Մուշեղ Իշխան։ Սեղանին շուրջ կաղանդի
Հին ընկեր մը մանկութեան
Նոր Աշխարհէն Աւետեաց
Իր թուղթին մէջ կարօտի
Այսպէս կ'ըսէ սրտաբաց.--
Այս տարի,
Սեղանին շուրջ Կաղանդի
Բոլորուեցանք ութ հոգի՝
Ես ու կինս լռակեաց,
Երկու բաժակ կիսով լի
Եւ չորս պատեր մերկացած
Ութը անձ...
Սպասեցինք ընդերկար,
Որ շնչաւոր մէկը գար,
Զարնէր մեր դուռը ամուր
Եւ սրտալի բարեւ տար:
Սպասեցինք մենք ի զուր
Մեր հիւրերուն,մեր զաւկին,
Ու երբ որ ձայնը զանգին
Մնաց երկար քարացած,
Կինս ըսաւ.«Խմենք, մա՛րդ,
Խմենք կենացը անգին
Մեր սիրելեաց բացակայ»:
Լռութեան մէջ անձկագին
Բաժակը լոկ զրնգաց,
Շրթները լուռ մնացին,
Պատերը՝ մերկ մեր դիմաց
Եւ չտուին արձագանգ:
Տօնածառը գլխահակ,
Իր լոյսերով ամօթխած,
Նայեցաւ մեզ ու գթաց...
Ժամերն յետին հին տարուան
Դանդաղօրէն, ծանրօրէն
Դարձան դիակ անկենդան,
Բայց Նոր Տարին տիրական
Ներս չմտաւ մեր սեմէն։
Կաղանդ պապան խելացի
Ինչու՞ մեզի գար այցի.
Երկու պանդուխտ ալեհեր,
Կինս ըսաւ. «Խմենք, մա՛րդ,
Խմենք կենացը նորէն
Մեր զաւակին ու թոռան»։
Բաժակը մեղմ զընգաց,
Նայեցայ ես փակ դրան.
Գինին կոկորդս մնաց…
Եւ լռութեան մէջ յանկարծ
Աւետաբեր հեռաձայն՝
«Հէլօ՜ պապա, հըլօ՜ մամ,
Շնորհաւոր Նոր Տարի,
Յուսամ որ լաւ անցուցիք
Ձեր երեկոն Կաղանդի…»
Այո՜, մենք հոս այս տարի,
Սեղանին շուրջ Կաղանդի
Բոլորուեցանք ութ հոգի --
Կինս ու ես լռակեաց,
Երկու բաժակ կիսով լի
Եւ չորս պատեր մերկացած՝
Ութը անձ…
25 Ապրիլ 1982
Մուշեղ Իշխան
No comments:
Post a Comment