Monday, April 20, 2015

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ։ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Երբ տակաւին զեփիւռն անոյշ,
Իր գրկին մէջ զիս կ՛օրօրէր,
Ու արեւի քնքոյշ դէմքը
Իր ջերմութեամբ կը պարուրէր
Մանուկ ու վառ, խելառ հոգիս,
Կիրակնօրեայ զանգերուն մէջ երկնային,
Չքնաղ երազ, երկա՜ր քեզ փնտռեցի։

Քեզ փնտռեցի հանապազօրեայ արեւին մէջ լուսաշող,
Գարնանամուտի ծաղիկներուն կապոյտին մէջ արեւկող,
Երամաբար սաւառնող թռչուններու սլացքին
Ու ալեկոծ ծովափին արծաթներուն մէջ անմոռ,
Խաղավայրէ խաղավայր, երբ
Նորափթիթ հոգիս երազներու եթերին մէջ կ՛երերար։

Քեզ փնտռեցի բարձր ու անհոգ քրքիջին մէջ ամեն մանուկի,
Դառն ու վշտոտ արցունքին մէջ ամեն մամիկի,
Խանդող ու շող դէմքին ամեն սիրածի,
Արծաթ ու տաք քրտինքին մէջ ամեն բանուորի,
Քեզ փնտռեցի աչքերուն մէջ բոցավառ
Տունդարձի շեմին՝ ամեն դիւզացնի։

Անվե՜րջ փնտռեցի քեզ, երկինքը պատռող հրթիռներու սուլոցին
Ու քար առ քար վար թափող յիշատակի փշուրներուն մէջ անեղծ,
Երբ ծնկաչոք՝ մանուկ ձայնս բարձրացուցի առ Աստուած,
Սակայն ափսո՜ս, յիշատակի փշուրներուն պէս անեղծ
Ձայնս դողդոջ՝ թաւալգլոր ինկաւ ցած,
Սուլոցներու տարափներուն դէմ յանդէմ...

Ու վերջապէ՜ս, փնտռեցի քեզ հոգւոյս խորը թաքնուած
Տուփիկին մէջ, ուր կը պահեմ բանալին այդ մոգական,
Երազներու, իղձերու... սակայն աւա՜ղ...
Խաղաղութի՜ւն. աշխարհի ծա՞ղրն ես միթէ,
Մի՞թէ քեզ փնտռելու է միայն
Անշարժներու անդաստանին մէջ անծայր...։

Թորոնթօ, 17 յունուար 2015
Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է «Հորիզոն Գրական»-ի յունուար 2015 թիւին մէջ։

No comments: