Showing posts with label Ara Jouharian. Show all posts
Showing posts with label Ara Jouharian. Show all posts

Saturday, July 13, 2019

Արա Ճուհարեան։ ՀՕՐՍ ԳԻՐՔԵՐԸ

խիտ անձրեւները
թրջեր էին հօրս գիրքերը

ես զգուշութեամբ գրկեցի զանոնք
եւ փռեցի տանիքներուս վրայ

սպասեցի արեւներուն
որ գան եւ տանին խոնաւութիւնը գիրքերէն
ապա եկաւ սիւգը
եւ գիրքերուն էջերը թերթատեց
մէկ առ մէկ

մեղուները թողուցին դաշտերուն ծաղիկները
եկան եւ թառեցան
հօրս գիրքերուն վրայ



Արա Ճուհարեան