Thursday, January 14, 2010

Նիկողոս Սարաֆեան։ Առաւօտ մը

Անտառին մէջ ամայի, ձմրան առտու մը պայծառ,
Ստեղնաշար մը լոյսի
Ու շուքերու շարժելով, խօլ՝ ծառէ ծառ դուն անցար,
Սէգ քայլերովըդ կոյսի։

Խորհրդաւոր բիւր լարեր կը հնչէին։ Քու արագ
Սրունքներդ ռիթմ մը ներքին
Կը մատնէին ու շարժուն շրթունքներուդ վրայ կըրակ,
Կար տենդոտ սէրը կեանքին։

Արկածալից ու երկար ճամբաներու ուղեւոր,
Դուն թուեցար ինձ տարբեր՝
Այն բոլորէն, որ պզտիկ սէրեր, յոյզեր, ամէն օր
Կ՛երազեն խեղճ հաճոյքներ։

Մենք քալեցինք ծառերուն տակէն փղոսկրէ, վրայէն
Տերեւներուն թաց, ոսկի,
Որ շողալով ոտքիդ տակ, կը հանէին ձայն մը շէն
Մետաքսահիւս քղանցքի։

Քաղաքն հեռու էր մենէ. ժխորն հազիւ կը լսուէր
Ու երկնքէն էր կարծես,
Որ կ՛երթայինք, հողմավար՝ երկուքս մէյմէկ լուր ստուեր։
Կ՛ողողէր մեծ լոյս մը մեզ։

Հոգիս իր բերքը տուած, մերկ էր, հատդարտ՝ հողին պէս
Ու լի, յղի՝ նոր կեանքով։
Ու թուեցաւ ինձ կեանքի դուն այն մաքուր ոգին ես
Որ կը ծաղկի մահուան քով։



ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Ա. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 11, Փարիզ 1939.

No comments: