը լսեմ ձայնըդ հոգեթով,
Դուն լուրռ ես յաւէտ,
Ես դեռ կը խայտամ քու շէն ծիծաղով,
Դուն գացիր ցաւէդ։
Ես դեռ կը տեսնեմ սիրելիդ ժպտուն,
Դուն չունիս կարօտ,
Ես դեռ կը ժպտիմ հին ընկերներուն,
Ո՛չ ոք կայ քու մօտ։
Ես դեռ կը սպասեմ լուսաշող վաղուան,
Դուն եղար անցեալ.
Ես դեռ կը քալեմ նոյն ծանօթ ճամբան,
Դուն՝ մե՜ծ կորուսեալ…
1967 Յուլիս
Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968
Posted by Armenian Poetry Project at 11/20/2011 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Friday, November 18, 2011
Մուշեղ Իշխան։ Աշխարհի ցաւով
Սիրտս կ՛արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուա՛ծ իմ, չորս դիս,
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս։
Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն,
Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց,
Եւ նոր ոճիրներ, իմ շուրջն ու հեռուն
Կը ծնին մարդիկ՝ արիւնով հարբած։
Գլուխս ի՞նչպէս ես դնեմ բարձիս
Եւ ննջեմ խաղաղ, աներազ քունով,
Երբ անդին անքուն մօտիկ դրացիս
Կը հսկէ զաւկին հոգեվարքին քով։
Սուրի ու սովի կը դառնան աւար,
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն,
Եւ ոտքի կոխան՝ հասկեր անհամար,
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն։
Ես ինչպէ՞ս նստիմ խնջոյքի սեղան
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան,
Որբի մը բերնէն պատառը հացի։
Աստուա՜ծ իմ, որքան անարդար վճիռ.
-- Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս…
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր.
-- Աշխարհի ցաւով հիւա՜նդ է հոգիս։
Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968
Posted by Armenian Poetry Project at 11/18/2011 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Thursday, November 17, 2011
Մուշեղ Իշխան: Տառապանք
Ցնորք է գուցե մեր շուրջ ամէն բան,
Աչքերը մարդուն՝ խաբկանքի պաստառ,
Անցքերն աշխարհի՝ լոկ շարժանկար,
8նորք է գուցէ մեր շուրջ ամեն բան։
Կսկիծն է կեանքին միայն իրական,
Տառապանքը խոր ու բազմախորհուրդ,
Ամէն սրտի մէջ եռացող սնունդ,
Կսկիծն է կեանքին միայն իրական։
Յուշ է երազի՝ պահը խնդութեան,
Յոյսի արձագանք՝ ծափ ու ցնծութիւն,
Լուսնկայի ցոլք՝ ժպիտը մարդուն,Յուշ է երազի՝ պահը խնդութեան։
Արցունքն է կեանքին միայն իրական,
Ամէն ժամ քամուող հիւթը այս հողին,
Մեր արբեցութեան հրաշէկ գինին,
Արցունքն է կեանքին միայն իրական։
Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968
Suffering
by Moushegh Ishkhan (1913-1990)
Perhaps all this around us is a dream,
Our human eyes the screen of this delusion,
The occurrences of life a motion picture show,
Perhaps all this around us is a dream.
Only the misery of our life is real,
Mysterious and profound our suffering,
A bubbling broth of tears, food for the soul,
Only the misery of our life is real.
Joy is but a momentary memory of dreams,
Laughter and high spirits the echoes of some fleeting hope,
The smiles of men just shimmerings of moonlight,
Joy is but a momentary memory of dreams.
Alive our tears alone really exist,
The essence of this world, distilled eternal,
The shining spirits of intoxication,
Alive our tears alone really exist.
This translation by William Kennedy with Vahé Oshagan appeared in RAFT, volume 5, 1991.
Posted by Armenian Poetry Project at 11/17/2011 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan, Translated into English
ԳԻՐՔ ՄԸ ՀԵՂԻՆԱԿ ՄԸ։ Մուշեղ Իշխան եւ «Տառապանք»
Հրատարակութիւն Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի շարքէն, Թիւ 1 հատոր, Անթիլիաս 1968
For more information about the author:
http://en.wikipedia.org/wiki/Moushegh_Ishkhan
Posted by Armenian Poetry Project at 11/17/2011 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Book, Lebanon, Moushegh Ishkhan
Sunday, January 23, 2011
Մուշեղ Իշխան։ Հայ լեզուն տունն է հայուն
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կ՛ըստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն,
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ։
Քանի՜ դարեր եւ քանի՜ ճարտարապետ հանճարներ
Աշխատեցան անոր տալ վեհութիւն, գեղ ու պերճանք,
Քանի՜ գեղջուկ բանուորներ տքնեցան տիւ եւ գիշեր,
Որոնք թաղուած են հիմա մոռացութեան մութին տակ։
Մշտանորոգ ու միշտ հին՝ ան կը տեւէ դարէ դար,
Իր ճրագները՝ միշտ լոյս, իր օճախին հուրը՝ վա՛ռ,
Բարիքներով անսպառ լեցուն ամբարն ու մառան։
Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՜ն ապագան...
1936
«ՏՈՒՆԵՐՈՒ ԵՐԳԸ» Պէյրութ 1936
Posted by Armenian Poetry Project at 1/23/2011 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan
Saturday, March 06, 2010
Մուշեղ Իշխան: Հայրենակից, ո՞ւր կ’երթա՛ս
Ծովուն վրայ եւ հողին,
Օդերուն մէջ հեռահաս
Հայը կ՚երթայ, կը սուրայ
Խենթ հովերուն հետ բախտին…
Հայրենակից, ո՞ւր կ’երթա՛ս.
Ամէն երթի ու կայքի
Տե՛ս, վրայէդ կը թափի
Հայու հոգիդ մաս առ մաս…
Հայը կ’երթայ, կը սուրայ
Հորիզոններ հեռակայ
Եւ արծաթի մը համար
Կը զոհէ գանձ ու գոհար…
Երկրէ երկիր, ափէ ափ,
Այսպէս մոլոր, վազնէ վազ,
Քիչ մ՚աւելի գունաթափ,
Հայրենակից, ո՞ւր կ’երթա՛ս…
Posted by Armenian Poetry Project at 3/06/2010 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Lebanon, Moushegh Ishkhan, Translated into English