Saturday, February 20, 2016

Գիրք մը - հեղինակ մը՝ Ծատուր Պէրպէրեան (1901-1995)

Սիրելի ընթերցողներ՝ 

Բացիկներ արձագանգներ գրքէն կը ներկայացնենք այս բանաստեղծութիւնը։

ԵՐԲ ԵՍ ՄԵՌՆԻՄ…



Երբ որ մեռնիմ օր մը ես, առէք տարէք հայ թաղին
Գերեզմանոցն ու անձայն, զիս յանձնեցէք մայր հողին։
Զի ան սուրբ է, անեղծ է, ու արիւնն իմ աղի պէս
Պիտի պահէ ծոցին մէջ, ընդելուզէ վերջնապէս:

Դագաղս երբ յամրօրէն իջնէ փոսը ցրտաշունչ,
Մէյ մէկ ափ հող ցանեցէք ու հեռացէք անտրտունջ:
Ոչ կենսագիր, ոչ աղօթք, ոչ ալ յուզում, այլ միայն
Վարդ մը դրէք շիրիմիս, որ ժպտի ինձ լռելեայն։

Զի ես երբեք չեմ տեսած ոչ մէկ ժպիտ կամ խօսքեր
Որ ջանային սփոփել ցաւերս լուռ, կարեվէր։
Բայց հակառակ բարութեանս, սուր սլաքներ ստացայ։
Սլաքներ սուր, կեռ, որոնք՝ խոցեցին զիս անխնայ։

Ես չեմ ուզէր որ ատոնք մօտենան հողաթումբիս,
Ու շպարուած բառերով հեղ մը եւս խոցեն զիս։
Թող ձգեն զիս որ բաժնեմ ցաւերը մեր սուրբերուն,
Որոնք ինկան ձեռընկապ, Ապրիլեան սեւ օրերուն։

Փարիզ, 1986






Բացիկներ Արձագանգներ
Տպագրիչ : 
Imprimerie Poréba - Paris
 1990

No comments: