Showing posts with label Tamar Donabedian. Show all posts
Showing posts with label Tamar Donabedian. Show all posts

Monday, April 10, 2017

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ։ Գիշե՛ր Բարի, Մարիա՛մ…


Ներշնչուած` «Լոսթ պըրտզ» ժապաւէնէն

Արեւը իր հրեղէն շունչը փչեց դէպ՛ երկինք,
Ու կարմիր շղարշը նետեց լեռներու ետին։
Դաշտերուն մէջ, զեփիւռը քնքուշ`
Ցորեանները մեղմ օրօրելով,
Թռչնակի չուերթին հետ օրուան հրաժեշտը տուաւ։

Գիշե՛ր բարի, Մարիա՛մ.
Գոցէ աչքերդ փայլուն. թող մանուկ հոգիդ ճախրէ՜ անկաշկանդ
Դէպի երազդ ծաղկաւէտ, ուր իշխան-իշխանուհի,
Ձեռք ձեռքի տուած` արեւի պայծառ շողերուն ներքեւ,
Թիթեռներուն հետ կ՛երգեն գարունքը մեր աշխարհի։

Քուն եղիր, Մարիա՛մ.
Սիրասուն գլուխդ հանգչեցուր քարեղէն բարձին,
Թող հոգւոյդ մէջ իջնէ շողը աստղերուն
Ու գրկէ տանի քեզ այս քար աշխարհէն,
Դէպի մանկութեան ծոցը լուսեղէն։

Տանի այն դղեակը գունագեղ,
Ուր չկա՜ն չար հողմեր, չկա՜ն ագռաւներ…
Կայ միայն օրհնա՜նք.
Կան աստուածային բոյրը տաք հացին,
Մօր քնքշանքն ու կենսուրախ այտեր ջերմագին։

Տանի հո՜ն` ուր կը լսուին խինդ ու ծիծաղ,
Ուր կապոյտ թռչնակի թաւիշը կը շոյէ դէմքդ գողտրիկ.
Ձեռքդ տուր, Մարիա՛մ,
Ձեռքդ տուր, վազենք դէպի ծիածանը մեր հոգւոյն,
Վազենք դէպի տո՜ւն։

Թորոնթօ

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ԱԶԴԱԿ-ի մէջ։ http://www.aztagdaily.com/archives/332580

Sunday, May 15, 2016

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ։ Վայրկեան

Դուռը կը բացուի
Ու դուրս կը ցայտէ հոտը.
Տարիներու ընդերքէն եկող, կեանք մը ամբողջ իր շալակին`
Կը զարնէ ու կը տապալէ զիս ակնթարթի մէջ,
Կարծես ըսելով. Ո՜չ. չես կրնար մոռնալ զիս։

Աչքս կը բանամ մշուշոտ հեռո՜ւն…
Մոմի լոյսին տակ, մանկութեան գիրկը։
Շուրջս ամբոխը աչքերը վեր յառած կը փսփսայ…
Աղօտ է լոյսը: Սարսուռ մը կը սահի ողնայարս ի վար,
Երբ համրաքայլ կը սկսիմ պտըտիլ։

Նոյն նստարանները.
Նո՜յն լուսամուտերը…
Նոյն հո՜տը…
Կը շնչեմ երկա՜ր… կը շնչեմ խորո՜ւնկ.
Գլխապտոյտը պատած է զիս։

Հո՜ն էր, որ ծունկի եկած էի, ձեռքերս զուգած.
Հո՜ն էր, որ մօրս գիրկէն փախուստ տուի ու վազեցի.
Հո՜ն էր, որ յօնքերը կիտած մամիկ մը յանդիմանեց զիս,
Ուրկէ՞ գտայ այդ փետուրը, որ նետեցի ծնկաչոք ծերունիին ոտքերուն,
Որ գլուխը կախ, լուռ կը մրմնջէր…

Ո՞վ էր զիս ներողը. օ՜հ զանգակը զարնող Հայրապետը…
Որքա՜ն բարձր կը թռչէր այդ զանգակը զարնելու համար։
Հո՜ն էր, այդ նստարանին վրայ, որ կը նստէր մեծ մայրս,
Շղարշը գլխուն, դէմքը կլոր, աչքերը ժպտուն…
Ապշած կը դիտէի բերանը. կզակը անընդհատ կը շարժէր…

Քայլերս մարմին առած` զիս հոս ու հոն կը նետեն.
Հօրս գիրկն եմ ահա, մոմ պիտի վառենք միասին…
Քիչ անդին, քով քովի սեղմ նստած ենք գոգնոցներով գոյնզգոյն.
Գրպանիս մէջ դարձեալ աւազ կայ։
«Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար…»։։։։։։


Դուռը կը փակուի`
Կեանք մը ամբողջ խզելով ու տանելով հետը։
Հոտը կը մնայ…

Monday, April 20, 2015

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ։ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Երբ տակաւին զեփիւռն անոյշ,
Իր գրկին մէջ զիս կ՛օրօրէր,
Ու արեւի քնքոյշ դէմքը
Իր ջերմութեամբ կը պարուրէր
Մանուկ ու վառ, խելառ հոգիս,
Կիրակնօրեայ զանգերուն մէջ երկնային,
Չքնաղ երազ, երկա՜ր քեզ փնտռեցի։

Քեզ փնտռեցի հանապազօրեայ արեւին մէջ լուսաշող,
Գարնանամուտի ծաղիկներուն կապոյտին մէջ արեւկող,
Երամաբար սաւառնող թռչուններու սլացքին
Ու ալեկոծ ծովափին արծաթներուն մէջ անմոռ,
Խաղավայրէ խաղավայր, երբ
Նորափթիթ հոգիս երազներու եթերին մէջ կ՛երերար։

Քեզ փնտռեցի բարձր ու անհոգ քրքիջին մէջ ամեն մանուկի,
Դառն ու վշտոտ արցունքին մէջ ամեն մամիկի,
Խանդող ու շող դէմքին ամեն սիրածի,
Արծաթ ու տաք քրտինքին մէջ ամեն բանուորի,
Քեզ փնտռեցի աչքերուն մէջ բոցավառ
Տունդարձի շեմին՝ ամեն դիւզացնի։

Անվե՜րջ փնտռեցի քեզ, երկինքը պատռող հրթիռներու սուլոցին
Ու քար առ քար վար թափող յիշատակի փշուրներուն մէջ անեղծ,
Երբ ծնկաչոք՝ մանուկ ձայնս բարձրացուցի առ Աստուած,
Սակայն ափսո՜ս, յիշատակի փշուրներուն պէս անեղծ
Ձայնս դողդոջ՝ թաւալգլոր ինկաւ ցած,
Սուլոցներու տարափներուն դէմ յանդէմ...

Ու վերջապէ՜ս, փնտռեցի քեզ հոգւոյս խորը թաքնուած
Տուփիկին մէջ, ուր կը պահեմ բանալին այդ մոգական,
Երազներու, իղձերու... սակայն աւա՜ղ...
Խաղաղութի՜ւն. աշխարհի ծա՞ղրն ես միթէ,
Մի՞թէ քեզ փնտռելու է միայն
Անշարժներու անդաստանին մէջ անծայր...։

Թորոնթօ, 17 յունուար 2015
Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է «Հորիզոն Գրական»-ի յունուար 2015 թիւին մէջ։

Sunday, August 03, 2014

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ։ Երանի՜

… Ու կը մարի վերջին զանգը.
Ելեկտրական լոյսերը կը մտնեն քուն,
Մերկ երկնքին տակ կը մնանք ես եւ դուն.
Կը մնանք մենք ու մեր փոքրիկ անջրպետը:
Անջրպետին մէջ հոգիս ալեկոծ,
Կը տենչայ քուկդ, անդորր ու պայծառ հոգիդ կենսայորդ։

Երանի՜… երանի՜ օր մը,
Քանդէի միտքս խճճող
Ժամանակի թաւալումին հետ կարծրացած հանգոյցները
Վանէի՜ ինձմէ
Դարերու խորքէն դէպ՛ ինձ երկարող ու սիրտս տանջող,
Ազգ իմ, քե՛զ տանջող, անվերջ ճչացող ձեռքերը։

Ձեռքերը կաշի, ձեռքերը ցամաք,
Ձեռքերը փոքրիկ, ձեռքերը գնդլիկ ու փափուկ,
Լոյսի՜ ձեռքերը, յոյսի՜ ձեռքերը…
Ո՜հ, չէ՜, չվանէի՜… գրկէի՜ ամուր, կրծքիս սեղմէի,
Սեղմէի երկա՜ր, սեղմէի անվերջ…ու փայփայէի՜,
Ազգ իմ, քեզ կերտող, ազգ իմ, քեզ պահո՜ղ այդ սուրբ ձեռքերը։

Վազէի՜ ազատ հովիտներուն մէջ խաղաղ,
Հոգիս մաքրէի՜ երկինք սլացող ղօղանջներուն հետ յաւերժ,
Թեթեւանայի՜ կապոյտ ջուրերուն մէջ հայրենի,
Լիցքաւորուէի վերամբարձ լեռներու զօրութեամբ անեղծ,
Լիանայի երկնքի կապոյտովն անվերջ,
Գտնէի անձս ընկուզենիի ծառին տակ պապենի։

Կեանքին նոր բացուած անմեղ ու անհոգ նորածինին պէս,
Դէպի ապագան նայէի ժպտո՜ւն, ազա՜տ, անկաշկա՜նդ,
Նայէի բա՜ց մտքով, բա՜ց աչքերով,
Նայէի մէջս խարսխուած հաւատքով ամուր,
Ու հոն տեսնէի՜, տեսնէի՜ բոցավառ գարունը տիեզերքին,
Ու հոն տեսնէի՜, ազգ իմ, դալարգարունդ լուսաշող։


Զգայի՜ խինդը կապոյտ երկնքին տակ վազող մանուկներուն,
Ըմբոշխնէի ճպուռներուն երգը, երկինք սլացող ծառերուն շրշիւնը,
Գինովնայի փոքրիկ աշխարհս պատած յասմիկներուն քաղցր բուրմունքով…
Ու արեւամուտին`պայծառ արեւի շոգէն յագեցած`
Վազէի կենսուրախ ու թռչէի հօրս գիրկը ապահով…
Ու քուն անցնէի իր անոյշ ձայնով… «Քուն եղի՛ր, բալա՛ս…»։




ԱԶԴԱԿ Յուլիս 24, 2014

Saturday, January 25, 2014

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ: Աղօթք Առաջին

Կէս գիշերուան անդորրին մէջ խորասոյզ,
Ցաւոտ գլուխս լուսամուտէն դուրս,
Նայուածքս յառած անհուն երկնքին`
Տէ՜ր, քեզ կը փնտռեմ։

Այս խառնաշփոթ, ճգնաժամային պահուն,
Երբ մարդու միտքը դիւային,
Աստղածորան երկնքի լոյսը դէն շպրտած`
Մխրճուած է խաւար անդունդի
Ընդերքներուն մէջ.
Երբ մարդու հոգին մթագնած,
Ուրուրի թեւեր հագած
Ահով պատած է տիեզերքն ամբողջ.
Երբ խիղճը, խիղճը մարդկային,
Այդ ոչինչը, այդ ամէ՜ն ինչը
Մռայլ փողոցին անկիւնը նետուած
Աղերսանքը լուռ, աչքերը սառած
Բիբերը վեր, դէպի վեր յառած
Կը փչէ հոգեվարքի իր վերջին շունչը,
Ահա այս պահուն, այս տագնապալից
Լուռ ու մռայլ խաւարին մէջ,
Կը փնտռեմ երկա՜ր, Լոյսդ պայծառ,
Լոյսդ` փարոս, Լոյսդ` փրկիչ,
Ո՜վ ամենակալ։

Զիս ներէ, Տէր, քանզի այսօր
Մէջս բոյն դրած բարկութեա՜մբ է յորդ
Որ կը դիմեմ Քեզ.
Խօսելու ժամը անցած է արդէն,
Վաղուց անցած է… ես պիտի գոռամ.
Պիտի գոռամ լրիւ էութեամբ,
Երակներս բուխ` արեամբ իմ եռուն,
Բազուկներս` լայն, սիրտս`սրսփուն
Պիտի գոռա՜մ…
Պիտի գոռամ, քանի տակաւին
Միւռոնդ դրոշմուած կը մնայ
Ճակտիս ու կուրծքիս, լեզուիս ու ձեռքիս,
Ու գերզգայուն էակիս վրայ…:
Պիտի գոռամ,
Քանի դեռ կը հաւատա՜մ.
Քանի դեռ կը յուսա՜մ
Քանի կը սիրե՜մ
Ու քանի դեռ կա՜մ…
Կը հաւատամ, որ աղաղակս պիտի ճեղքէ լռութեան պողպատեայ պատը ու հասնի դէպ’ Քեզ…
Քեզ հասնի, ո՜վ Տէր։

Լսէ զիս,
Հրաշագործ ու բարերար Տէր Աստուած մեր,
Այն հողանիւթը, զոր ստեղծեցիր,
Մարդ կոչուելու ալ արժանի չէ…
Մարդ կոչուելու արժանի չէ, երբե՜ք:
Ե՞րբ է այն պահը,
Այն հրաշափառ, լուսաւոր պահը,
Երբ խաւարի ընդերքները սուզուած միտքը մարդկային
Քեզ անսալով, պիտի սլանայ դէպ’ վեր
Ու երկնային շողերով մաքրէ
Իր սնապաշտ, պղծուած ներսիդին:
Ե՞րբ է պահը, այն հրաշք պահը
Երբ գուրգուրոտ, փրկարար Ձեռքդ
Ուրուրի թեւերը դէն շպրտելով
Աստուածային շոյանքով պիտ’ պատէ
Մարդու հոգին…մաքրէ՜ հոգին:
Իսկ եթէ հարկ է անպայման ընտրել,
Իսկ եթէ մէ՜կ բան ընտրել է պէտք
Փրկութեանդ արժանաւոր,
Տէ՜ր,
Այդ մէկը թող ըլլայ խիղճը, խիղճը մարդկային։

Ո՜հ, արդէն ուշ է. հայեացքդ դարձուր դէպ’ զայն
Ու զօրութեամբդ ամենակալ
Աստուածային բարութեամբ պատէ
Խիղճը մարդկային,
Թող վերընձիւղուի, թող կենդանանայ
Ու միանգամընդմիշտ ծառանա՜յ
Այն աշխարհասփիւռ «մարդ»-վիշապն ի վեր,
Որուն ժանիքներուն մէջ ծուարած է այսօր
Երկրագունդն ամբողջ… երկրագունդին մէջ`
Կեանքին նոր բացուած քանի՜ երեխայ…
Կեանքի վերջալոյսին` քանի՜ ու քանի՜ դողդոջուն ծերուկ:
Արարիչ Տէրն մեր,
Բարի աչքդ դարձուր խիղճ կոչեցեալին։
Ամէ՜ն։


12.23.2013 Թորոնթօ