Կարօ Կարապետեան։ Աստ Հանգչի
Իմ գերեզմանը ըլլայ
Հանգիստի տեղ մ՛այնքան պարզ՝
Որքան հոգիս եղաւ բարդ.
Քաղաքէն քիչ մը հեռու,
Առանձնութիւն մ՛որուն վրայ
Հըսկէ մայրի մը տրտում։
Այնքա՜ն խաղաղ ըլլամ ես,
Որքան իմ կեանքս էր կըրկէս։
Այցելուներըս կարդան
Տապանագրի մը փոխան,
Կեանքը հըսկող մայրիին,
Եւ այդ շուքին տակ հանգչող
Խորհուրդը խոր հասկընան։
Անել
No comments:
Post a Comment