Showing posts with label Dzadour Berbérian. Show all posts
Showing posts with label Dzadour Berbérian. Show all posts

Friday, June 30, 2017

Quote for the month of June 2017

Ձօն 
Անոնց՝ որ ինկան,
բայց չմեռան…


ՈՒԽՏ

Գանակոծուած մեռելներուս քով ծունկի,
Ես՝ վերապրող որբ մը անտէր, ուխտեցի.
Գրել բոլոր չարիքներն այն ահաւոր,
Որ գործուեցան ամէն վայրկեան, ամէն օր։


Ծատուր Պէրպէրեան (1901-1995)

Monday, June 26, 2017

Ծատուր Պէրպէրեան։ Խոստովանանք

Իրիկուն էր , եւ ամէն կողմ լռութիւն,

Խաւար կր տիրէր.
Փողոցն ամբողջ քաղաքին ծոցն անհուն
Հանգիստ, անտարբեր։

Ու ես անվերջ երազներուս հետ այդ օր 
Տրտում, վշտահար, 
Կը քալէի ճամբորդի պէս ուխտաւոր 
Մինակ , մայթէն վար։

Ըստուեր մր յանկարծ խորհրդաւոր, դոդահար,
Այդ ուշ գիշերին'
Դէմըս կեցած սէր ու ադօթք կր կարդայ,
Հոգւոյս տրտմագին։

Հայուհի մ'էր սեւ աչերով, սեւահեր,
Որ այդ իրիկուն,
Անկեղծօրէն իր սէրն ինծի կր յայտնէր 
Սրտով մ'երազուն։

- Եթէ գիտնաս թէ կը սիրեմ որքան քեզ.
Ո՛վ իմ սիրական, 
Կը խորհիմ թէ դուն ալ պիտի զիս սիրես 
Մինչեւ յաւիտեան։

(Մարսիլիա, 1927)

Առաջին անդամ հրատարակուած «Հայ Գիր» ամսապիրին մէջ,
1927ին, Մարսիլիա:

Sunday, February 21, 2016

Ծատուր Պէրպէրեան։ Ուղեգիծ

Պիտի խօսիմ, կարդամ եւ գրեմ։ Բայց մայրենի լեզուովս։֊

Պիտի աշխատիմ, երգեմ եւ ստեղծագործեմ։ Բայց քաղաքակրթութեան համար:

Պիտի հաւատամ, յուսամ եւ երազեմ։ Բայց միշտ տոկալով:

Պիտի հերկեմ, սերմանեմ եւ տափնեմ։ Բայց միշտ հսկելով որ ծլին ու ծաղկին։

Փոխան ջուրի , այս բոլորին ալ սրտէս ու հոգիէս բան մը պիտի տամ։

Եթէ յաջողիմ ուղիս վերջացնել այս ձեւով, այդ պիտի ըլլայ ինծի աղուոր երազի մը իրականացումը ։ Նաեւ ընծայ մը Հայոց աշխարհի մշակոյթի տաճարին։ որուն կ՛երկրպագեմ ջերմօրէն։

Փարիզ, 1930

Saturday, February 20, 2016

Գիրք մը - հեղինակ մը՝ Ծատուր Պէրպէրեան (1901-1995)

Սիրելի ընթերցողներ՝ 

Բացիկներ արձագանգներ գրքէն կը ներկայացնենք այս բանաստեղծութիւնը։

ԵՐԲ ԵՍ ՄԵՌՆԻՄ…



Երբ որ մեռնիմ օր մը ես, առէք տարէք հայ թաղին
Գերեզմանոցն ու անձայն, զիս յանձնեցէք մայր հողին։
Զի ան սուրբ է, անեղծ է, ու արիւնն իմ աղի պէս
Պիտի պահէ ծոցին մէջ, ընդելուզէ վերջնապէս:

Դագաղս երբ յամրօրէն իջնէ փոսը ցրտաշունչ,
Մէյ մէկ ափ հող ցանեցէք ու հեռացէք անտրտունջ:
Ոչ կենսագիր, ոչ աղօթք, ոչ ալ յուզում, այլ միայն
Վարդ մը դրէք շիրիմիս, որ ժպտի ինձ լռելեայն։

Զի ես երբեք չեմ տեսած ոչ մէկ ժպիտ կամ խօսքեր
Որ ջանային սփոփել ցաւերս լուռ, կարեվէր։
Բայց հակառակ բարութեանս, սուր սլաքներ ստացայ։
Սլաքներ սուր, կեռ, որոնք՝ խոցեցին զիս անխնայ։

Ես չեմ ուզէր որ ատոնք մօտենան հողաթումբիս,
Ու շպարուած բառերով հեղ մը եւս խոցեն զիս։
Թող ձգեն զիս որ բաժնեմ ցաւերը մեր սուրբերուն,
Որոնք ինկան ձեռընկապ, Ապրիլեան սեւ օրերուն։

Փարիզ, 1986






Բացիկներ Արձագանգներ
Տպագրիչ : 
Imprimerie Poréba - Paris
 1990