Saturday, February 27, 2016

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ։ Անն Մարիին

Կար ժամանակ
բառերը
վարդակարմիր շուրթերուդ վրայ
գարնան ծաղիկներու նման
խօսուն էին.

Սիրելիս,
երբ այլեւս չես ձայներ,
սեւ սաթի գոյն աչքերդ
չեն հանդիպիր աչքերուս,
դուն ինձմէ ներս եղանակներ կը
փոխես...

աշուն կ՛ըլլայ
շուքերու հետ կ՛երթեւեկեմ
լռութեանդ ընտելանալու.

Մինչեւ անգամ
կը լսեմ
թիթեռի հրաժեշտի խօսքը
հեռացող արեգակին։

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
2016
«Հորիզոն Գրական»

No comments: