Showing posts with label Hilda Kalfayan. Show all posts
Showing posts with label Hilda Kalfayan. Show all posts

Saturday, March 19, 2011

Հիլտա Գալֆայեան

Հիլտա Գալֆայեան։Սփիւռք


Կարօտներէս դարաւոր ու իղձերէս
Զաւակ մը ծնայ
        Անունն օտար դրի
Քանի կարօտն ինչ է չի գիտեր

Նախնիքներուս վէրքերէն ու արիւնէն
Զաւակ մը ծնայ
       Անունը ցաւ դրի
Քանի նախնիքն ով է չի ճանչնար

Հայրենի ծագերէ բերուած շունչով
Զաւակ մը ծնայ
       Անունն անբախտ դրի
Քանի հայրենիքն ինչ է չի գիտեր

Մեսրոպակերտ տառերով -- հրաշալի
Զաւակ մը ծնայ
Անունը որբ դրի
Քանի հայ գիրն ինչ է չի ճանչնար

Վերազարթումի բիւր փորձերէս
Զաւակ մը ծնայ
       Անունը զոհ դրի
Քանի ամէն վերյառնումին հարուած կերաւ սմքեցաւ

Ախ, զաւակ մը ծնայ
Որ հաւատքն ինչ պայքարն ինչ է
Գոյատեւումն ինչ է չի գիտեր։


Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը Գրականութիւն, Հատոր Բ, 1920-1980

Friday, March 18, 2011

Հիլտա Գալֆայեան։Մեծասքանչ

Այս իմ լեզուս է
Զոր զաւակներս կը խօսին դեռ
Թոռներս կը հասկնան հազիւ
Իսկ թոռան թոռներս
     -աշխարհաքաղաքացի-
Պիտի բարեւեն հիասքանչ
Ցուցադարաններուն մէջ թանգարաններու
Արեւմտեան կողմն աշխարհի։


Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը Գրականութիւն, Հատոր Բ, 1920-1980

Thursday, March 17, 2011

Հիլտա Գալֆայեան։Վերադարձ



Փնտռեց
Շատ փնտռեց
Հայրենիքի կորուստով կորսուած
Իր արմատները փնտռեց
Եւ վերջապէս
Ազգային ճաշատեսակի
Մէկ նմոյշին մէջ գտաւ։

Հիլտա Գալֆայեան

Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը Գրականութիւն, Հատոր Բ, 1920-1980

Friday, May 25, 2007

Հիլտա Գալֆաեան։ Բանաստեղծը Միայն

Բոլորն ալ նոյն տեղերէն անցան
Սակայն բանաստեղծն է միայն
Որ տեսաւ ու բարբառեցաւ այն
Ինչ որ միւսներն իրմէ յետոյ
Հազիւ տեսան հասկցան
Ու բանաստեղծն է միայն
Որ առանց տեսնելու ալ իմացաւ ու բարբառեցաւ այն
Ինչ որ միւսներն իրմէ յետոյ ալ չհասկցան։



Հիլտա Գալֆաեան «Լեզուէն Անդին» Փարիզ 1980