Showing posts with label Kegham Atmadjian. Show all posts
Showing posts with label Kegham Atmadjian. Show all posts

Thursday, January 28, 2010

Ա. Սեմա։ ՆՈՐ ԶԱՏԻԿ

ԱՄԷՆ րոպէ դար մ'է հիմա
Եւ ամէն դար մէ՛կ ակնթարթ.
Ու դարերու սրտին կ'իյնայ
Հայաշխարհի երգը հըպարտ:
Հոգիէս ներս կ'իյնան մէկ մէկ
Իւրաքանչիւր վանկն այդ երգին,
Եւ նոր կէանքին` ամէնուրէք
Ես կը լըսեմ զարկը ուժգին:
Ինչպէս ժիր ծառն աւիշ կ' առնէ
Արմատներն իր խըրած հողին,
Հայ կէանքն առոյգ արդ կը եառնէ
Արագածի շըքե՛ղ կողին...

Wednesday, January 27, 2010

Ա. Սեմա։ Հայրենաբաղձութիւն

ՀՈՆ, հեռաւոր ու լըքուած, ահե՛ղ ծովու մը ափին,
Ուր հովն իր երգն հընօրէայ դեռ կը նետէ ափերուն,
Կանաչներու մէջ կորած դեռ կ'այ գիւղակն իմ սիրուն,
Գամբռի մը պէս եանձնըւած տիւանդորրի մըրափին...:
Ես կը կարծեմ դեռ տեսնել հսկայ ծառերը խոհուն`
Պարտէզին մէջ օծանուտ բուրէան ցօղովը ցայգին,
Որոնց վըրայ կը լայննար աղօթքի պէս սրբագին`
Զանգն հեռաւոր մատուռին այգուն շողովն ակաղձուն:
Վերադառնա՜լ, ա՛հ ինչպէ՛ս, քու մայրական գգուանքին,
Մոռնալ, այլեւըս մոռնա՜լ պանդուխտի ցաւն ու նորէն
Եղբայրանա՜լ յիշատակ դարձած նախնի՜ մեր կէանքին...:
Գիտեմ, հիմա ա՛լ չըկան հին դէմքերն այն գուրգուրոտ,
Որոնք պիտի աչքերուս մէջ ծովանան ուղխօրէն...
Բայց այդ լալու՜ հաճոյքին հոգիս այնքա՛ն է կարօտ...:

Tuesday, January 26, 2010

Ա. Սեմա։ Զրահաւոր ԳԱՐՈՒՆ

ԾԱՌԵՐՆ իվար, ուսերուս վրայ կը ձիւնէ
Խնձորենին ճերմակ ու վարդ ծաղիկներ.
Իմ հոգիիս խորունկ երազն է բացէր
Գարնան եօյզով ծըլած ծաղիկ մը դժնէ:
Ո՞ր եօյսերուս կամ սէրերուս նըկարէն
Ինկած սերմն է հողին բերրի՜ կիրքերուս`
Որ-ինչպէս լանջքն հողին-հոգին գիրքերուս
Այժըմ պատռած, դէպի երկինքն հըրեղէն...
Դէպի արեւն` աներկեւա՛ն կը դիմէ,
Լըքած ինչ որ երկիրն ունի ձաղկաւէր,
Ինչ որ հոգին օր մը հողին եանձնէ դեռ...
Մինչ կը հատնի կէանքն հին րոպէ առ րոպէ,
Նորոգ կ'էանքի մ'անհուն իղձով զրահաւոր`
Ես այդ լուսեղ ճամբուն ճամբորդն եմ հըզօր:

Monday, January 18, 2010

Séma: Printemps cuirrassé

Dans le tumulte des rues grouillantes de la grande ville,
Un désir, doux comme l'espoir, dominant au fond de mes pensées, accompagnant mes pas,
Comme un marteau frappant l'enclume à chaque mouvement de la flèche de l'horloge,
Poursuit pour moi à chaque instant ta reconstruction, ô ma nouvelle et éternelle patrie.

Je sais que tu n'es pas un rêve, une illusion née de nos aspirations.
Je sais que tu es terre et pierre, ô fournaise de travail et de chant,
Je sais que tu es feu et flamme, que tu es jeune et ardente,
Je sais aussi, terre d'Arménie, que tu es notre antique Eden.

Chaque fleur qui sur ton sein se pare de vives couleurs et de douces senteurs,
Chaque pioche et pelle qui s'enfoncent en toi pour te renforcer le cœur,
Un lambeau de chant suspendu dans l'air, le résonnement d'un mot chargé de sens,
Sont pour moi purs comme un sourire et précieux comme des reliques.

Toi, centre lumineux de mes pensées, mon espoir est une parcelle arrachée à ton cœur.
A cet anniversaire de la nouvelle période de ta millénaire existence,
Un peu triste, mais fier de toi, ô mon pays reconstitué,
Je me sens moins malheureux, moins seul et abandonné.

Monday, November 16, 2009

Ա. Սեմա։ ՁՄԵՌԸ ՑՈՒՐՏ ՄՇՈՒՇՈՎ...

Ձըմեռը ցուրտ մշուշով ներս կը սուզի մանտերէս
Ու հոգիիս կւ հըպի մեռելի ցուրտ մատին պէս,
Օրը հանդարտ կը հակի մայրամուտին ու իր հետ,
Իր մըշուշին պլլըւած, կ'ըլլայ տարին ալ անհետ:

Այսօր ուրախ ու գոհ եմ: Պզտիկներու ծիծաղէն
Ու նոր հարսի պէս պճնած կաղանդի սա՜ սուրբ ծառէն՝
-Որու ճիւղէն առկախուած մեզ կը ժպտին ընծաներ-
Խաղաղութի՜ւն մ'անսահման կը բարձրանայ սիրտս ի վեր:

Կը բարձրանայ սրտէս վեր ու կը հըպի՜ հոգիիս
Մանկութենէս յուշ մը հին, բայց չի յուզեր հիմա զիս.
Քանզի նոր կեանքն է ձըգած արմատներն իր սրտիս խոր:

Ամանորեան նո՛ր կամքով, նո՛ր իղձերով բեռնաւոր,
Հին տարիէն` նո՛ր տարի, խօ՜լ վերելքի ճիգով մենք
Կիսատ թողուած յոյսերու իրագործմա՛ն կը դիմենք...

ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941

Monday, November 09, 2009

Ա. Սեմա։ ՍԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

ԻԶՈ՛ՒՐ կ'ուզեն մտքիս վըրայ հին օրերուն
Տրտում ու հէք յուշերն ընդմիշտ տիրել: Ահա՛
Ես նոր կեանքի անիւին եմ փարած հիմա
Ու նոր իղձեր արդ կը տանին սիրտըս հեռուն...

Հեռու՜ն, հեռու՜ն, հայրենիքիս վերածընող,
Որ կեանք կ'առնէ, եւ նո՛ր յոյզեր, եւ նո՛ր աւիշ,
Եւ ուր սրտերը կը վառեն ջահեր ուրիշ,
Եւ ուր փառքի արդ կը կերտեն ուրիշ կոթող:

Օտար եմ ես կեանքի անել այս ճամբուն վրայ
Ու ա՛լ չըկայ սիրտըս այրող մոծի՜ր մը կրակ,
Ու հէք հոգիս խաւարին մէջ լոյս կը մուրայ:

Երթա՜լ, երթալ ու իյնալ մէջն այդ բոցերուն.
- Խորտակելով սրտիս մտքիս դռները փակ –
Ու խառնուիլ վերածնունդի խօլ երգերուն...:

ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941

Tuesday, November 03, 2009

Ա. Սեմա։ ՀԱՅՐԵՆԱԲԱՂՁՈՒԹԻՒՆ

ՀՈ՜Ն, հեռաւոր ու լըքուած, ահե՛ղ ծովու մը ափին,
Ուր հովն իր երգն հընօրեայ դեռ կը նետէ ափերուն,
Կանաչներու մէջ կորած դեռ կայ գիւղակն իմ սիրուն,
Գամբռի մը պէս յանձնըւած տիւանդորրի մըրափին...:

Ես կը կարծեմ դեռ տեսնել հսկայ ծառերը խոհուն`
Պարտէզին մէջ օծանուտ բուրեան ցողովը ցայգին,
Որոնց վըրայ կը լայննար աղօթքի պէս սրբագին`
Զանգն հեռաւոր մատուռին այգուն շողովն ակաղձուն:

Վերադառնա՜լ, ա՛հ ի՛նչպէս, քու մայրական գգուանքին,
Մոռնալ, այլեւըս մոռնա՜լ պանդուխտի ցաւն ու նորէն
Եղբայրանա՜լ յիշատակ դարձած նախնի՜ մեր կեանքին...:
Գիտեմ, հիմա ա՛լ չըկան հին դէմքերն այն գուրգուրոտ,
Որոնք պիտի աչքերուս մէջ ծովանան ուղխօրէն...
Բայց այդ լալու՜ հաճոյքին հոգիս այնքա՛ն է կարօտ...:

ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941