Showing posts with label Panos Jeranian. Show all posts
Showing posts with label Panos Jeranian. Show all posts

Tuesday, August 31, 2021

Փանոս Ճերանեան։ Ընթերցողներս

Միջոց չունէի
հատորով մը
քերթուածներս լոյս ընծայելու,
որոշեցի
մէկիկ-մէկիկ արտատպել զանոնք
ծառերու բունին։

Հորիզոնին
աստղեր կային փայլփլուն,
որոնք անտուն
քերթուածներս կարդալէ ետք,
ամբողջ գիշեր
երկնակամարին վրայ
կը շողային…


Լոյս տեսած է ԹՐԹԻՌՆԵՐ գրքին մէջ (Վահէ Սէթեան Հրատարակչութին, Պէյրութ 2020) եւ Մարմարայի գրական բաժնին մէջ (17 Յուլիս 2021)։

Monday, March 08, 2021

Փանոս Ճերանեան։ Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին

Փոքր հասակիս

«Տլէ Եաման» էն աւելի

հօրս շուրթին Կոմիտասի «Պատարագ»ը կը լսէի.

ապա հայրս՝ իր ծննդավայրի լեռներուն

լռութեամբ

ամբողջ օրը

իր երգերուն արձագանգին կը սպասէր.

անհորիզոն հեռուներէն

իր սերունդի տղոց մասին

տեղեկութիւն առնելու… 



«Մարմարա Գրական Գեղարուեստական», 25 Փետրուար 2021

Tuesday, March 02, 2021

Փանոս Ճերանեան։ Կակաչի մը Օրագրէն



Քամիներու

թէժ լարերուն վրայ ծաղկած՝

ես կակաչն եմ յիշողութեան։


Եփրատ գետի ոլոր-մոլոր ափերուն,

աւազներէն, աստղերէն ա՛լ աւելի

շօշափեցի գոյնը կարմիր ալիքի։


Ու համրացայ հեգելէն

հոգեվարքի այբբենարանն հայ մանուկներուն,

ու խլացայ ունկնդրելէն Տէ՜ր Ողորմեան՝ 

անոնց անթեւ թռիչքին

տիեզերքի տարածքները ճանկռտող։


Դողս մնաց ամայքին մէջ ,

զիրար փնտռող տառապահար ափերուն։


            Փանոս Ճերանեան



«Մարմարա Գրական Գեղարուեստական», 25 Փետրուար 2021

Monday, February 08, 2021

Փանոս Ճերանեան։ Քեզ յիշելով…


Երբ փոքր էի,
տեսայ յանկարծ թէ ինչպէս
խոյս տուիր դուն ափերէս
ձորե՜րն ի վար
ու ես օրեր՝ արտասուեցի յուզումէս.
քեզ փնտռեցի ծառ առ ծառ…

Օ՜, իմ թեւաւոր,
ամէն անգամ որ քեզ յիշեմ,
կարծես ճամբուս ծառ մը կ՛աճի մեծաշուք,
ու կը կանչէ զիս անտառը օրն ի բուն։

Քեզ փաղաքշող զեփիւռին բառերս ես
փոխ կու տամ,
կը բաշխուիմ երգ առ երգ
աղբիւրներու կարկաչին,
ափերս յանկարծ կը փոքրանան
քեզ պահելու աստիճան
ու սրտիս մէջ կը յայտնուի
երբեմնի այն փոքր տղան…



Փանոս Ճերանեան

Saturday, January 13, 2018

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ: ԵՐԿՏՈՂ՝ ՀԵՌԱՒՈՐ ԸՆԿԵՐՈՋ ՄԸ


Երէկ,
ամբողջ օրը
վայրի բադերու գաղթը դիտելով
խոտերը դեղնեցան.հիմա,
այդ խոտերուն մէջ կանգնած
ուռիները
երեխայի պէս կը դողան.
անոնք կարծես կը նախազգան,
թէ անսպառ իր ջերմութեամբ իրենց ողջագուրումը
եղեւնաբոյր հովերու հետ,
պիտի վերջինը ըլլայ…
Օ՜, տեսնէիր
ծառ ու ծաղկի իրարանցումը տենդոտ,
վերջին ակնարկ մը նետելու
մառախլապատ հեռուներէ աւելի՛
այս անծանօթ ափերուն,
ուր՝ կռունկի երգը միայն կը հասնի…


Մոնթրէալ
Սեպտեմբեր 2017

Sunday, April 16, 2017

Փանոս Ճերանեան։ Քամի

Click to hear the audio segment.

Պատանեկան տարիներուս
Օր մը ինծի սիրոյ մասին շշնջացիր
Եւ շուտափոյթ հեռացար
Ըսէ, հիմա ծիածանի ո՞ր մէկ կողմը
Քեզ փնտրեմ
Այդ երբեմնի շշուկդ ջերմ
Կրկին անգամ
լսելու …


***



Սէր իմ
արեւը մայր կը մտնէ ամէն օր,
Օրը կը մթագնի ամէն օր,
Դուն կը մնաս գիշեր-ցերեկ ամէն օր։





Փանոս Ճերանեան Մոնրէալ
Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՄԱՐՄԱՐԱ թերթին 16 Մարտ 2017 թիւին մէջ

Sunday, September 04, 2016

Փանոս Ճերանեան։ ԱՐԵՒԻՆ ՊԷՍ

Դուն կը նայիս,
աչքերուդ զոյնն աչքերուս մէջ
մոռցողի պէս։

Դուն կը կանչես,
քամիներու թեւով տարուած
յուշերուս պէս։

Կը մոտենաս,
ինծի երբեք չհանդիպած
անձի մը պէս։

Դուն կ'անհետիս
իր մթութեան սիրահարուած
արեւին պէս...


                               

       

Thursday, March 17, 2016

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ։ՓՈՔՐԻԿ ՏՂԱՆ

Յափշտակուած
կը դիտէ
ճակատ մեկնող զինուորներու շարքերը
կը կարծէ, թէ
ինքն ալ կը վերադառնայ
անոնց հետ
ու վերստին
կը շխկրտան
պատերազմի իր խաղալիքները։

Wednesday, March 16, 2016

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ։[Թիթեռի նման]

Թիթեռի նման
Թեթեւ կը զգայինք
Երբ հովը մեզ կը մղէր
Մեր ճանապարհին։

Ճամբեզրին
Ցօղունները եւս՝
Հովու շոյանքէն տարուած,
Մեր քայլերուն զուգահեռ
Կը թեքէին։

Հիմա,
Փոթորիկներ կը խաչաձեւեն մեզ
Մեր ճանապարհին.
Հոգիս, նմանի'ր այն թեւաւորին,
Որ թռչիլ գիտէ։

Monday, March 14, 2016

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ։ Նստարանը

Բարտիները
Գիշեր-ցերեկ կը շշնջեն իրարու
Գուցէ ըսելիքներ ունին կիսաւարտ տակաւին…

Աշնան վերջին օրերն են.
տերեւներ
կը կաթկթին,
ո՞վ իմանայ
ո՞ր մէկ բարտիի ճիւղերէ հիւսուած՝
սիրոյ հազար խոստումներ լսած՝

դէպի
այդ միս-մինակ
նստարանը։

Փանոս Ճերանեան
Մոնթրէալ Դեկտ 2015

Born in Lebanon in 1942,  Panos Jeranian attended the Mesrobian primary school in Bourj-Hamoud; the Mekhitarist secondary school. His undergraduate and graduate degrees include Haigazian College (educational psychology); the State University in Armenia (Armenology); the American University of Beirut (MA in political sciences). He taught children with development disabilities, then worked for many years for the Mitsubishi Corporation. He has travelled widely and lived in many countries experiencing many cultures.

Jeranian began writing in his youth. His work has appeared in Armenian reviews worldwide such as PAKIN, Aztag, both published in Lebanon, Horizon, in Montréal and Marmara, in Istanbul.

His collections include «Քամիներ»,  «Քեզ ինչպէս կոչեմ», «Ի լուր» «Բառերու Լոյսը», «Ժամանակներ».




Saturday, February 27, 2016

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ։ Անն Մարիին

Կար ժամանակ
բառերը
վարդակարմիր շուրթերուդ վրայ
գարնան ծաղիկներու նման
խօսուն էին.

Սիրելիս,
երբ այլեւս չես ձայներ,
սեւ սաթի գոյն աչքերդ
չեն հանդիպիր աչքերուս,
դուն ինձմէ ներս եղանակներ կը
փոխես...

աշուն կ՛ըլլայ
շուքերու հետ կ՛երթեւեկեմ
լռութեանդ ընտելանալու.

Մինչեւ անգամ
կը լսեմ
թիթեռի հրաժեշտի խօսքը
հեռացող արեգակին։

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
2016
«Հորիզոն Գրական»

Wednesday, January 21, 2015

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ: ՃՆՃՂՈՒԿԸ

Կաղնեծառի կատարին թառած՝
կը չափչփէ
տարածութիւնն անծայրածիր
հեռուներուն,
մէկ մէկ թափ տալով
թռչիլ չգիտցող
հոգւոյս թեւերուն։


Tuesday, January 20, 2015

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ: [Աշուն է]

Աշուն է։
Վարդենիին շուրջ
տերեւներ կան բոլորուած...
Այսուհետեւ
ծառին վրայ ո՛չ մէկ թռչուն
պիտի թառի
իր ուրախութիւնը դայլայլելու.
փուշը միա՛յն,
փո՛ւշը վիրաւոր յիշողութեան
պիտի մնայ առանձին։

Monday, January 19, 2015

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ: [Նոճիները]

Գրչեղբօրս՝ բանաստեղծ Յակոբ 
Մանուկեանի յիշատակին
Նոճիները
շիրմաքարերու կողքին
գրիչներ են նրբագեղ.
ո՞վ իմանայ,
թէ ի՜նչ ի՜նչ տողեր կÿարձանագրեն
կէս-մութ կէս-լոյս երկնակամարին...
Վարը,
գրչեղբօր մը շիրմին վրայ
շիթ-շիթ կաթող անձրեւի
բառերն անգիր ես գիտեմ։

Sunday, January 18, 2015

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ: Երկտողը


Ուզեցի
երկտող մը ուղարկել քեզի
աշնան
երամ-երամ գաղթող թռչուններու
նման
շարահիւսուած բառերով։
Կը յիշե՞ս
մեր տան շեմին
մութ-կանաչ փէշիդ գոյնով
բարտիի ծառը։
Ան եւս մօտս կանգնած
կը դիտէ թռչուններու գաղթը լուռ ու
մունջ
ու կը փորձէ շարունակ
յուզաթաթաւ իր ստուերով
արձանագրել
երկրորդ տողը տողերուս...։

Saturday, July 26, 2014

Փանոս Ճերանեան։ Կարօտ

Սովոր էի
ձայնդ լսել,
հիմա ինչպէ՞ս լռութեանդ ընտելանամ:

Դէմքդ դէմքիս
լուսաբացի պայծառութեամբ կը շողար:
Հիմա անդէմ օրերու մէջ
քեզ ինչպէ՞ս փնտրեմ:

Ամէն կարօտ
քեզի տանող ճանապարհ մը ցոյց կու տար.
հիմա բոլոր ճանապարհները իմս են,
քեզ ո՞րտեղ գտնեմ...

2012

«Ազդակ Գրական» Թիւ 3, 2012


L O N G I N G
I got used
To the sound of your voice,
How can I now get used
To your silence?
Your face against mine
Beamed with the radiance of sunrise.
Now, in these faceless days,
How can I find you?
All yearnings
Pointed to where to find you.
Now all paths lead to me…
Where shall I find you?
………………..Panos Jeranian
Translated by Tatul Sonentz

Monday, January 30, 2012

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ: [Աշնան]

Աշնան
երեկոյ,
Ուռիներէն
տերեւ-տերեւ կը կաթկթին,
լիալուսնի
արցունքները
ոսկեգոյն...

2011

F A L L

Dusk
in autumn --
one leaf after another
full moon’s golden tears
sprinkle down
the willow
trees…

Panos Jeranian
2011
Translated by
Tatul Sonentz

Saturday, January 08, 2011

Փանոս Ճերանիան։ Իմ Հորիզոնը

Իմ հորիզոնը
կը գտնուի
այն բարձունքին,
ուր ջրհեղեղը չկրցաւ մագլցիլ.
այնտեղ՝
Նոյեան նահապետը
ջրհեղեղի իր ոդիսականը
ժամանակի մինչեւ վախճանն հասցնելու
կարողութեամբ
ներշնչուեցաւ։

2010

Ազդակ Գրական, 2010, Թիւ 5-6

Monday, December 07, 2009

Փանոս Ճերանեան։ Օրագիր

Այս առաւօտ
աղաւնիները
առօրեայ իրենց թառերուն վրայ
չյայտնուեցան։
Հեռաւոր կտուրներէ բարձրացող
ոլոր-մոլոր ծուխին նման,
բան մըն ալ իմ ներաշխարհէս կը բարձրանայ
միանալու համար ամպերու կարաւանին։
Թեւաւոր մը,
մառախուղէ մառախուղ կը շտապէ
պայծառ օրերու իր յուշերուն մէջ
անհետանալու…
շուրջս,
ամէն բան
դէպի ներս սեւեռող
հայեացք մը կը մատնէ,
յայտնելու համար, թէ,
մշուշի մէջ կանգնած այդ ծառը
կը պատկանի նաեւ մշուշին…

2009 Մոնթրեալ

Ազդակ Պարբերաթերթ, 2009 թիւ 10

Sunday, October 04, 2009

Փանոս Ճերանեան։ [Սէ՛ր]

Click here for the audio segment Love read by Lola Koundakjian.

Սէ՛ր,
քեզի համար
աշխարհի տարբեր երկինքներու
տակ շրջագայեցայ։

Տարիները,
քառուղիներուդ՝
կանաչ կարմիր լոյսերու պէս զիս պահեցին։

Հետքերէդ տարուած՝
չվարանեցայ հետազօտելու
տիեզերքն անգամ.

տե՛ս,
իմ ոտնահետքը
լուսնի վրայ,
կանաչ կարմիր լոյսի նման կը մնայ։

2008



ԱԶԴԱԿ Գրական Պարբերաթերթ, Թիւ 1-2, 2009