Ա. Սեմա։ Հայրենաբաղձութիւն
ՀՈՆ, հեռաւոր ու լըքուած, ահե՛ղ ծովու մը ափին,
Ուր հովն իր երգն հընօրէայ դեռ կը նետէ ափերուն,
Կանաչներու մէջ կորած դեռ կ'այ գիւղակն իմ սիրուն,
Գամբռի մը պէս եանձնըւած տիւանդորրի մըրափին...:
Ես կը կարծեմ դեռ տեսնել հսկայ ծառերը խոհուն`
Պարտէզին մէջ օծանուտ բուրէան ցօղովը ցայգին,
Որոնց վըրայ կը լայննար աղօթքի պէս սրբագին`
Զանգն հեռաւոր մատուռին այգուն շողովն ակաղձուն:
Վերադառնա՜լ, ա՛հ ինչպէ՛ս, քու մայրական գգուանքին,
Մոռնալ, այլեւըս մոռնա՜լ պանդուխտի ցաւն ու նորէն
Եղբայրանա՜լ յիշատակ դարձած նախնի՜ մեր կէանքին...:
Գիտեմ, հիմա ա՛լ չըկան հին դէմքերն այն գուրգուրոտ,
Որոնք պիտի աչքերուս մէջ ծովանան ուղխօրէն...
Բայց այդ լալու՜ հաճոյքին հոգիս այնքա՛ն է կարօտ...:
No comments:
Post a Comment