Showing posts with label Vehanoush Tekian. Show all posts
Showing posts with label Vehanoush Tekian. Show all posts

Sunday, August 29, 2021

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ։ ԹԷՅ

Ամբողջ եղածը քախքէ եւ թէյ էր

Քախքէն կը մկրտուէր տարչին թէյին մէջ,

Ամենայն փութով՝ փափկացած մասին

Կը քսէինք կարագ, վրան՝ մեղրագոյն թուզի անուշ էր.

Աշխարհի ամենէն համով պատառն էր։

Երկար սեղան էր, երկար նստարան,

Խոհանոցը մութ էր, մէկ պատուհան միայն,

Բայց ամեն անկիւն արեւ կար ոսկի

Եւ ոսկի խօսքեր, տաք թէյէն կարօտի

Դեռ ումպ մը չառած մեր նէնէն կ՚ըսէր նայելով մեզի

«Եախըշըընը սէվսիւն նէնէսի»։

Ինչպէ՜ս քաղցրացած սէրը չյորդէր,

Գուրգուրոտ թեւերով նէնէն չգրկէր։

Հինգ-թոռնիկ ունէր,

Իսկ կեանքը համեղ քախքէ եւ թէյ էր։


Անկիւնէն աստիճան մը կ՚ուղղուէր պզտիկ սենեակ

Սենեակէն աստիճան մը տանիք կը հանէր,

Տանիքին վրայ թրթռուն կ՚ապրէին

Փարթամ որթատունկ, թրթուռ ու թռչուն։

Որթատունկէն վեր՝ կաս-կապոյտ երկինք

Որ ամեն գիշեր փաս-փայլուն արծաթ աստղերով կ՚օծուէր։

Պզտիկ սենեակը աշխարհ մր ունէր գունեղ հեքիաթի,

Երբ Պելճիքայէն Տիգրան տայտայը գար

Մեզ գիրկը առած, գիրքերը բացած կը պատմէր ինչե՜ր,

Բարին կը կռուէր Չար ոյժերուն դէմ, բայց ընդմիշտ կ՚ապրէր։

Այն ատեն կեանքը արդար էր, մինչեւ…

Այդ տո՛ւնն ալ փլաւ։ Օրօրոց, ծիծաղ,

Ձուկի աւազան, ծառերու խնճոյք,

Հաւնոց ու վանդակ. պահուըտուք, քէթէ,

Մածունով քէօֆթէ եւ սթիք պուզա։

Օր նոր՝ զեփիւռ նոր, դարաւոր թոնիր,

Գունազարդ գիրքեր, անթառամ ձայներ.

Իսկ ինչո՞ւ հիմա թզենին հսկայ՝       մինակը կու լայ։

Գիտէ՜ք ինչ եղաւ։ Պատերա՛զմ եղաւ.

Հրէշ մը ելաւ, շատերուն եւ մեր շէնշող տուները

Կլլեց մթագնեց,

Ցնծուն Փիւնիկէն մոխիրով պատեց։

Ելանք մեր վայրէն

Ամեն մէկուս հասաւ պատմութիւն տարբեր։


Հիմա նստեր եմ, նորէն քախքէ ու թէյ,

Կարագ անուշը շուկայէն բերուած.

Նստարանը կ՚երեւա՜յ, բայց արեւը չկայ,

Նէնէն բացակայ է, կարօտս՝ ներկայ,

Ծնողքս չկայ, տագնապը միշտ կայ,

Քոյր եղբայր՝ անդին, զաւակներս՝ հեռու.

Յաճախ անհաշտ եմ, երբեմն հլու։

Օր մը պակսեցա՛ւ ամեն բան կեանքէս

Միայն գիրքերս եռանդով շատցան։

Բայց պատանեկան երկար սեղանէն

Մնաց բոյրը ձայնին

Մնաց սէրը լուսածիր

Եւ անմահական համը ընտանիքի։

Եօթանասունը անց՝ պատմելու եմ հարկաւ

Երիտասարդութեան այդ սեղանը փայտէ

Թաքուն, մարմարեայ       յուշարձան դարձաւ։


Նիւ Ճըրզի

Յունիս 2021



Լոյս տեսած է Հորիզոն Գրական թերթին մէջ 

Monday, December 31, 2018

Quotes for the month of December 2018



«Սփիւռքի առաջին տասնամեակներուն Լեզուն մեր կարօտն էր, յետոյ դարձաւ մեր վահանը, եւ հուսկ ապա՝ մեր գիտակցութիւնը»։


Վեհանոյշ Թեքեան

Tuesday, November 06, 2018

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ: ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ


Նիկոլ Փաշինեանին

Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին.
Այնտեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը պիտի մայրանայ կրկին
Երկիրը չ՚երգեր այլեւս անտունին։
Ճշդուած են սահմանները՝ ատամնաշար գայլի
Խօլ պատմութեան մութէն նոյն ոռնոցն է նորէն,
Գերճնշուած աչք՝ ադամամութի ճեղքուած արգանդին
Կաթնագոյն երազի խոշտանգումը կարմիր
Կը ցցուի կրկին։

Կանգնած բարձրաճակատ՝ շոգիին մէջ Երկրի
Գիտէ՛ որ արեւը պիտի գոյատեւէ.
Ոչ զոհ է, ոչ հերոս, ոչ նահատակ, ոչ քուրմ,
Միայն պատարագիչը ազատութեա՜ն տօնի
Արդարութեան ծիածանի:
Հեռուն լեռնաշղթայ եւ միտք խանձող գիշեր
Քովը՝ կիսալեռը իբրեւ ռազմատորմիղ,
Խրթին հարցերուն դէմ ՝ պատասխանն է միակ
Օ գերագոյն սինիզմ։
Եւ ինչպէ՛ս բռնել
Ո՞վ պիտի նկարագրէ ազատութեան հիւլէն,
Կիսաբաց դարպասներուն ցնցումներով լարուած
Ճանկռտելով ներկան, խտացնելով այդտեղ
Լուսարձակո՛ւմը նայուածքի:

Ո՞վ մեռաւ, ուրիշ ո՞վ մեռաւ անցեալ ամիս…

Ծաղկեալ ծիրանին իր հայեացքը թեքեց
Եփրատի կոկորդը խզեց եղերգը հին.
Եղիցի լո՜յս
Ճամբան կորսնցուցած Երկրին մէջ
Պնդացած մկաններ յաղթութիւն կոփեցին։
Տեղ մը հացթուխը իր թոնիրը վառեց
Իսկ խաղողը ճմլեց ստինքներն իր հիւթեղ,
Եւ ծիրանին՝ խոշոր իր կարմրած աչքով
Խեթ խեթ նայեցաւ հին արեւի գահին,
Շինականը պատռե՛ց հողի կուրծքը ծաւի
Եւ երկինքը դիտեց, եւ նայեցաւ հողի՛ն։

Կանգնած են բազմաճակատ՝ տքնանքին մէջ հողի,
Կանգնած են միաճակատ՝ այդ երկունքի կողքին։
Կանգնած է գերհզօր՝ հազար անգամ դրուած
Շիկացնող մահուան սալ ու կռանի միջեւ
Կանգնած է բարձրաճակատ, կիսաբաց շրթներով
Ապստամբութիւնը մերկ։
Ոչ ոք չի կրնար այստեղէն դուրս գալ ուր ամենահեռաւոր
կէտերը կը միանան։ Պիտի հոգիդ վառի ուզես կամ չուզես,
շքեղ ծիրանին միականի դառնայ, խաղողի ճղիկը ճչայ
հնձանի մէջ, ու ցորենը համրօրէն իր մարմինը բաժնէ,
քարի պէս կանգնած ցուլերու ականջին ինը զանգակներ
մինչեւ ղօղանջեն։

Ո՞վ լսեց սոյլը վերջին վանկի
Սկիզբ ու վերջ չունեցող քամին հրաթեւ։
Արեւմարը փռեց ոսկի սաւանը
Եւ կարմիր ու կապոյտ լանջախաչեր դրաւ
Մայրացող Երկրին. ծանրացող ուխտին.
Երկիրը այս անգամ չերգեց Տէր Ողորմեան

Կը շնչէ Երկիրը խնդութեան հեղեղի մէջ։



(Հորիզոն Գրական, Մայիս 2018)

Thursday, July 21, 2016

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ։ ԿԱՐՍ

Այստեղ ծննդավայր է։ Այստեղ բերդ կայ թաղուած,
Այստեղ արեւը ճզմուած է։
Հարթողը գերաններ չէ բարձրացուցած։
Այստեղ վեց տասնամեակ է՝ որմնադիրնեը չկան։
Սեւաթափ, լքուած քարերը յանկարծ քեզ կը ճանչնան
Անոնք նշաններ ունին
եւ կը սպասեն։


Այս է սէրը.
Մտերիմ գոյն մը ինք իր մէջ կը լոգնայ
Տարեց հայուհիի պէս, որուն մարդը
պանդխտութեան վէրքը կ՚ապրի։
Հին ժամանակներուն պատմուած պատմութիւն է
Որուն հանդէպ հաւատքը դեռ կը պահպանուի.
Հոս նոր սէր մը կը լռէ երբ հնչիւնները մսին։
Ծննդավայր է։


Կը խեղդուի գորշ քարի գոյնը,
Եթէ հեռանայ տեսողութենէդ՝
Լոյսերուդ մէջ
աչքերուդ հետ կը խեղդուի ինչպէ՜ս։


Ալումինիում թուղթէ ճմռթկուած արեւը
Կողերը քակած կը հազայ թոքախտաւոր օրուան մէջ,
Եւ քաղաքը՝ վաթսուն տարի բանտարկուած
ոճրագործի համրութեամբ կը հալի։


Հնդկահաւելու կչկչոցը կ՚երերայ շալվարներու ետեւէն.
Անշարժ նայուածք մը կայ, պահուա՛ծ է քարերուն մէջ,
Անշարժ նայուածք մը կայ, պահուած է քարերո՛ւն մէջ,
Ո՞վ մեռաւ անցեալ ամիս քունին մէջ արտասանելով
Չարենց։
Մենք անձրեւին տակ տեսանք զիրար,
Անանուն, երջանկօրէն փակ մեր աչքերուն տակ
կարմիր կրակով.
Եւ ինչպէս որ խլաթակ գիշերուան մէջ
Ովկիանոսը կ՚ոռնայ ոստրէի բարակ պատերէն՝
մեր կարօտը մօտեցուցինք։
Եւ ինչպէս որ մորֆինի ասեղը կը խրի
Ցաւատանջ մաշկէն՝
Մեր կարօտը ներսուզեցինք։


Երբ թռչուններ քանալներու մէջ կ՚ողբային
Անգոյն երկնակամարին վրայ ծառեր կը խեղդուէին
սուլոցներէն հովի
Ու տակառներու մէջ ձեռագիրներ կը մղկտային
Ան անձնասպա՛ն եղաւ։
Ոչ ոք հարցուց թէ ինչու։
Բանաստեղծ մը տասներեք տարեկան էր
Ուրիշ մը երեսուն
Ուրիշ մը եօթանասուն
Ան սպաննուեցաւ իր վերջին երգը թողած պատերո՛ւն.
Գիտէր՝ պատերը հալիլ գիտէին,
պատերը երբեմն լռե՜լ գիտէին։


Մեծհայր մը սարսափած մարանի աղօտ լոյսին տակ
Հայր Մեր-ը խաչակնքեց


Ո՞վ մեռաւ անցեալ ամիս արտասանելով Չարենց։


Այստեղ ծննդավայր է։ Ճրագները կը վառին,
Կառապաններ եւ հովիւներ կը վերադառնան
Մեռած երգերու դիակները թողած
խոպան արտերուն եւ ջղջիկներուն.
Ալի՛, կ՚ըսեմ, չայ մը բեր,
Պանդոկին մէջ երեք հայ կայ հսկումի
Բազմութիւններ կան հեռուն
ողբերգութիւն կը կարդան։
Ալի՛, կ՚ըսեմ, թակարդ մը բեր, հոս մուկերը կը վխտա՜ն։
Կը փակեմ դուռը, կը գծեմ Եղիշէ Չարենցի դէմքը թաքնապիրկ
Պարոյր Սեւակի լուսաճայթ դէմքին վրայ,
Նոյն տեղը կը գծեմ ուրիշ ուրիշ ուրիշ դէմքեր…
Անիւը ետ կը դառնայ։
Գետի ափին անտաշ տուն մը կը տեսնեմ
Լուսամփոփի պէս աղջիկ մը նուաղուն,
Յարդագողի ուղեւոր մը հրաքանքար
Որ հնամեայ քերթողութեան ճակտին գրեց
Շոգ, ոգելից խոհի տողեր հռնդուն,
Եւ հեռացող արօտներէն արիւնահոտ
Կը մօտենան կախաղանի թեւերը զո՛յգ….
Ալի՛, կ՚ըսեմ, աս ի՞նչ շուն է, ամէն գիշեր
Այսպէս կու լա՞յ։
Ալիին նալինները մթապատ նրբանցքներու
Հեգնանքին մէջ կը հռհռան։


Ի՛նչպէս շարժեմ գաղափարը
Եւ ստուերը ձգեմ փոխաբերականի մէջ։


Ոստրէի թաց պատերը կը լսեն
Ամէն Ուրբաթ երբ մուազզինը իր մինարէն բարձրանայ
«Աստուած մե՜ծ է» կանչելու՝
Շոգեկառք մը կը խորտակուի
Էշերու եւ տէնկերու քամլքուած նայուածքին մէջ։


Պատմութիւնը՝ գաղթի ճամբան մնացած
կապոցի պէս հինցած,
Արեւր ճզմուած է սպաննուած բանաստեղծին պէս,
Այդ թոքախտաւոր կապուտաչեայ սիրուհին
Բանաստեղծին չունեցած շիրիմը
Հասկագոյն թեւերով գրկած
կը հազայ
խլաթակ
Մաղաղկուն թոքերը հանած՝ ծակտիքներէն արիւնը
կը կաթեցնէ վրաս
վրա՛դ
մեր բոլորի՜ն վրայ


Ոչ, ընդամէնը հրաժեշտ մը չէ
Այս հանդիպումը արնոտ՝ ոչ թէ նարօտ ու պատարագ
Վերածնո՛ւնդ կը բուրէ։


Սի՜րտ մը թաղուած է հոս
Հոս անթեղուած է բերդ մը ամրասիւն։

Այստեղ ծննդավա՛յր է։

K A R S



This place is birthplace Here entombed lies a fortress
here the sun is crushed
beams were raised with no leveler
here over six decades there are no masons
dark abandoned stones suddenly call your name
they bear signs
and they wait

Such is love
an intimate color bathes itself
like an Armenian matron whose mate
lives the wound of exile
it's a tale told since time immemorial
held sacred in a faith still maintained
here a new love grows mute when sonorities are cold
it is birthplace

The color of gray stone drowns
if it moved out of your sight
amongst your hopes
oh how it drowns within your eyes!

The wrinkled sun of aluminum foil
coughs in the consumptive day undoing its sides
and with the stillness of a felon jailed for six decades
the city melts down.

The gobble of turkeys sways behind shalwars
a gaze in stillness hides in the stones
a motionless gaze hidden in the stones…

Who died last month reciting Charents in his sleep?

We saw each other in the rain
nameless with crimson fire under our
blissfully closed eyes
and not unlike the deafening night
when the ocean roars from the thin walls of an oyster
we brought our yearning closer
and just like an addict’s needle puncturing a pain-pierced
membrane we injected our yearning

When birds bewailed in canals
trees were drowning in the whistling wind
of the colorless firmament
and manuscripts moldered in barrels
He killed himself
no one asked why
a poet was thirteen years old
another thirty
another seventy
He was killed leaving his last song
to the walls
he knew the walls knew how to dissolve
at times they knew how to be silent

A terrified grandfather in the twilight of the cellar
crossed himself a Pater Noster

Who died last night reciting Charents in his sleep?

This place is birthplace the lanterns are lit
coachmen and shepherds return
leaving the corpses of dead songs
to barren fields and bats
I say Ali get me a tea
There are three Armenians in the inn
further away there are crowds in vigil
reading tragedies
I say Ali get a trap mice are infesting this place
I shut the door I draw Charents's discreet countenance
over Sevak's flood-light face
in the same place I draw other other other faces
the wheel turns back
on the river's bank I see a rustic house
a muted maiden like a light-shade
a traveler ablaze on the Milky Way
who wrote spirited lines of shimmering thought
on the forehead of ancient poetry
and from the receding pastures of gore
approach the twin arms of the gallows
Ali I say what dog is this? Does it cry like this
every night?
Ali's clogs clatter in the sarcasm of
gloomy corridors

How do I move concept
and leave its specter in metaphor?

The open walls of oyster harken
every Friday when the muezzin goes up the minaret
to call God is great!
a train derails
in the pinched gaze of donkeys and packs
History worn out like a bundle left on the road to exile
The sun is crushed like the murdered poet
that consumptive blue-eyed mistress
with tawny arms hugging the poet's tomb that's not there
coughs
raucously
Relieving tattered lungs from pinholes she drips
the blood on me
on you
on all of us

All in all this bloody encounter
is not a farewell it smells of renaissance
not of High Mass or incense
A heart is hidden here A solid fortress seethes under ashes

This place is birthplace




Vehanoush Tekian

translated by Tatul Sonentz

Friday, March 27, 2015

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ: ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Առաջին օրէն գրիչ ու մուրճ առած
Գծեց քանդակեց արարիչն այս հողեղէն,
Մերթ արեւաթագ արքայ բաղնիքէն նոր ելած,
Մերթ անմեղայ մարդկութեան
խղճմտանքի դարբին։

Երկու երգ փսփսաց ցորեններու ականջին
Պարեցին ցորենները հովածփուն, հոլանի։
Լուսափրփուր կիներու եւ ծիծերու թխաթոյր
Կաթոգին սէր բաշխեց ու կիրքի յորձանուտ։

Կարմրաշառայլ պառերէն դարձաւ
գիւղը հայրենի
Հօր օրհնութիւնը խնդրեց, մօրը կարօտը կարդաց.
Երգեց գրիչ եղեգնեայ, մարած օճախ,
ցաւած ցուպ,
Ցողունաբեկ Արմենուհի եւ արծուեբոյն
Անին լքուած։

Սերմնացանի ափին անհունի հունտ դրաւ
Ու հրաշէկ ձիուն թամբեց հզօրութիւն,
Գրկեց ուլիկը արիւնլուայ ու լուռ
Եւ բանուորուհին հանապազօր հազով։

Իրմէ կաթիլ մը արցունք՝ աղքատ տունի սեղանին,
Իրմէ բուռ մը կարմիր հող՝
տուն չդարձող մարտիկին,
Դատարկ նաւուն լքուած ղեկ
_ ու ծածանո՜ւմ հրաշքի
Լոյսի ալիք, յորդ ակներգ
այս հեթանոս Յիսուսին։

Ինչպէ՞ս ծաղկեցուց բառեր հրաշուշան,
Ծրծունքեց ամբարները պատմութեան թաքուն,
Իր երկերը դարձան զանգեր օրհներգութեան,
Աշխարհի չորս ծագերուն
խաղաղաբոյր խնկաման։

*

Նկուղին մէջ ուր մահուան ահն օրէ օր
կը մեծնար
Հայրենի գիւղը շողացուց ու շաղեց հացը կենաց.
Նոր առասպելի լոյսը հազիւ աւետած
Օգոստափառ իր ղօղանջը՝ մորթուած ճիչ դարձաւ։

Անկէ ի վեր այդ արնոտ արահետէն
մարդ չանցաւ.
Ինկա՜ւ քերթողը որուն դիւցազն հոգին կը լուսէ
Կարմիր ուխտի զրահանդերձ
առաքեալն այս Տիրազարմ
Ընդամենը՝ երեսունմէկ տարեկան։

*

Քանի՜ արցունք, քանի կսկիծ, քանի՛ ամեակ
դարձած բուրվառ՝ կÿօրհներգե՜ն քեզ ծագէ ծագ
Ամայութեան մէջ՝ ամրակուռ
քերթողութեան մայր տաճար։

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
ԱՄՆ

Monday, March 03, 2014

Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ: ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹ

Չար արեւի աչքերուն մէջ

Երկու լորիկ հեզիկ թռան,
Եւ մշուշի հագուստի մէջ
Գիրուկ գիւղը փայփայուեցաւ.
Ակնթարթի աչքերուն մէջ
Յաւերժութեան
ճամբաս կ’երթամ,
Ծառաբունի վարակներուն
Թորոս Ռոսլին
պահած կ’երթամ:
Կախաղանէն կախեալ սուրբի
Ոտքերուն քով կեանքս կ’օծեմ,
Եւ ծոթրինի բոյրով հարբած
Օ՛խ, Վարուժան կ’արտասանեմ:
Ադամանդեայ երկրէն կու գամ,
Զմրուխտ մայրեր,
հայրեր արքայ.
Բերդէ բերդ մերկ
ցատկել գիտեմ
Վէրքի խունկով, երգով ծնծղայ:
Մօրս գոգնոցը ներկեր եմ,
Սխտոր ու կաթ բուրել գիտէր.
«Դուք շփացած
սերունդ մըն էք».
Տէտէս անչափ տխուր մարդ էր:
Նէնէս բուրդով գիշեր ցերեկ
Տըզտըզ շապիկ
կը պատրաստէր,
Երբոր մեռաւ՝ ճաղին վրայ
Ինծի հիւսած շապիկն էր:
Պէյրութ տաքուկ
քաղաք էր, բայց
«Օտարին ցուրտ երկիր’ն էինք,
Ատլանտեանէն
այս կողմ հասանք
Ազատութի՛ւն հռհռալէն,
«Հողի՛դ մեռնիմ», հոգի տուինք,
Բայց չպրծանք սա Օտարէն:
Հարայ-հըրո՛ց, չորս կողմերէն
Ներգաղթով եւ արտագաղթով,
Հարստութեամբ, աղքատութեամբ,
Բարեկամի, ազգականի,
Ուսումնական հաստատութեան,
Շփոթանքի կամ արկածի
օձիք բռնած
Հաւաքուեցանք ու ցրուեցանք,
Գանգատեցանք ու զարմացանք.
Մե՛ծ երկիր է, բայց մեզի ի՜նչ,
Մեր Քոչարին, մեր
քեպապը չկարծրանա՛յ,
Ինչի՜ է պէտք գիրքը ընտիր,
Վրան գինի՛ թափէ գնա.
Եւ ի՜նչ գրող, երաժիշտ կամ
Արուեստագէտ, եթէ պիտի-
Հաւատարի՛մ մեր պատմութեան
Սո՛ւրբ խորհուրդին-
Չզոհուի կամ տեղի չտայ,
Չպզտիկնայ, չխենթենա՛յ:
Դպրոց- մպրոց, եկեղեցի,
Հայ Դատի սուր, մամուլի դուռ,
Հուրով, սուրով, պարանոցով,
Ժողովներով յայտնի-գաղտնի՝
Դարեր շնչած
մեծ ազգը մեր
Պիտի դարեր գոյատեւէ,
Հասնի մինչեւ…
Մինչեւ հասնի՛…
Մնացեալը մոռցայ, տեսա՞ք,
Մինչեւ հասնի՞, բայց կա՞յ ուղի:
Հիմա կ’ուզէք ետ սկսինք.-
Եր-կու լո-րիկ թը-ռան ծե-րէն,
(Թ-ն կը մսի առանց Ը-ի):
Իսկ եթէ չէք տեսած լորիկ՝
Ի՛նչ տեսած էք, մի զրկուիք,
Կրնաք հարց տալ թէ ո՞ւր մնաց,
Արշալոյս է. առանց լորի
կեանքը մութ է:
Իսկ եթէ մեր խենթուկ լորին
Յայտնուելու ճամբայ մը կար,
Հապա ինչո՞ւ պահուըտեր էր
Պատմութեան մէջ
կանաչ Սարին,
Ճերմակ Սարին,
Մեծմայր Գետին,
Մեծհայր լերան պաղ կռնակին:
Հապա ինչո՞ւ
օրօր-շորոր ճուտիկները
Թողած է հոս, -
Ոչ թէ գետի՝ օվկիանոսի՜,
Ոչ թէ ափին՝ այլ ծանր թաթին.
Մէկ լորիկին հետքը կորսուած
Միւս կաքաւը ագռա՜ւ դարձած,
Ագռաւացած, կէս մը գազան,
Դունչը խփած
ճուտիկներու բարեւներուն
Ի՞նչ կը խաղայ Սարին գլխուն…
Եթէ կ’ուզէք՝
պատմութիւնը վերսկսինք.-
Երկու լորիկ թռան հեզիկ:
Յետգրութիւն. –
Հետքը կորսուած լորիկը
Փնտռեցի ու գտա՛յ.
Մէջքը կոտրա՛ծ լորիկը
Փնտռեցի ու գտայ:
Ամսթերտամի իր տան մէջ
Ծաղիկներուն ջուր կու տար,
Խժապարուր երկրի մէջ
Աստղահոյլեր կը բանար:
Հայաստանի ցուրտին մէջ
Հացի, յոյսի կը կայնէր,
Կը թարգմանէր անընդհատ
Ալ հայերէն չէր գրեր:
Գանատայի թիկունքէն
Սոկրատ, Հեկել կը ճառէր.
Հարուըրտի մէջ՝ գիտնական,
Լեզուագէտ էր Օքսֆորտէն:
Միջազգային բեմերէն
Ծափ ու հռչակ կը խլէր.
Գիւտարար էր, ռահվիրայ,
Յուսահատն էր անանուն.
Ճարտարապետ էր յայտնի,
Նիւ Եորքի մէջ դիրք ունէր.
Փարիզեան փողոցի մէջ
Նկար ու ֆիլմ կ’արտադրէր:
Պէյրութի մէջ՝ չէր խօսեր,
Մի՛ւս լորերը կը յիշեր:
Եւ Միլանի տաճարին
Դուրսը քարի մը վրան
Նստած՝ աշխարհ կը դիտէր,
Երբ մօտեցայ ջերմութեամբ.
-Ե՜ս ալ հայ եմ քեզի պէս:
Պիշ-պիշ ինծի նայեցաւ:
Մէջքը կոտրած լորիկին
Քովը նստայ շոյեցի,
Թռա՛ւ վիրաւոր լորիկը
Օտարաթեւ, համրախօս
Թռաւ ուրիշ երկինք մը:
Հրահաւեր կային հոս,
Եւ ագռաւներ ճառասաց,
Տարաշխարհիկ կրունկներ,
Ծիծեռնակներ որբացած,
Կային ճայեր մեծամիտ,
Սիրամարգներ ինքնասքանչ,
Փայտփորիկներ շատ էին,
Թութակներ՝ ո՛ւֆ, անհամա՜ր,
Բուեր կային ողջախոհ
Եւ աղօթող կկուներ:
Բայց հեռացած էր լո՜րը,
Ո՞վ հարուածեր էր մէջքը.
Ագռաւ դարձած կաքա՞ւը,
Փոս փորող փայտփորի՞կը,
Ալ ուժաթափ արծի՞ւը,
Եսկոտ կկո՞ւն, բոթբեր բո՞ւն,
Թէ՞ անձնասպան իր եղբօր
Մարմրող արձագանգը:
Ի՞նչ կ’ուզէին այս լորիկէն,
Իր սա թաքուն, փոքրիկ տեղէն՝
լո՛յս կը հանէր
մութ ամպերէն:
Հիմա անոր տեղը փոս է,
Լորը իր լեռնէն հեռացեր է,
առանց լորի՝ լեռը սո՛ւտ է:
Եւ ի՞նչ կ’ընէ, կը խորհի ինք
Երբ որբաձայն
Գիշեր ցերեկ ման կու գամ.-
«Լորի՛կ ջան,
լորի՜կ, լորիկ ջա՛ն»:

Vehanoush Tekian. This poem has appeared in Grakan Tert 

ARMENIAN CULTURE

In the gaze of a spiteful sun
Two quails rose in a mellow flight,
And the portly village was cuddled
Wrapped in a misty garment;
In the gaze of a wink of an eye
I proceed on my road
To eternity,
Keeping Toros Roslin
To the nubs of tree trunks
I proceed.
I anoint my life next to the feet
Of the saint hung from the gallows
And high on the aroma of thyme,
Passionate, I recite Varoujan!

I come from the diamond land,
Emerald mothers,
Regal fathers,
I know how to jump
Naked from fort to fortress
With incense of wound, song of cymbal.
I’ve tinted my mother’s apron,
She could smell of garlic and milk.
“You are a spoiled
Generation!”
My grandpa was a man of much sadness.
Restless, my grandma, night and day
fashioned shirts
Out of wool,
When she died, on the coffin
Was the shirt woven for me.
Beirut was a warm
City, but
“We were in this cold alien land!”
From the Atlantic
We reached this side
Bellowing freedom,
For heavens’ sake, we busted our souls,
Yet couldn’t be free of the “Odar!”

Hustled and bustled from near and far
Immigrating and emigrating,
In prosperity, in penury,
Grabbing the collars
Of friend, relation,
Educational institution,
Confusion or collision
We got together and scattered,
We protested and were stunned;
It’s a big country, so what?
Our Kochari, our kebab –
Don’t let them dry up!
What good is a fine book?
Pour some wine on it and take off!
And what writer, musician, or
Artist, if they will not –
Faithful to the holy core
Of our history –
Sacrifice or give in,
Shrink, become wacky.
Scholastics-Schmolastics, church,
Blade of Hai Tahd, gate of press
By fire, by sword, by neck,
By meetings overt-covert,
Our great nation
Breathing over eons
Shall survive centuries,
Reaching until…
Until reaching…
See? I forgot the rest!,
Until it reaches…but, is there a path?

Now --If you like -- let us restart:
Cou-ple of qu-ails fu-lew fu-rom the top,
(the ‘f’s start without the ‘u’s).
And if you haven’t seen a quail,
What have you seen? Don’t be denied,
You may well ask, where the heck is it?
It is sunrise, without a quail
Life remains dark!
And if our nutty quail
Had a way to show up,
Why was it hiding
In the history
Of the Green Mountain,
The White Mountain.
The Grandma River,
The cold back of Grandpa Mountain?
Just why
Has it dropped
Its wiggly-waddly chicks here --
not at the river, but the ocean,
not at the shore, but under the heavy paw;
One little quail’s traces lost
The other quail turned into crow,
Half, crow-like, beast
The snout stuck
To the greetings of the chicks,
What’s he up to at the mountaintop…?

If you like,
Let’s restart the story:
Two quails rose in a mellow flight.

Post scriptum:

I looked for and found
The little quail lost without a trace;
I looked for and found it.
At its Amsterdam home,
Watering the flowers.
It opened star-clusters
In a beleaguered land.
In the cold of Armenia,
It stood for bread and hope,
Kept translating ceaselessly
It no longer wrote in Armenian,
Its back to Canada,
It spouted Socrates, Hegel;
Scientist at Harvard,
A linguist from Oxford.
It seized applause and fame
From international podiums;
It was inventor emeritus,
The nameless despondent.
As a famous as architect,
Enjoyed a niche in New York.
It produced images and films
In the streets of Paris.
Did not verbalize in Beirut
Recalling the other quails.
And at the Duomo of Milan,
Outside, sitting on a stone,
It observed the world,
When I approached in great warmth,
“I’m Armenian, just like you.”
It stared at me, vacant-eyed.

I sat down beside and stroked
The broken-backed quail,
It flew away, the wounded quail,
Foreign-winged, mute-spoken,
It flew to another sky.
There were fire-birds here,
And orating crows,
Exotic cranes,
Orphaned swallows,
There were snobbish seagulls,
Self-admiring peacocks,
Many, many woodpeckers,
Countless damn parrots,
There were perceptive owls
And praying cuckoos.

But the quail had departed.
Who had hit it in the back,
The now craw-like quail?
The hole-digging woodpecker?
By now the exhausted eagle?
The cooing cuckoo? The owl of ill omens?
Or the ebbing echo of its suicidal sibling?

What did they want from this little quail?
From its hidden, tiny place,
It extracted light
From dark clouds.
Now there’s a pit where it stood,
The quail has left behind its mountain,
Without the quail the mountain is false.
And what does it do? What does it think?
When with an orphaned wail
I wander around day and night:
“Quail, my soul!
“My quail, my very soul!”

………………………… Vehanoush Tekian
Translated by Tatul Sonentz

Monday, February 10, 2014

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ։ ՊՍԱԿ ԵՌԱՀԻՒՍ

Արեւը` անանկիւն ամրաբերդ,
Բնութեան հետ բերկրանքի բոյրեր,
Գուսան գետը գլգլալէն
Դաշտի դալարը կը դարպասէր:

Երկնաձիգ երազի երամներ,
Զուրաթունք` զարթնող զմայլանք,
Է՜ր երբեմն, էութիւն բարեբեր,
Ըղձանքի ընծայման ըմպանակ:

Թոթով թուղթերուն թաթախուած
Ժամերը ժրաջան ու ժլատ.
Իրա՞ւ է իրիկունը չիջած
Լիարծաթ լուսինը լրանայ:

Խնկալի խորանի խորհուրդին,
Ծնծղագին ծնունդին` ծնրադիր,
Կամարնե՜ր կը կապուին ու կուռքեր
Հեռացած, հրկիզուած հոգիներ:

Ձեռակերտ կանթեղ ձմեռուայ անձէթ,
Ղենջակին մօր` մատաղ գառնուկի
մղձուկ.
Ճանաչման ճրա՛գն է ճանապարհը նեղ,
Մատեանը` մասունք, ու մատուռը դուռ:

Յիսո՜ւս, յարութեան յենարան,
Նկանակ ու նուռ ու նկարչածին,
Շա՞տ էր շատրուանը որ յուշեց
Ոչինչը, ոչինչէ, ոչինչին:

Չարչարանք: Չքացած չարխափան:
Պրկուած պարաններու պոռթկում,
Ջրամոյն ջրանոյշներու ջերմանաւ,
Ռեհանին հեռացնոր` բուրվառում:

Սա՛ է սարը, սառն չէ սիրտը,
Վեհանոյշ է վիշտն ու վէրքը,
Տաք է տունը, եւ տունկն է տաք,
անտա՛ռ կենաց,
Րոպեն սակայն գոռգոռաց եւ
անդորրը երերաց:

Ցորեններու ցոլցլուն դէմքեր,
հացի ամպեր մթնաճեմ,
Ուրուակա՞նն է աւերակի սեւերուն:
Փողոցներէն օտարափառ եւ հայրենի
ափերէն
Քաղցր է մեր սէրն այս
քնքշագին գիրերուն:
Օրհնեալները օղակ օղակ հո՛ղ կ՚օծեն,
Ֆոսֆորի ֆոնը չ՚այրիր արեւէն:



Monday, December 03, 2012

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ։ Յետ մահու եւ յաւիտեան մենախօսութիւն Արշիլ Կորքիի

Տունս նման է բլուրի
Բլուրը՝ դիզուած փլատակի։
Երաժիշտ  ծովուն թռչուններ չեն այցելեր
Զանգակը խլուած է եկեղեցիէն։
Մնացի տեղէ մը կախուած
Թեւերս յարատեւ երկարեցան
Գոյներս անցան սահմաններ։
Ե՞րբ կերեր է ցեցը մօրս գոգնոցը
Սրածայր մուճակներս ո՞ւր աքսորուած են
Խաչն ալ հանուած է գմբէթէն։
Ծիծաղկուն գիւղս ծերացած, կոյր ու հլու
Ականջը տուեր է ալիքներուն, ի՞նչ կը սպասէ.
Ճռուողուն օրօրոց, ճօճուող պարան
Ու  բանալիները իր յիշողութեան՝ տարեր է մշուշը։

Այն օրերուն՝  ինք ալ զիս կը յիշէ՞ր արդեօք։



ՎԵՀԱՆՈՅՇ  ԹԵՔԵԱՆ


Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՀՈՐԻԶՈՆ գրական ամսաթերթին մէջ։


Thursday, November 29, 2012

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ։ Երեք նուռ

* * *

Ծանր ճամպրուկը սրտիդ՝ կայարանին դուրսը
դրիր քալեցիր.
Շոգեկառքը անցաւ փետուրներ թափելով պատուհաններէն
չէի՞ր գիտեր թէ թեթեւ է բեռդ։
Քունի դաշտերու մէջ,  գինով աղբիւրներու մօտ
երկարած էիր։  Յուշիկ ցրուեցան
խնդումերես խնձորներու բոյրը
վարդերու վառվռուն խօսակցութիւնը
հողին կենսաթրթուռ բոյրը
սիրածներուդ մարմրուն խօսակցութիւնը։
Պռաւօ՛, յիշատակներէդ կրցար անխաթար լողալ
հեշտագին է այս պահը, անդորր ու դատարկ։
Գեղանկարներս
կը յանձնեն հովին, ծովին, կրակին,
կարմիր մազերուս փոշին։


* * *

Առանձին բարձրացայ լեռը
Կÿուզէի հասնիլ յաւերժութեան
Յետոյ լեռները գոցուեցան
Միայն մոխրագոյն քարեր մնացին
»Աստուած իմ,  վա՛ր իջնէի
Անմահութեան զաւեշտը՝ Քեզի՛։«

* * *

Անկասկած լուսեղէն օր մը
երբ կասկածի մէջ թաթխուած չեմ,
պիտի գայ հոգէառը
լուսնի դէմքը ձեռքին։
Ուշ  յետմիջօրէին՝ տանս տանիքէն
յորդի պիտի նուռի հիւթը
ու յագեցնէ ծարաւս.
Եկո՜ւր,  կÿըսեմ,  ձեռքդ տո՛ւր։

ՎԵՀԱՆՈՅՇ  ԹԵՔԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2012
Նիւ Ճըրզի

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՀՈՐԻԶՈՆ գրական ամսաթերթին մէջ։

Friday, November 02, 2012

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ; ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԴ ԱՅՑԵԼԵԼԷ ԵՏՔ


Ահեղ կոհակը ջարդի, որ հայածուծ արեան մէջ
Թաթխեց գիւղդ, եւ դուն բոպիկ ու անօթի
Գաղթի ճամբան բռնեցիր քովիկը մօրդ փէշին,
Ի՞նչ գոյն, ի՞նչ ցաւ կը տեսնէիր, Ոստանի՛կ։

Գիւղդ դատարկ է հիմա։ Հարիւր տարուայ ոճրագործի համրութիւն։
Պարտէզները դեռ կանաչ են, բայց հին զմրուխտը չունին.
Աքլորներու, հաւիկներու, դէպի կապոյտ տանող ճամբուն
Յարդի դէզերը պառկած են, իսկ նոճիները կանգնած։

Մայրդ մեռաւ, սակայն երբեք չհեռացաւ կեանքիդ ճամբէն.
Գիւղդ անցաւ յիշողութեան, բայց յուզմանդ երակներով
պատմուճաններ տուիր կեանքի,
պահպանեցիր կենսախտիղ արեգակը Խորգումի,
ջրաղացը, յուշի ցանցը, մօրդ ձեռագործ գոգնոցը։

Այսօր՝ կիներ լաչակաւոր եւ վառվռուն երեխաներ
Հողէ ճամբուն տնակներէն իրենց փափուկ հոգիներով
Կը դիտէին ուխտաւորները նախկին ցեղին,
Երբ Քիւրտն եկաւ ու ըսաւ. «այստեղ Հայեր կ՛ապրէին։«

Պոսթընի մէջ, Նիւ Եորքի մէջ կայնած երկար հասակով
Տըլէ եամա՜՜ն, գոյնին յուզում, ձեւին իմաստ հագցուցիր.
Չափուած-ձեւուած պաստառին վրայ անսահմանը գծելով
Խայտաբղէտ աշխարհին Ոսկեղնիկէն բխած գոյներ նուիրեցիր։

Յորդուն էիր կեանք ու երգով, ու դոփելով
Թաշկինակը ձեռքիդ մէջ, մտքիդ բերքով
Առինքնեցիր նկարիչները տեղացի, ծագէ ծագ.
Բայց դուն Կորքի, ուրի՜շ կերպեր, այլ կարօտներ ունէիր։

Վերջին կոհակը սակայն՝ ոչ ընտանիք, ոչ Աստուած,
ոչ բարեկամդ տեսաւ.
Քեզ հալածեց ու մահաբեր ցուպը ձեռքէն չձգեց։
Երբ միայնակ ու յուսաբեկ՝ վիզիդ պարան կ՛անցընէիր
Արշիլ Կորքի, կեանքէն հոսող ի՞նչ սեւութիւն, սիրտդ
խայթող ո՛ր դրուագը կը սգայիր։

Մարած վարդի հորիզոնէն Վանայ լիճը կը խռովի
թէ ո՞ւր մնաց Ոստանիկը,
Սուրբ Խաչ անքուն ճգնաւորը կապոյտ աղօթք կը ծածանէ.
Ուխտի՛ եկանք շէկ հանճարիդ, դուն կենարար դափնեպսակ
Աշխարհասփիւռ արուեստի։ Դուն գոյներու շարակա՜ն։

Սեպտեմμեր 2012
Նիւ Ճըրզի

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՀՈՐԻԶՈՆ գրական թերթին մէջ։

Thursday, January 17, 2008

Վեհանուշ Թեքեան: ՀՕՐՍ ԱԹՈՌԸ

Նարինջի գանգուր կեղևներ կախու էր են պատուհանի ձողէն
խոհանոցին՝ ու մայրս քարիևղէ օճախը կը վառէ
Կավէ ամանին մէջ մածունը տաք է դեռ
Երկար աստիճանը բերանը դրեր է մարանին՝ ուրկէ ուրուրականներ
կը ճախրեն անծայրածիր ամայի տան մէջ
ժատերնը փլած են քաղաքին ուր կէ արծիվները հեռացան
փեղկերը փետտուեցան հալեցան մայրիի ծառերը
և հիշատակի բհրչվանքը վիրավոր թռչունի պէս
հողէ հող կը թափառի

Հիմա ամէնքս միասին կը քալենք հասկացանք որ երկինքը շատ մեծ է
կը քալենք մեր ձեռքերուն մէջ արիվնամած արմատներ բռնած
թենք գիտեր դեռ քանի հարիվր արև պիտի մարի
մանի՝ միլյոն դիակներ և գերեզմաներու լոյսեր թողուցինք մինչև որ հոս հասանք
ըրոշեցինք ալ արցունքներ չցանել
կեղ տալ փուշերուն որոնք պէտք է բացուին
խօսիլ մեծ վէրքերու մասին որոնք փոքրիկ երկնքին դէմ կը կռույին
Այստեղ արև կայրէ տխրությունս որովհետև չհասկնար անոր տաքությունը
տաքությունը՝ երբ կը դիտեմ հօրս կլոր աթոռը
բազկաթոռը գոց սրճագոյն խսիրով հիւսուած բազմոցով
ուր հայրս իր կարճ սրունքներով և ծովի չափ լայն ճակատով
ձմրան գիշերներուն կը կարդար դժուար կեանքերու մասին
անմահութեան մասին
կը կարդար զանազան լեզուներով որպեսզի չմոռնայ-ինչը-
Նստեր է աթոռին վրայ իր սիրած կարմիր շոռթով
թոռնիկները կը վազեն իրեն
կը բանյ ափերը ուր այբուբենը կրակով փորագրուած է
-Հա’յր կուզէիր հոս գալ կըսեմ
իր աստղափշյուր նայուացքը կ’ընդարձակուի պատուհանէն
Եւ իր յիշատակը սիրտս կուտէ հին քուրմի մը ափին մէջէն։

Copyright Vehanoush Tekian