Showing posts with label Jerusalem. Show all posts
Showing posts with label Jerusalem. Show all posts

Thursday, October 31, 2024

Quote for the month of October «Ո՛ւր ալ մեռնիմ, զիս միայն Երուսաղէմ թաղեցէք…»:



«Ո՛ր քաղաքի մէջ ալ ես վերջին շունչն իմ աւանդեմ,
Առանձնութեան մէջ խոժոռ, թէ սիրելւոյ թեւերուն,
Մարմինս տարէք անհրկէզ` Երուսաղէ՛մ – դէպի տուն-:»




Անել, տոքթ. Կարօ Կարապետեան (1922-2001)


«Մութ ցաւեր», ԱՆԵԼ գրչանունով 1945
«Տեսիլք գինովի» 1949
«Պարը յոյսին» 1955
Հատընտիր Քերթուածներ, Նիւ Ւորք, 1986

Մահէն ամիսներ ետք (2002 մայիս) Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց Անելի բանաստեղծութիւններէն հատընտիր նոր ժողովածու մըն ալ, որ կոչուած էր «Ի լրումն ժամանակի»:

Sunday, October 27, 2024

Կարօ Կարապետեան։ ՅԻՇԷ…

Click here for an audio clip of the poem


Յիշէ՛, խեղճ հոգիս, երբ մընաս մինակ, 

Կոյրերը ամէն – մութ հագած մարդեր,

Մութ՝ գիշերներէն, լոյսերէն անցնող, 

Ծովէն՝ օրօրուող, կեանքի հանդէսէն ։


Յիշէ՛ դուն յաճախ խուլերը նաեւ.

Երգին հովերուն, ծառերուն hեւքին, 

Խոր զանգակներուն, ջուրերուն թափուող, 

Եւ նուագներուն տեսնողն անականջ։


Յիշէ՛ համրը դուն, որ խեղդէ պիտի

Ձայնը հոգիէն շրթներուն իջնող, 

Եւ պայթի ընդմիշտ խանդը իր ուժին,

Մէջն իր ձեւերուն խօսքեր փընտըռող։


Դուն կա՛ղն ալ յիշէ, որ կ'ուզէ քալել

Ու վազել առոյգ մարդոց պէս ամէն, 

Ընել շարժումներ հոգին թարգմանող, 

Բարձրանալ ժայռեր. թռչո՜ւնը ապրիլ։


Յիշէ՛ եւ բոլոր հիւանդներն անզօր.

Զարնըւածներն այն, մարդէն, Աստուծմէն։

Յիշէ՛ ամենուն ցաւերը մըթին, 

Որ քո'ւ եւ անոնց վիշտերը կիսուին ։


Անել


Monday, October 21, 2024

Կարօ Կարապետեան։ Քեզի

Կողքի մը տակ կը դնեմ ինչ որ հրդեհն էր իմ մէջ,
Մութ մնացորդը  ցաւին — ըսպիներուն Հիմա մեծ — ,
Զոր ես կնքել կը խորհիմ, գիշերին մէջ զերթ մատուռ,
Եւ ուզելով ոչ ոքի բանալ դռները անոր։

Կը թղթատեմ երբ մինակ , մէկ – մէկ էջերը Հիմա ,
Երեսներու վրայ  մեռած, ես կը զգամ ցաւը նորէն։
Ցաւը կըրակ  մ՚էր երէկ, այսօր արցունք է միայն ,
Կամ դառնութիւն մ'ահաւոր ուր կը խռիս լռելեայն։

Տողեր կիսատ  կը ծածկեն մերթ մերկութիւնը  սրտին .
Տեղ – տեղ կէտեր միմիայն ՝ երկար ու լուռ , կը խօսին .
Քեզմէ նեղուած , քեզ խաբել կտորներով  ես կ'ուզեմ ։

Խաբելն հրճուանք մ'է կոտրած հոգիին մէջ զօրաւոր.
Ու դուն գիտեմ թէ կիրքով զիս վերլուծես պիտի խոր,
–Դուն առնելու , ես ՝ տալու – ագահներու  մրցումին ։

Անել

Sunday, October 20, 2024

Կարօ Կարապետեան։ Աստ Հանգչի



Իմ գերեզմանը ըլլայ
Հանգիստի տեղ մ՛այնքան պարզ՝
Որքան հոգիս եղաւ բարդ.
Քաղաքէն քիչ մը հեռու,
Առանձնութիւն մ՛որուն վրայ
Հըսկէ մայրի մը տրտում։
Այնքա՜ն խաղաղ ըլլամ ես,
Որքան իմ կեանքս էր կըրկէս։
Այցելուներըս կարդան
Տապանագրի մը փոխան,
Կեանքը հըսկող մայրիին,
Եւ այդ շուքին տակ հանգչող
Խորհուրդը խոր հասկընան։


Անել


Wednesday, April 09, 2014

NAJWAN DARWISH: A Moment of Silence

And what did the Armenians say?

An Umayyad monk
spins wheat and wool above us

Time is a scarecrow


That’s what the Armenians said



This poem was translated by KAREEM JAMES ABU-ZEID and was published in the April 2014 issue of Poetry