Թալին Եօզգալայճը։ Անվերնագիր սկզբունք
Հայ Բանաստեղծութեան Համացանցը։ Projet de Poésie Arménienne
Posted by Armenian Poetry Project at 1/05/2013 07:00:00 AM 2 comments
Labels: Talin Özkalaycı Dökmecioğlu, Turkey
Լուռ գիշերուան մթութեան մէջ տենդագին
Երբ կը նստէի առանձին, հաշուեյարդար մը ըրի
Ու աւելի լաւ ըմբռնելու համար, կեանքին իմաստը խորին
Ապրած օրերս մէկ մէկ աչքիս առջեւէն անցուցի։
Տեսայ բազում մարդիկ, դրամով ազնուացող,
Հագուստով, տունով, գոհարեղէնով մարդացող
Մեծ խնջոյքներ տեսայ, ընկերներու հասցէին սարքուող,
Պերճաշուք խրախճանքներ
Եւ դիմակներու ետեւէն արտայայտուած
Անոյշ խօսքեր իմացայ,
Սրտի բուն աղքատութիւնը ես անոնցմէ սորվեցայ
Եւ սէրերը, բարիքներու անկեղծ անուանուող
Ցեխոտ վատութիւններու մէջ խեղդուած գտայ։
Ու ատեցի մարդը մարդը չեղող, կերպարանքէ բաղկացող
Ատեցի սերը, իմաստը գիրքերու մէջ բանտարկուող,
Ազնուացուող, ներբողուող ու բարձրացուող։
Ես այդ մէկը փողոցներու մէջ բոպիկ ոտքով պտտող։
Դողացող, կիսաբաց ափերով գթութիւն մուրացող
Տգեղ, տգէտ, քանելի խօսքերով կից զարնուող
Չգանգատող, անմեղ խնդումներով միշտ ժպտող
Այն ցաւոտ աչքերուն մէջ պահուըտած գտայ։
Եւ ոչ սերը
Այլ պատճառած հաճոյքը, վիշտը, տենչը յարգեցի
Եւ առանց այլեւայլի
Մօր մը պէս, քրոջ մը պէս
Ապրուող, զցացուող, զոհողութեամբ սրբացող,
Պտաշարժ ու վշտաչարչար այն մեծ ուժը սիրեցի։
Չնդունեցի պարզուած դրօշակներով փառաւորուած
Ազատութեան եւ անկախութեան ոգեւոր ցնծութիւնները։
Ես կերպասի մը հովանաւորութեամբ չսահմանուող
Գաղափարները պաշտեցի։
Պերճ հագուստներու, շքեղ տուներու շուքին տակ չի ծածկուած
Քուրջերու մէջ նշմարուող իսկական ազնուութեան հոգի տուի։
Եւ ոչ ճիւղը, ոչ պտուղը հոյակապ ծառերուն
Այլ ծառը ծառի վերածող ու ցեխին մէջ մխրճուող
Անտեսուող ու զանց առնուող արմատները սիրեցի
Իմաստը այսպէս ըմբոշխնեցի։
Կեանքը կեանքի, սէրը սիրոյ, ազնուութիւնը արաքինութեան վերածող
Մտածումները ընտրեցի։
Ու ծանրացած խոհերով նստած սենեակիս մէջ մեկուսի
Այս խաբուսիկ աշխարհէն մեկնումի ժամս երբ խորհիմ
Թող զիս թաղէն քերթուածներուն, բառերուն մէջ այն խորին
Վայելելու համար ուժգնօրէն, նուիրական իմաստները վերստին
Թող զիս թաղեն առանց դագաղի, խառնուիմ մէջը մերկ հողին
Եւ ձգեն որ հանգիստ վերածուիմ արմատին, հիմն եւ բուն կեանքին
Պզտիկութիւններէ, վատութիւններէ, կեղծիքներէ փրկուած
Թող անբիծ քար մը ըլլամ, մեծանամ, բարձրանամ ու հսկայանամ
Լերան մը պէս առանձին
Ու գէթ քայլ մը, գէթ գայլ մը եւս մօտեցած ըլլամ
Երկնային սուրբ բարձունքներուն մէջ շողշողող
Իսկական արժէքներու, սիրոյ եւ կարեկցութեան հայրիկին։
ԹԱԼԻՆ ԷՕԶԳԱԼԱՅՃԸ - ՏԷՕՔՄԷՃԻՕՂԼՈՒ
Many thanks to Sevan Ataoglu for informing the APP about this talented poet. Talin Özkalaycı Dökmecioğlu recently passed away in Istanbul.
Արամեան Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ բանաստեղծութեան յատուկ երեկոյ մը պիտի կազմակերպուի ողբացեալ Տիկին Թալին Էօզգալայճը Տէօքմէճիօղլուի յիշատակին։ Թուական։ Ուրբաթ 2 Մայիս 2008, Յաղորդակցութիւն։ 0216.336.07.90 - Քրիստին Տէլլալօղլու։
Posted by Armenian Poetry Project at 4/22/2008 07:16:00 AM 0 comments
Labels: Talin Özkalaycı Dökmecioğlu, Turkey
APP and its producer, Lola Koundakjian, retain the right to accept or reject any poetry submission(s) based on the criteria provided by the project description.
Send your comments to armenianpoetryproject[at]gmail[dot]comFollow us on Twitter: @armenianpoetry
Click here for our 15th anniversary clip on youtube.com
We would like to know more about you! Thank you for participating. ARMENIAN POETRY PROJECT QUICK SURVEY