Sunday, April 05, 2015

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ: ԿԱՐՄԻՐ ԿԱՐՕՏ


Ճամբո՜րդ, անցա՞ր դուն այն գիւղէն հեռաւոր,
Որ ժայռերուն սերտիւ կառչած վէս կուրծքին՝
Իր քարուքանդ պարիսպներուն դարաւոր
Կը դիտէ շու՛քը ծովուն մէջ տրտմագին.
Ճամբո՜րդ, անցա՞ր դուն այն գիւղէն հեռաւոր։

Տեսա՞ր սուգի տնակները հին ու ցած,
Որոնց սեմին առջև ծերեր կ՚երևին.
Արիւնաներկ մամռոտ պատերն ալ հինցած՝
Ուր մողէզները կը տաքնան արևին.
Տեսա՞ր սուգի տնակները հին ու ցած։

Անցա՜ր վտիտ արահետէն, բարեկամ,
Որ մարգերուն մէջ կը խաղայ գետին հետ,
Կամուրջներով կ՚ընդհատէ զայն շատ անգամ
Յետոյ հեռու՜ն կ՚ըլլայ դաշտին մէջ անհետ.
Անցա՞ր վտիտ արահետէն, բարեկամ։

Ա՛խ, հո՞ն են դեռ այգեստաննե՛րը գիւղին
Ողկոյզներու տակ բեռցուած քաղցրաւէ՜տ
Ու ցորենի անծայր դաշտերը դեղին
Որ ոսկեցո՜լ կը ծփային ալևէտ.
Ճամբո՜րդ, տեսա՞ր այգեստանները գիւղին։

Ու նայեցա՞ր ապառաժին բարձունքէն,
Գիշեր ատեն երբ սիւքը մեղմ կը փչէ
Ու ծովափին վրայ ալեակները կ՚երգեն,
Երբ աւերակ գիւղն իր մա՛հը կը ննջէ… 
Նայեցա՞ր դուն ապառաժին բարձունքէն։

Լուսնակ լոյսով գերեզմաննոցն ալ տեսա՞ր,
Որ ժայռերուն հանդարտ կողքին կը փարի.
Բլրակներու ներքև գետնին հաւասար՝
Կը ննջեն մեր նահատակնե՛րը բարի…
Լուսնակ լոյսով գերեզմաննոցն ալ տեսա՞ր…։

Տարիներո՜վ կարօտն ունիմ սիրագին
Այդ հողերուն, աղբիւրներուն մեղմ հոսան
Այգիներուն, գերեզմանին, լուսնակին
Ու ժայռերուն որ իմ ծընի՛լս տեսան…
Անոնց կարմիր կարօտն ունիմ ախտագին։
Ճամբո՜րդ, անցա՞ր դուն այն գիւղէն հեռաւոր…։


«Կարմիր Գիրքը», Կ.Պոլիս, 1910

No comments: