Եթէ այսօր ունեցար յաջողութիւն մը փայլուն,
Մի՛ ծուլանար, մի՛ թուլնար,
Մի՛ նստիր եւ ուշ մի՛ տար երէկուան շուտ անցնելուն,
Վերադարձն է անհընար…։
Յիշէ՛ ԱՆՑԵԱԼՆ, ի ԲԱՐԻՆ զոհէ՛ ՆԵՐԿԱՆ վաղանցիկ,
Քիչ մ՛աւելի՜ ելի՛ր վե՜ր,
Մի՛շտ խորհելով ՎԱՂՈՐԴԱՅՆՆ՝ աւելի՛ ճոխ, գեղեցիկ,
Շա՛տ աւելի գերիվեր։
Եթէ այսօր զգացիր ներքին աճումն հոգեկան,
Ազնիւ տենչանք ունեցի՛ր
Վե՜ր նայելու, բարձունքներ դեռ լեռներէն անդի՜ն կան,
Հորիզոննե՜ր դեռ անծի՜ր…
Իտէալներ բարձրագոյն քե՜զ կը սպասեն տակաւին,
Վե՜ր նայելու, բարձունքներ դեռ լեռներէն անդի՜ն կան՛
Հորիզոննե՜ր դեռ անծի՜ր…
Իտէալներ բարձրագոյն քե՜զ կը սպասեն տակաւին,
Վե՜ր ելի՛ր քայլ մ՛աւելի,
Վերելքի ո՛ւժը կամքիդ թող չի պակսի բընաւին,
Անկարելին կարելի՜
Ըլլայ պիտի այն անձի՛ն որ կը տենչա՜յ անվըհատ,
Կը մագլցի՜ յարատեւ,
Զառիվերի խոնջերէն չըլլար երբեք յուսահատ,
Գիտէ՜, վերն օդն է թեթեւ…։
Եթէ տեսնես հեռաւոր լերանց բարձունքն մէջ ամպոց,
Վե՜ր ելի՛ր, մի՛ նայիր վար.
Տեսարաննե՜ր կան անդին դեռ՝ սխրալի՜, ոսկեզօծ,
Ճոխ փառքերով բոցավառ…։
Եթէ լըսես ԱՐԱՐՁԻԴ ձայնն սուրացող հովին մէջ՝
Մօտեցի՛ր քայլ մ՛աւելի.
Վստա՜հ եղի՛ր թէ հո՜ն, վե՜րն, պայծառ լոյսին մէջ անշէջ
Այնքա՜ն անոյշ տենչալի՜
ԿԵԱՆՔ մը անմահ խոստացուած է քեզ, ո՜վ մարդ, գիտցի՜ր դուն,
ԿԵԱ՜ՆՔ մ՛իրական, ԿԵԱ՜ՆՔ մ՛անվիշտ…
Օ՜ն, այդ ձայնին հընազանդ, ջինջ հաւատքով եռանդուն
Ի վե՜ր, ի վե՜ր ելի՛ր միշտ՜…։
***
Քիչ մ՛աւելի ազնուութիւն, սէր, քաղցրութիւն պարզունակ,
Քիչ մը պակաս դաւանութիւն, հաւատամք կամ հանգանակ,
Քիչ մ՛աւելի առատաձեռն վերաբերում ի բարին
Քիչ մը նուազ ագահութիւն, անյագութիւն ստորին,
Քիչ մ՛աւելի ջինջ, թափանցիկ, լուսեղ ժըպիտ ու ծիծաղ,
Քիչ մը նուազ կնճռոտ ճակատ, պըռստող յօնք, երես կախ,
Քիչ մ՛աւելի յօժարութիւն՝ օգնել դժբախտ էակին,
Քիչ մը պակաս դժկամակում, մերժում ու կից տենդագին,
Քիչ մ՛աւելի ԹԱՐՄ ԾԱՂԻԿՆԵՐ՝ ճամբուն վրայ այս ԿԱՐՃ ԿԵԱՆՔԻՆ,
Քիչ մը պակաս ԾԱՂԿԷՓՈՒՆՋ՝ երբ մարմնոյն հրաժեշտ տայ ՀՈԳԻՆ։